Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Դատ Բացաւ Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին Մօտ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դիւանը կը տեղեկացնէ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը երէկ` երեքշաբթի, 28 ապրիլ 2015-ին դատ բացաւ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ` պահանջելով Սիսի իր պատմական կաթողիկոսարանին վերադարձը: Քաղաքական պայմաններու հետեւանքով կաթողիկոսութիւնը Կիլիկիոյ զանազան շրջաններուն մէջ հաստատուելէ ետք 1295-ին իր կայքը հաստատած էր Կիլիկիոյ թագաւորութեան մայրաքաղաք Սիսի մէջ: 1921-ին Օսմանեան թուրք կառավարութիւնը երկու օրուան պայմանաժամ տուաւ Սահակ Բ. Խապայեան...




















