80 տարիներ առաջ Քարանթինայի հիւղաւանին մէջ ծնունդ առած ԼՕԽ-ի նախ «Քարանթինա», ապա «Աստղիկ» անունը կրող մասնաճիւղը երէկ` կիրակի, 28 յունիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ նշեց իր հիմնադրութեան 80-ամեակը` տպաւորիչ ու մարդաշատ հանդիսութեամբ մը, որ կը կրէր հովանաւորութիւնը ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպուած էր ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց Աքասիա Փոլատեան, որ դիտել տուաւ, թէ «Աստղիկ» մասնաճիւղի 80-ամեակին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին համընկնումը վերյուշ մըն է այն իրականութեան, որ ահաւոր սպանդէն ճողոպրած եւ շատ դժուար պայմաններու մէջ Լիբանան հասած հայութիւնը կրցաւ կառուցել որբանոցներ, դպրոցներ, եկեղեցիներ ու միութիւններ: Ան յայտնեց, որ այս իրականութիւնը նաեւ լոյս կը սփռէ սփիւռքահայ գաղութներու վերականգնման ուժին, վերակերտելու կորովին եւ հայ ազգը կանգուն պահելու առաքելութեան տէր ըլլալու վճռականութեան վրայ: Այս ծիրին մէջ է, որ կարելի է դիտել ԼՕԽ-ի եւ անոր մասնաճիւղերու գործունէութիւնը, որուն ընդմէջէն անոնք սատար կանգնեցան հայկական գաղութներու գոյատեւման, նեցուկ եղան հայ մօր, ընտանիքին եւ ծերունիին ու կը շարունակեն ծառայել նոյն նուիրումով` գործօն եւ իւրայատուկ դերակատարութիւն ունենալով լիբանանահայ կեանքին մէջ:
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Գըլպաշեան իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ ԼՕԽ-ի ստեղծման նպատակին վրայ` ծառայել ժողովուրդին անսակարկ կերպով. ան նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրածներուն օժանդակելու համար սկզբնական հանգրուանին Լիբանանն ու Սուրիան կը գործէին իբրեւ մէկ միաւոր, սակայն կարիքներու բազմացումով անոնք անջատուեցան իրարմէ, իսկ ԼՕԽ-ի աշխատանքները աւելի լաւ կազմակերպելու եւ տնօրինելու նպատակով ան հիմնեց իր մասնաճիւղերը, որոնց թիւը այսօր կը հասնի 26-ի:
Առանձնացնելով «Աստղիկ» մասնաճիւղի գործունէութիւնը` Թալին Գըլպաշեան յայտնեց, որ նուիրեալներու ճիգերով հիմնուած եւ գոյատեւած միութիւնը կանգուն եւ իր առաքելութեան հաւատարիմ մնաց շնորհիւ այլ նուիրեալներու ու կամաւորներու: Ան բարձր գնահատեց միութեան 80-ամեայ երթն ու միութեան ծառայութեան լծուածները` յիշեցնելով, որ ամեակներու նշումը նաեւ առիթ է աշխուժացնելու մեր կառոյցները եւ պատգամ` նոր ուժերով խտացնելու միութեան շարքերը: Իր խօսքը եզրափակելով ան շնորհակալութիւն յայտնեց ԼՕԽ-ի գործունէութիւնը արժեւորելով անոր բարոյապէս եւ նիւթապէս սատար հանդիսացողներուն:
«Աստղիկ» մասնաճիւղի վարչութեան խօսքը փոխանցեց Արփի Մինասեան-Կոստանեան, որ յայտնեց, թէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին մասնաճիւղի վարչութիւնը պարտք զգաց հանդիսութեամբ մը նշելու իր հիմնադրութեան 80-ամեակը` անդրադառնալու 80-ամեայ երկար ուղի մը կտրած մասնաճիւղի գործունէութեան եւ հաստատելու, որ տակաւին անիկա կանգուն կը մնայ շնորհիւ ԼՕԽ-ականներու անվերապահ ու կամաւոր աշխատանքին: Ան անդրադարձաւ մասնաճիւղի պատմական ուղիին, որուն ընթացքին անիկա միշտ նեցուկ ու ապաւէն եղած է ժողովուրդին, տէր ու տիրական հանդիսացած է կարիքաւորին, ծերին ու որբին` միշտ վայելելով շրջանի ղեկավարութեան հովանաւորութիւնն ու նեցուկը: Արփի Մինասեան-Կոստանեան լուսարձակի տակ առաւ նաեւ այն իրողութիւնը, որ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի օրերուն եւս ԼՕԽ-ականները մայրական մօտեցում ցուցաբերեցին ակումբի տղոց նկատմամբ` հոգալով անոնց կարիքները եւ ընտանեկան ու ընկերային ջերմ մթնոլորտ ստեղծելով ակումբին մէջ: Անդրադառնալով հիմնադիր սերունդէն փոխանցուած հարուստ աւանդին` ան մաղթեց, որ նոր ու ապագայ սերունդները եւս հաւատարիմ մնան նախնիներուն եւ իրենց առօրեայէն բաժին մը անշահախնդիր ձեւով նուիրեն ԼՕԽ¬ին:
Իր խօսքի աւարտին Արփի Մինասեան-Կոստանեան շնորհակալութիւն յայտնեց Սարգիս Պուտաքեանին` ձեռնարկի յաջողութեան սատար կանգնելու եւ նիւթապէս օժանդակելուն համար, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան` աշխատանքներուն նեցուկ ըլլալուն եւ մօտէն հետեւելուն համար, ինչպէս նաեւ ԼՕԽ¬ի առաքելութեան բոլոր հաւատացողներուն:
Օրուան բանախօսն էր Յակոբ Լատոյեան, որ խօսքը սկսաւ մէջբերում մը կատարելով 1977-ին «Ազդակ-շաբաթօրեակ»-ին մէջ լոյս տեսած եւ Հրաչ Տասնապետեանին պատկանող հատուած մը, որուն մէջ շեշտը կը դրուի Հայաստանի եւ Միջին Արեւելքի հայութեան գոյատեւման անհրաժեշտութեան վրայ, «եթէ կը յաւակնինք քաղաքական որոշ հասունութեան հասած եւ հաւաքական տեսլական ունեցող ազգ ըլլալ, եւ ո՛չ քաղաքական բովանդակութենէ զուրկ սոսկական ժողովուրդ»: Յակոբ Լատոյեան հաստատեց, որ Տասնապետեանին մտածումը այսօր բոլոր ժամանակներէն աւելի կը մնայ այժմէական եւ խորհրդաւոր, որովհետեւ` «Միջին Արեւելքին կառչած մնալու մեր ռազմավարութիւնը միայն մարդուժ, լաւ հայ, զօրաւոր համայնք ունենալը չէ, այլ ամէնէն կարեւորը պահանջատիրական իմաստով բռնագրաւուած հողերուն մօտ ըլլալն է»: Այս պարունակին մէջ ան կարեւոր նկատեց ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղի տարած գործունէութիւնը` դիտել տալով, որ 80-ամեակի հանդիսութիւնը առիթ է գօտեպնդուելու, աշխատանքի եղանակները լուսարձակի տակ առնելու եւ ընդգծելու, որ անանձնական եւ նուիրական գործը չի մեռնիր, իր դրոշմը կը ձգէ ու դրական ազդեցութիւն կ՛ունենայ անպայման:
Մուշեղ Իշխանի գրիչին պատմանող ՀՕՄ-ի քայլերգի մէկ տողին` «Լոյսի բանակ եւ գթութեան խաչուհի» վրայ դնելով շեշտը, Յակոբ Լատոյեան դիտել տուաւ, որ 80 տարի շարունակ ԼՕԽ-ականները այս կարգախօսով առաջնորդուեցան, գործեցին հոգիի ու մտքի նոյն լուսաւորութեամբ, նոյն գթութեամբ եւ բարեխղճութեամբ` առանց երբեք յուսահատելու: Ապա ան ներկայացուց մասնաճիւղի պատմականը` յատկապէս կանգ առնելով այն հանգրուաններուն վրայ, երբ մասնաճիւղի մեղուաջան գործունէութեան շնորհիւ կարելի եղած է ամէնէն դժուար օրերը շրջանցել:
Յակոբ Լատոյեան անդրադարձաւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութեան կարեւորութեան` մարդուժ պատրաստելու, ուժականութիւն փոխանցելու եւ սփիւռքահայութեան դիմագիծ տալու առումով: Անոր համաձայն, իւրաքանչիւր եկեղեցի, դպրոց, ակումբ եւ մասնաճիւղ ունեցած են իրենց կարեւորութիւնը, առանց որոնց կարելի չէր շարունակել ու գոյատեւել: «Այսօր աւելի մեծ դժուարութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուինք: Տնտեսապէս եւ մարդուժի տագնապի դիմաց ենք: Նոր մարտահրաւէրներով շրջապատուած ենք: Ամէն օր նոր վտանգներ, նոր մտահոգութիւններ կը ծագին մեր կեանքին մէջ: Հակառակ այս բոլորին, մենք բոլոր ժամանակներէն աւելի հզօր կը զգանք մեր միութիւններով, ապահով` մեր եկեղեցիով եւ մեր անկախ պետութեամբ ապագան պայծառ կը տեսնենք», ըսաւ Լատոյեան:
Աւարտելով իր խօսքը` Յակոբ Լատոյեան հաստատեց, որ ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղի 80-ամեակը պարտք կը դնէ բոլորին ուսերուն հաւատքը գործի վերածելու եւ միշտ միութեան կողքին կանգնելու:
Իր սրտի խօսքն ու պատգամը փոխանցեց նաեւ Ղեւոնդ վրդ. Բենդեզեան, որ նման ամեակներ նկատեց առիթ վերահաստատելու, որ տասնեակ տարիներ առաջ հիմնուած միութիւններ տակաւին պատնէշի վրայ են, կը գործեն եւ կը շարունակեն աշխատանքը: Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ ամեակները առիթներ են արժեւորելու անցեալը, անկէ դասեր քաղելով ընթանալու դէպի ապագայ:
Անոր համաձայն, երբ կը խօսինք 80-ամեայ միութեան մասին, ինքնաբերաբար մեր երեւակայութեամբ կը վերադառնանք 80 տարի առաջ տիրող խեղճ վիճակին, երբ ԼՕԽ-ականներ բալասան ու սփոփանք կը հանդիսանային դժուարին կացութիւններու դէմ յանդիման գտնուող հայորդիներուն, անոնք կը հասնէին հոն, ուր տղամարդիկ կրնային բացակայիլ, կը շրջանցէին ամէնէն վատ պայմաններն անգամ` իրենց առաքելութեան հաւատարմութեամբ ծառայելու ազգի զաւակներուն: 80-ամեակի խորհուրդը երեք հիմնական կէտերու մէջ ամփոփելով` Ղեւոնդ վրդ. Բենդեզեան անդրադարձաւ միութիւնը լաւ հիմերու վրայ դրուած ըլլալու իրականութեան, ներկայ ԼՕԽ-ականներուն անսակարկ նուիրումին եւ գործի շարունակութիւնը երաշխաւորելու համար միութեան շարքերը նորերով հարստացնելու եւ երիտասարդացնելու հրամայականին: Ան այս առիթով գնահատեց միութենականները իրենց սրբանուէր եւ աստուածահաճոյ առաքելութեան համար:
Գեղարուեստական բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերին Բալիկ Լատոյեան (դաշնակ), Նայիրի Ղազարեան (թաւջութակ), Մակի Տէր Խաչատուրեան (ասմունք), Կարօ Քէլէշեան (երգ), Յասմիկ Գասպարեան (դաշնակ):
Իրենց երկար տարիներու ծառայութեան, զոհողութեան եւ մասնաճիւղի բարգաւաճման ու անոր վերելքին համար կատարած ներդրումին համար պարգեւատրուած Ազնիւ Արսլանեան, Կիւլիզար Դաւիթեան, Պերճուհի Հալէպլեան (ի բացակայութիւն), Արսինէ Մելիքսէթեան, Վիքթորիա Թիւթիւնճեան, Անահիտ Խտըրլարեան, Սրբուհի Չանան- Փափազեան (ի բացակայութիւն), Շամիրամ Քասոյեան, Վրէժուհի Փափազեան, Ալիս Գալայճեան եւ Շաքէ Գէորգեան:
Աւարտին իրենց սրտի խօսքերը փոխանցեցին հիմնադիր սերունդի շառաւիղներէն Ովսաննա Իզմիրեան, Սօսի Պալեան եւ Մեսրոպ քհնյ. Քերքեզեան: