«Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան խումբի անդամ Դաւիթ Սանասարեան երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ պիտի փորձեն նոր առաջարկներ, նոր քայլեր ներկայացնել եւ ստանալ ժողովուրդին հաւանութիւնը:
«Շուտով այստեղ կ՛ըլլան վարուելակերպի կանոններ, մենք ամէն ինչ պիտի ընենք, որպէսզի շարժումը զերծ մնայ ամէն տեսակ սադրանքներէ: Բացի կազմակերպչական աշխատանքներէ, ստեղծուած են խումբեր, որոնք պիտի կայացնեն քննարկումներ, որոնց արդիւնքով նոր առաջարկներ պիտի ներկայացնեն», ըսաւ Սանասարեան:
Անդրադառնալով պահանջներուն, ան նշեց, որ ոչինչ փոխուած է` կը պահանջեն Հանրային ծառայութիւնները համակարգող յանձնախումբի 17 յունիսի որոշումը չեղեալ յայտարարել, ելեկտրական հոսանքի նախկին սակը վերատեսութեան ենթարկել` նուազեցման նպատակով, 23 յունիսին ուժ կիրարկած ոստիկանները պատասխանատուութեան ենթարկել. ասոնց շուրջ ալ համախմբուած են` մէկ կողմ դնելով կուսակցական դրօշները:
«Ասիկա, անշուշտ, քաղաքական հարց է. կը դիմենք իշխանութեան, խնդիրը կապուած է իշխանութեան եւ այլ իշխանութեան մը հետ: Կը խնդրեմ, մի՛ վախնաք քաղաքական բառէն, այստեղ ոչ ոք կը տեսնէ կուսակցական աշխատանք: Ես անձամբ Ժառանգութիւն կուսակցութեան մամլոյ բանբերն եմ, բայց ես ինծի պիտի չարտօնեմ, որ ոեւէ մէկը գայ այստեղ կուսակցական աշխատանք տանի, ասիկա համաքաղաքացիական հարց է, եւ մենք թոյլ պիտի չտանք, որ կուսակցական շահերը բախին», ըսաւ Սանասարեան` նշելով. «Ոչ ոք ղեկավար կը նշանակենք, ոչ ոք քաղաքական բարենիշներ կը ստանայ, Հայաստանի քաղաքացիին առջեւ ծառացած խնդիրին լուծումը կ՛ուզենք գտնել: Կարեւոր չէ, թէ ի՛նչ նախաձեռնութեան եւ ի՛նչ կուսակցութեան անդամ էք, եկէ՛ք, օգնեցէ՛ք»:
Ան նաեւ խօսքը ուղղելով Հայաստանի ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանին ըսաւ. «Մի՛ փորձէք անգամ մը եւս նուէրի թելեր մեզի մատուցել, թէ իբրեւ թէ ձեր բարի կամքին դրսեւորումն է, որ քայլերու չէք ձեռնարկեր: Այստեղ կայ քաղաքացիներու ուժ, որ 5,10,15 հոգի են, բայց բոլորը շատ լաւ կը հասկնան, որ եթէ ուժ գործադրուի, հակառակ ուժ պիտի գործադրուի նաեւ քաղաքացիներուն կողմէ»:
Ան նշեց, որ եթէ իշխանութիւնները չլսեն ժողովուրդին ձայնը, շարունակեն ոտնակոխել ժողովուրդին շահերը եւ չկատարեն պահանջները, օր մը պիտի դրուի իշխանափոխութեան խնդիրը:
«Ատոր համար կը դիմեմ ժողովուրդին` իշխանութեան նետած կուտը մի՛ վերցնէք», ըսաւ Սանասարեան:
Այվազեան. «Այդ Ո՞ր Երկրին Մէջ Կրնար
Կեդրոնական Փողոցը Այդքան Փակ Մնալ»
Ազգային ժողովի տնտեսական յանձնախումբի նախագահ, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան անդամ Վարդան Այվազեան երէկ լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ. «Հասարակական շարժումը, որ կը բողոքէր ելեկտրական հոսանքի սակի բարձրացման դէմ, արդարացուած է: Երբ բողոքը այդպիսի մեծ թափ ստացաւ, Հայաստանի նախագահը արձագանգեց այդ անվստահութեան եւ յստակ ըսաւ, որ մասնագէտները իրեն ըսած են` հոսանքի գինին բարձրացումը արդարացուած է, բայց քանի որ հանրութեան մէջ կայ լրջագոյն անվստահութիւն եւ մեծ զանգուածը կ՛ըսէ թալան եղած է, նախագահը յայտարարեց, որ առայժմ կը սառեցուի հոլովոյթը եւ կառավարութիւնը կը փոխհատուցէ ծախսերը: Նախագահը ըսաւ` եթէ թալանած են, թող յանցաւորները պատժեն: Եթէ կազմակերպութեան ապաշնորհութեան պատճառով է, եկէք ազգայնացնենք այդ կազմակերպութիւնը», նշեց Այվազեան եւ համոզում յայտնեց, որ նախագահին առաջարկած տարբերակը լաւագոյնն է այս պարագային:
Պատասխանելով այն դիտարկման, թէ տպաւորութիւն կայ, որ իշխանութիւնը այս քայլով ժամանակ կ՛ուզէ շահիլ, Վարդան Այվազեան պատասխանեց. «Որո՞ւն ձեռքը բռնուած է, կրնան նաեւ յետոյ փողոց գալ: Այդ ո՞ր երկրին մէջ կեդրոնական փողոցը կրնար այդքան փակ մնալ: Ըսենք Շանզելիզէն փակեն: Ձեր հօր Աստծուն մեռնիմ, միայն հանդարտ եղէք»: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք կարելի՞ է կասեցում ըլլայ, քանի որ Բաղրամեանը կը շարունակէ փակ մնալ, Այվազեան ըսաւ, որ Հանրային ծառայութիւնները համակարգող յանձնախումբը կ՛ըսէ` վաղն իսկ կրնամ կասեցնել, բայց այդ դրամը ո՞վ պիտի տայ: