Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարցազրոյց` Հայաստանի Մէջ Ելեկտրական Հոսանքի Գինի Բարձրացման Դէմ Շարժումին Մասին

July 2, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

7+01-15_harout1 յուլիս 2015-ին «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց հայրենի գրող, հրապարակախօս եւ «Մայրամուտ, որը հարկաւոր է կասեցնել» գիրքի խմբագիր Յարութիւն Յարութիւնեանի հետ: Հայաստանի մէջ ելեկտրական հոսանքի գինի բարձրացման դէմ շարժումին վերաբերող հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:

Խօսելով ընդհանրապէս քաղաքացիական շարժումներու եւ մասնաւորաբար Հայաստանի համար այդ շարժումներուն կարեւորութեան մասին` Յարութիւնեան յայտնեց, որ նշեալ շարժումները անհրաժեշտութիւն են, եւ շատ կարեւոր է այն հարցը, թէ անոնք ինչպիսի՛ նպատակներ դրած են իրենց առջեւ, իսկ Հայաստանի նման միատարր եւ փոքր երկրի մը համար շատ աւելի կարեւոր է, որ այդ նպատակները կապուած ըլլան ժողովուրդի բարեկեցութեան: Ան նշեց, որ այն ինչ որ այսօր տեղի կ՛ունենայ անկեղծ պոռթկում մըն է, որ չի պարունակեր արտաքին որեւէ միջամտութիւն: Ան աւելցուց, որ նշեալ պոռթկումը ազնիւ, սպասուած եւ կուտակուած պոռթկում մըն էր, որուն հիմնական խնդիրը 7 դրամի յաւելման հարցը չէ, այլ ատիկա ընդամէնը պոռթկումին յանգեցնող խայծն է:

Յարութիւնեան նշեց, որ ցոյցը տեղի ունեցաւ Բաղրամեան պողոտային եւ ոչ թէ ցոյցերու աւանդական վայր Ազատութեան հրապարակին վրայ, որովհետեւ այդ հրապարակին վրայ կարելի է կատարել երկարատեւ ցոյց եւ իշխանութիւնը կրնար անտեսել զայն: Հասարակութիւնը հասկցաւ, որ իր ձայնը լսելի դարձնելու համար հարկ է ցոյցը «մաշկին մօտեցնել»:

Ինչ կը վերաբերի ցոյցի առաջին օրուան միջադէպին, Յարութիւնեան նշեց, որ տեղի ունեցածը ոստիկանութեան եւ ցուցարարներուն միջեւ բախում մը չէր, այլ ոստիկանութեան կողմէ յարձակում, որուն պատճառով ցուցարարներուն թիւը մեծցաւ, եւ իշխանութիւնները զգացին, որ այդպէս չեն կրնար վարուիլ:

Ան ընդգծեց, որ այս շարժումին պէտք է գուրգուրանք, որպէսզի օտարները չգուրգուրան: Յարութիւնեան համոզում յայտնեց, որ շարժումին անդամ երիտասարդներուն մեծ մասը պիտի ըլլան մեր ապագայ քաղաքական ղեկավարները:

Հարցազրոյցին տեսերիզը

 

Նախորդը

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութիւն. Գարակէօզեան Ամառնային Դպրոց 2015-ի Հանդիսաւոր Բացում

Յաջորդը

Վահան Յովհաննիսեանի «Մանտիլիոն» Եւ «Մայրամուտ, Որը Հարկաւոր Է Կասեցնել» Գիրքերուն Շնորհահանդէսը

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.