«Հայոց ցեղասպանութեան Ճանաչումն ու հատուցումը նոր հորիզոններու եւ մարտահրաւէրներու դիմաց» ընդհանուր խորագիրին տակ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տեղեկատուական գրասենեակի կազմակերպած նախաձեռնութեան առաջին քայլը տեղի ունեցաւ երէկ` երեքշաբթի, 30 յունիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ` բարձր հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Հիմնականին մէջ «Սիսի կաթողիկոսարանի դատին զարգացումները» գլխաւոր խորագիրով ընթացող այս քայլերուն առաջինը հրապարակային դասախօսութիւն մըն էր, որ ներկայացուց փրոֆ. Թաներ Աքչամ` կեդրոնանալով առաւելաբար Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեանց հանգրուանային զարգացումներուն, դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ առնչակից մտահոգութիւններուն վրայ: Ձեռնարկին բացումը կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի լուսարարապետ Սիփան Ծ. վրդ. Քեչէճեան:
Անգլերէնով արտասանած իր ողջոյնի խօսքին մէջ, Սիփան Ծ. վրդ. Քեչէճեան հակիրճ տողերու մէջ ներկայացուց օրուան բանախօս փրոֆ. Թաներ Աքչամին կենսագրական գիծերն ու իրագործումները: Ապա ան խօսքը փոխանցեց փրոֆ. Աքչամի:
Աւելի քան մէկ ժամ տեւած իր զեկուցումին մէջ, փրոֆ. Աքչամ անգլերէնով հանգամանօրէն ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան հանգրուանային զարգացումները, դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու հիմնական դժուարութիւնները` թուելով այս ուղղութեամբ աշխատած ու աշխատող գլխաւոր ակադեմականներն ու մասնագէտ պատմաբանները, ինչպէս`Հայկազուն Ղազարեան, Վահագն Տատրեան, Ռիչըրտ Յովհաննիսեան եւ ուրիշներ: Ան յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան մասին առաջին արտայայտուողները եղան վերապրողները` իրենց յուշագրութեանց ճամբով, ինչպէս` Արամ Անտոնեան, հայր Գրիգոր Կէրկէրեան (ծանօթ` Գրիկեր գրչանունով) եւ այլն:
Փրոֆ. Աքչամ պատմական փաստագրեալ հրամանագիրներու պատճէներով ու տեղեկութիւններով պարզեց թրքական կանխամտածուած քայլերը Ցեղասպանութեան գործադրութեան մէջ, թուելով օրինակ` օրուան ներքին գործոց նախարար Թալէաթի յուշերէն կարեւոր ու խիստ գաղտնի հրամանագիր-շրջաբերականներ, թրքական պատերազմական ատեանի ցարդ ձեռնտու տեղեկութիւնները եւ այլն.:
Անդրադառնալով թրքական մերժողական կեցուածքին ու անտարբերութեան` փրոֆ. Աքչամ նշեց թուրք մտաւորականութեան մօտ տիրող թեր ու դէմ կեցուածքները Հայոց ցեղասպանութեան գծով: Ան նաեւ պատմական ակնարկով նշեց Լեմքինի վարկածը ցեղասպանութեան եզրին շուրջ: Փրոֆ. Աքչամ այս առիթով մտահոգութիւն յայտնեց առնչակից փորձագէտներու «ծերացման» իրողութեան ու յատկապէս զանոնք ատակ տարրերով փոխարինելու եւ մարդուժի պակասին գծով: Ապա ան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն, որոնց ծիրին մէջ ի պատասխան «Ազդակ»-ի հարցումին` թրքական պատմագէտներու յանձնախումբի կազմութեան առաջարկին եւ հայութեան ճանաչումէն հատուցում եւ դէպի իրաւական դաշտ պահանջատիրութեան մասին, փրոֆ. Աքչամ յայտնեց, որ ներկայիս նշեալ յանձնախումբին մասին կոչերը նուազած են` ողջունելով ու զօրակցելով հայոց պահանջատիրութեան դէպի իրաւական դաշտ ուղղուելու քայլին:
Այս առիթով իր սրտի խօսքը փոխանցեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը` բարձր գնահատելով փրոֆ. Աքչամի Հայ դատին ի նպաստ ծառայութիւնները: Վեհափառ հայրապետը նաեւ ծանօթացուց Սիսի կաթողիկիոսարանի պահանջով պաշտպան փաստաբան Ճեմ Սոֆու Օղլուն, որ հիւրաբար ներկայ էր ձեռնարկին: «Պատմութիւնը կը հիմնուի փաստագրեալ իրողութիւններու եւ ոչ թէ ենթադրութիւններու վրայ», շեշտեց Արամ Ա. կաթողիկոս` բարձր գնահատելով այս գծով փրոֆ. Աքչամի եւ իր նմաններու տարած աշխատանքը: Անգլերէնով ու ապա հայերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ, վեհափառ հայրապետը շեշտեց ամենայն յանձնառութեամբ ու լրջութեամբ աշխատելու կարեւորութիւնը: