Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչ Ելեկտրականութեան Սակագինի Բարձրացման Դէմ Բազմամարդ Ցոյցերը Կը Շարունակուին. Նախագահ Սարգսեան Խօսած Է Ելեկտրական Հոսանքի Սակի Բարձրացման Մասին

Յունիս 27, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-26-15_france-2

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ միջեւ տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնախումբի ռուսական կողմի նախագահ, Ռուսիոյ փոխադրամիջոցներու նախարար Մաքսիմ Սոկոլովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ միջեւ տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնախումբի 16-րդ նիստին մասնակցելու նպատակով Հայաստան հասած Ռուսիոյ  պատուիրակութիւնը եւ ընդգծած, որ յանձնախումբը կարեւոր դեր ունի երկու երկիրներու տնտեսական փոխադարձ գործակցութեան զարգացման գործին մէջ:

Օգտուելով առիթէն` նախագահը երախտագիտութիւն յայտնած է  Ռուսիոյ իրաւապահ մարմիններուն եւ մասնաւորապէս` դատախազութեան այս տարի յունուարին Գիւմրիի մէջ կատարուած անմարդկային յանցագործութեան հետաքննութեան կազմակերպման հարցերով Հայաստանի դատախազութեան հետ արդիւնաւէտ փոխադարձ գործակցութեան համար: Սպանութեան մասով գործը Հայաստանի քննչական կոմիտէի վարոյթ յանձնելու որոշումը եւ  Հայաստանի համապատասխան ատեանին կողմէ հետագայ  դատաքննութիւնը, ըստ հանրապետութեան նախագահին, անկասկած, կ՛արտացոլէ գործընկերութեան եւ եղբայրութեան ոգին եւ  լիովին կը համապատասխանեն Հայաստանին մէջ տեղակայուած ռուսական զինուորական խարիսխի կարգավիճակի մասին հայ-ռուսական համաձայնագիրի դրոյթներուն:

Անդրադառնալով Երեւանի մէջ քանի մը օր ելեկտրականութեան հոսանքի սակի բարձրացման դէմ բողոքի ցոյցերուն` հանրապետութեան նախագահը ըսած է, որ կարգ մը մասնագէտներ կը փորձեն այդ ամբողջին մէջ հակառուսական տրամադրութիւններ փնտռել: Ան ընդգծած է, թէ իրեն կ՛ուրախացնէ, որ ցուցարարները  իրենք կը հաստատեն այդ ենթադրութիւններուն անհեթեթութիւնը:

Նախագահը տեղեկացուցած է հիւրերուն, որ Հայաստանի մէջ  ստիպուած գացած են ժողովրդականութիւն չվայելող քայլի` հաշուի առնելով հայկական դրամի սղաճի մակարդակը եւ արտադրուող ուժանիւթի ինքնարժէքի բարձրացումը:

Ըստ նախագահին, ճիշդ պիտի ըլլար, որ միջկառավարական յանձնախումբը առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձնէր Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ ընկերութիւններու գործունէութեան:

Նախագահը նշած է, թէ ճիշդ պիտի ըլլար, որ միջկառավարական յանձնախումբին կողմէ դիտարկուէր «ԻՆԹԵՐ ՌԱՕ ԵԷՍ» ընկերութեան դուստր ձեռնարկութեան` Հայաստանի բաշխիչ ցանցերու գործունէութեան մանրազնին հաշուեքննութիւն կատարելու կարելիութիւնը անոնց ամբողջ գործունէութեան ընթացքի համար` փորձագիտական հանրութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:

Նշենք, որ նախագահի յայտարարութենէն ետք «ո՛չ թալանին» նախաձեռնութիւնը նախագահ Սերժ Սարգսեանի յայտարարութիւնը` Հայաստանի բաշխիչ ցանցերու գործունէութեան վերաբերեալ հաշուեքննութիւն կատարելու վերաբերեալ, նկատած են «բաւական ուշացած»:

Խառնաշփոթ Իրավիճակ. Ցուցարարները
Փակած Են Ֆրանսայի Հրապարակը

Երէկ ուշ երեկոյեան անսպասելիօրէն  Բաղրամեան պողոտայէն ոստիկանութեան յատուկ նշանակութեան վաշտի խումբ մը ծառայողներ վազքով ուղղուեցան դէպի Մաշտոցի պողոտայ: Անոնց ետեւէն խումբ մը ցուցարարներ եւ լրագրողներ` պարզելու համար, թէ դէպի ո՛ւր կ՛ուղղուին անոնք եւ ի՛նչ կը կատարուի, սակայն ծառայողները պատասխանեցին, որ իրենք պարզապէս շրջայց կը  կատարեն:

Ուշ երեկոյեան ցուցարարները փակած էին Ֆրանսայի հրապարակը: Երեւանի փոխոստիկանապետ Վալերի Օսիպեան հաստատած է, որ արտառոց ոչ մէկ բան պատահած է եւ յորդորած է ցուցարարներուն  վերադառնալ Բաղրամեան պողոտայ:

Ոստիկանութիւնը ժողովուրդին յորդորած է լքելու Ֆրանսայի հրապարակը եւ չխոչընդոտելու փոխադրամիջոցներու երթեւեկութիւնը: Երէկ 5-րդ օրն ըլլալով բազմամարդ ցոյցերը շարունակուեցան Բաղրամեան պողոտային վրայ:

Սահակեան. «Ընդհանուր Յայտարարի
Գալ Կարելի Է Միայն Բանակցութիւններով»

Ազգային ժողովի պետաիրաւական հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ, իշխող Հանրապետական կուսակցութեան պատգամաւոր Յովհաննէս Սահակեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ ցուցարարներուն հետ ընդհանուր յայտարարի գալ կարելի է միայն բանակցութիւններու միջոցով: «Ըսենք քէ՞ն ենք, իրարու հետ չե՞նք ուզեր խօսիլ: Գնա՛, բանակցէ՛, ներկայացո՛ւր խնդիրը, պատասխանը ստացիր: Ես ըսած եմ եւ վե՞րջ, կռնակ դարձնեմ եւ վե՞րջ` խնդիրը լուծեցէք», ըսաւ Սահակեան:

Ըստ անոր, առաջին քայլը ըրած են իշխանութիւնները` կարիքաւորներուն լրացուցիչ 2 հազար դրամ փոխհատուցում առաջարկելով: «Հետագայ քայլերը, երբ որ որոշումը կ՛ըլլայ եւ կը ներկայացնեն, բոլորդ տեղեակ կ՛ըլլաք: Բայց հետագայ քայլերուն համար արդէն պէտք է նստինք, խօսինք. պէտք է գան, խօսինք, քննարկենք, օրինակ` այսքանը բաւարա՞ր է, թէ՞ բաւարար չէ: Պէտք է հասկնանք` ինչո՛ւ սակը բարձրացած է: Այսինքն` անոնք բոլորը պէտք է քննարկման առարկայ դառնան»,  ըսաւ Սահակեան:

Իրաւական առումով` Հանրային ծառայութիւնները համակարգող յանձնախումբի որոշումը կրնայ  բողոքարկուիլ դատական կարգով ատոր ուժի մէջ մտնելէն ետք եօթնօրեայ ժամկէտի մէջ: Թէեւ  ժամկէտը արդէն լրացած է, սակայն Յովհաննէս Սահակեան ըսաւ, որ կարելի է նաեւ Սահմանադրական դատարան դիմել: «Ոեւէ  քաղաքացի կրնայ այդ խնդիրով դիմել սահմանադրական դատարան, երբ կը սպառի նաեւ այդ իրաւունքը, կրնան դիմել Եւրոպական դատարան», ըսաւ Սահակեան:

Գասպարեան. «Ասոր Եւ Անոր Խելքին
Պէտք Չէ Տարուինք»

«Մենք փոքրաթիւ ազգ ենք, մեր հզօրութիւնը պէտք է ըլլայ ոչ թէ ուժի եւ «զոռպայութեան» մէջ, այլ իմաստութեան մէջ», յայտարարեց Հայաստանի ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեան, որ երէկ առաւօտեան այցելեց Բաղրամեան պողոտայ:

«Մենք փոքրաթիւ ժողովուրդ ենք: Մեծ երկիրները, մեծ պետութիւնները, իրենց շահերը ունին, իրենք մեծ պետութիւններ են, մենք փոքրիկ պետութիւն ենք», ըսաւ ոստիկանապետը` շարունակելով. «Մեծ պետութիւնները կրնան իրենք իրենց թոյլ տալ խաղալ փոքր պետութիւններու ճակատագիրին հետ, փոքր պետութեան ժողովուրդը պէտք է իմաստուն ըլլայ: Մենք իմաստութեամբ պէտք է մեծ պետութիւններու տխմարութիւնները յաղթահարենք եւ անցնինք առաջ: Այնպէս որ, մեր պապերը ինչպէս կ՛ըսէին` եղունգ ունիք` գլուխնիդ քերեցէք»:

Վլատիմիր Գասպարեան աւելցուց. «Մենք ասոր եւ անոր խելքին պէտք չէ տարուինք: Մենք պէտք է հասկնանք, որ մենք բուռ մըն ենք եւ շատ քիչ ենք, եւ այստեղ տարակարծութիւնները ժխտողականութեամբ չեն ըլլար, չեն լուծուիր այդպէս: Ատիկա ոչ մէկ տեղ տանող ճամբայ է: Երբ դուն անառարկելի կ՛ըլլաս, կը ժխտես, երկխօսութիւնը կը փակես, ատիկա արդէն ոչ թէ խելամտութեան, այլ հակառակին արդիւնքն է: Պէտք է երկխօսութիւն վարել, երբ դուն ի սկզբանէ կ՛ըսես` ոչ, խօսելու հարց չկայ: Իսկ ով որ կ՛ըսէ ոչ` տակը ոչինչ ունի», յայտարարեց Վլատիմիր Գասպարեան:

Վլատիմիր Գասպարեան պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին, թէ կարելի՞ է, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունի ցուցարարներու պայմանը եւ համաձայնի ուղղակի  պատկերասփռուող տեսակցութիւն ունենալ  գործիչներու ներկայացուցիչներու հետ, ոստիկանապետը յայտարարեց. «Երկրի քաղաքացին երկրի նախագահը` գերագոյն ընդհանուր հրամանատարը, երբ կը կանչէ երկխօսութեան, չեն ըսեր, որ միայն այսպէս կ՛ըլլայ, կա՛մ այսպէս կ՛ըլլայ, կա՛մ` այսպէս»:

Այն դիտարկման, թէ` չէ՞ որ այդ երկրի քաղաքացին նախագահը կ՛ընտրէ, ինչո՞ւ չի կրնար  պահանջել, Վլատիմիր Գասպարեան պատասխանեց, որ երբ հարցը կը վերաբերի որոշ խնդիր մը լուծելու, երբ երկրի նախագահը ձեռք կ՛երկարէ օր մը, երկու օր, կ՛ըսեն` կա՛մ այսպէս կ՛ըլլայ, կա՛մ այսպէս չ՛ըլլար, ատիկա կը խօսի այն մասին, որ տակաւին չկայ ծրագիր եւ չկայ խօսելու բան:

Յիշեցնենք`  22 եւ 23  յունիսին`  նախագահ Սերժ Սարգսեան երկու անգամ պատրաստակամութիւն յայտնեց հանդիպելու ցուցարարներու հինգ հոգինոց խումբի հետ, սակայն այս առաջարկը մերժուեցաւ: Ցուցարարները պատասխան առաջարկ ներկայացուցին` պատրաստակամութիւն յայտնելով հանդիպելու նախագահին հետ, եթէ հանդիպման մասնակցին նաեւ ուղղակի պատկերասփռում ապահովող կայանները:

 

 

Նախորդը

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Ցաւակցական Ուղերձը Ներսէս Պետրոս Ժթ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Վախճանման Առիթով

Յաջորդը

Խմբագրական. Աւանդութեան Վերյիշեցում

RelatedPosts

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւն.  «Հինգ Կէտի Մէջ Ազրպէյճանական Կողմը Սահմանէն  100-էն 300 Մեթր Աւելի Առջեւ Տեղակայուած Է»
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւն. «Հինգ Կէտի Մէջ Ազրպէյճանական Կողմը Սահմանէն 100-էն 300 Մեթր Աւելի Առջեւ Տեղակայուած Է»

Մարտ 31, 2023
Ազրպէյճանի Զինեալ Ուժերը Աղաւնոյ  Եւ Տեղ Գիւղերուն Միջեւ Փակած Են  Գորիս-Ստեփանակերտ Մայրուղին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանի Զինեալ Ուժերը Աղաւնոյ Եւ Տեղ Գիւղերուն Միջեւ Փակած Են Գորիս-Ստեփանակերտ Մայրուղին

Մարտ 31, 2023
Հայաստանը Վերապահութեամբ Միացած Է  «Յանուն Ժողովրդավարութեան»  Վեհաժողովի Հռչակագիրին
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանը Վերապահութեամբ Միացած Է «Յանուն Ժողովրդավարութեան» Վեհաժողովի Հռչակագիրին

Մարտ 31, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In