Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մինի Մարաթոն-2015»-ի Ծիրին Մէջ, 250 Մասնակիցներ Իրենց «Ո՛չ»-ը Ըսին Ընկերութիւնը Կործանող Ախտին` Թմրամոլութեան

June 29, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-28-15_hor-1Հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, կազմակերպութեամբ «Հորիզոն» թմրամոլութեան կանխարգիլման եւ նախազգուշական գրասենեակին, երէկ`  կիրակի, 28 յունիս  2015-ին տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի «Մինի մարաթոն -2015» վազքի մրցումը` «Միասնաբար վազենք թմրամոլութեան դէմ» նշանաբանով:

«Մինի մարաթոն-2015»-ի վազքի մրցումի երկարութիւնը 2.5 քմ էր եւ ընթացք առաւ առաւօտեան ժամը 8:45-ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին առջեւէն եւ աւարտեցաւ Պուրճ Համուտի հրապարակը:

Մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերին շուրջ 250 հայորդիներ, որոնց շարքին` վարժարաններ, միութիւններ, ՀՅԴ, ԶՈՄ-ը, ԼԵՄ-ը, Լիբանանի պատանեկան միութիւնները, նաեւ անհատներ:

Նախքան մրցումը, Վարդան Ազնաւորեան բացատրութիւններ տուաւ մասնակիցներուն մրցումին մասին: Մասնակիցները բաժնուեցան երկու խումբի` կրտսերներ եւ երէցներ: Անոնք մեծ խանդավառութեամբ վազեցին Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ եւ կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին հասան Պուրճ Համուտի հրապարակ:

Կազմակերպիչ մարմինին անունով Վարդան Ազնաւորեան շնորհակալական խօսք ուղղեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, նաեւ բոլոր մասնակիցներուն: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց 4 հայորդիներուն, որոնք մաս կազմեցին քարոզարշաւին` երգիչներ Կարօ Կապուտակեան եւ Հրաչ Կայծակեան, նաեւ ՀՄԸՄ-ական մարզիկներ Նաթալի Սվաճեան եւ Սեւակ Քեթենճեան: Այնուհետեւ Վարդան Ազնաւորեան բեմ հրաւիրեց Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Ճորճ Գրիգորեանը, վեթերան մարզիկ Լեւոն Թաշճեանը, նաեւ Նաթալի Սվաճեանն ու Սեւակ Քեթենճեանը, որպէսզի կատարեն մետալաբաշխումը:

6-28-15_hor-2Կրտսերներու խումբի աղջիկներէն առաջին հանդիսացաւ Սերենա Հայէք, երկրորդ`  Արազ Ղազարեան, երրորդ` Լարա Սիւրմէնեան:

Կրտսերներու խումբի տղոցմէ առաջին հանդիսացաւ Սագօ Կէօքէօզեան, երկրորդ` Սերժ Ահարոնեան, երրորդ` Աւետ Գալայճեան:

Երէցներու խումբի աղջիկներէն առաջին հանդիսացաւ Անի Գասպարեան, երկրորդ`  Սանան Մարգարեան, երրորդ` Անի Առաքելեան:

Երէցներու խումբի տղոցմէ առաջին հանդիսացաւ Անդօ Ղազարեան, երկրորդ`  Գրիգոր Ահարոնեան, երրորդ` Հայկ Քէշիշեան:

Մետալաբաշխումէն ետք  խօսք առաւ Նաթալի Սվաճեան: Ան իր գոհունակութիւնը յայտնեց «Մինի մարաթոն -2015» վազքի մրցումին իր մասնակցութեան համար, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն` իրենց մասնակցութեան համար` աւելցնելով, որ միասնաբար կարելի եղաւ յաջողութեամբ պսակել սոյն նախաձեռնութիւնը: «Պէտք է բոլորս հեռու մնանք թմրամոլութենէն` մեր ընտանիքին, մեր կեանքին եւ մեր ընկերութեան համար», եզրափակեց Ն. Սվաճեան:

Սեւակ Քեթենճեան իր կարգին գնահատեց «Հորիզոն» գրասենեակի աշխատանքը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց, որ զիրենք նկատի առած էին մաս կազմելու քարոզարշաւին: «Թմրամոլութեան դէմ արշաւը ամէնօրեայ արշաւ է եւ ոչ թէ տարին անգամ մը մարաթոնով պէտք է յիշենք զայն: Միշտ պէտք է կարենանք ո՛չ ըսել թմրեցուցիչին, եւ այսօր բոլորս միասին կրցանք այդ պատգամը փոխանցել», հաստատեց Ս. Քեթենճեան:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան խօսքը արաբերէնով փոխանցեց Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Ճորճ Գրիգորեան: Ան նկատել տուաւ, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը միշտ նեցուկ կը կանգնի իր շրջանին մէջ տեղի ունեցող նախաձեռնութիւններուն, որոնք կ՛երաշխաւորեն շրջանի բնակիչներուն հանգստութիւնն ու ապահովութիւնը: Ան յայտնեց, որ թմրամոլութեան դէմ արշաւը յատուկ կարեւորութիւն ունի քաղաքապետութեան համար, որովհետեւ թմրամոլութիւնը «հիւանդութիւն» մըն է, որ կը կործանէ մեր զաւակները, ընտանիքները եւ մեր ընկերութիւնը: «Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը պարտականութիւն կը զգայ նման նախաձեռնութիւններու նեցուկ կանգնիլ», շեշտեց Ճորճ Գրիգորեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց «Հորիզոն» թմրամոլութեան կանխարգիլման եւ նախազգուշական գրասենեակին` մարաթոնին կազմակերպման համար, ապահովական ուժերուն, որոնք հետեւեցան մասնակիցներուն, ինչպէս նաեւ մասնակիցներուն, որոնք բարձրաձայն պոռացին` «Ո՛չ թմրամոլութեան, որ կը կործանէ մեր ընկերութիւնը»:

 

 

Նախորդը

ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» Մասնաճիւղի 80-Ամեակի Հանդիսութեան Գնահատուեցաւ Տարուած 80-Ամեայ Աշխատանքը Եւ Շեշտը Դրուեցաւ Շարքերու Երիտասարդացման Վրայ

Յաջորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ընտրութեան Եւ Օծման 20-րդ Տարեդարձ Եւ Համահայկական 6-րդ Խաղերու Ջահավառութիւն. Հայաստանը Միայն Հող Չէ, Հայաստանը Ժողովուրդն Է Իր Պետականութեամբ. Հաստատեց Արամ Ա. Կաթողիկոսc

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կառավարութեան Դիրքորոշումներուն  Ամբողջական Ընկալումը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կառավարութեան Դիրքորոշումներուն Ամբողջական Ընկալումը

March 11, 2026
Պալապանեան. «Կը Հաւատանք, Որ Արտասահմանի  Լիբանանահայերը Պիտի Ընդառաջեն  Օժանդակութեան Որեւէ Առաջարկի»
Գաղութային

Պալապանեան. «Կը Հաւատանք, Որ Արտասահմանի Լիբանանահայերը Պիտի Ընդառաջեն Օժանդակութեան Որեւէ Առաջարկի»

March 11, 2026
Բագրատունի. «Պահպանե՛նք Մեր Բանակը»
Գաղութային

Բագրատունի. «Պահպանե՛նք Մեր Բանակը»

March 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.