Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէութեան, երէկ` երեքշաբթի, 15 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ` «Լիբանանի հետ, հայութեան համար» խորագիրով:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք բացման խօսքը արտասանեց Շողեր Գառնեշեան-Մխճեան, որ դիտել տուաւ, թէ ժողովրդային հանդիսութիւններուն համար ընտրուած կարգախօսը` «Լիբանանի հետ, հայութեան համար», լաւագոյն եւ հարազատ կերպով կ՛արտայայտէ իրենց կեանքը ժողովուրդին պաշտպանութեան նուիրած հայ տղոց առաքինի կեցուածքին խոր իմաստը, հայութեան եւ Լիբանանի համար անոնց կատարած զոհողութեան տարողութիւնը:
Լիբանանի պատերազմին ընթացքին արձանագրուած զոհերուն, վիրաւորներուն, անդամալուծուածներուն եւ անհետ կորսուածներուն ճակատագիրին անդրադառնալով` Շ. Մխճեան դիտել տուաւ, որ, թէեւ պատերազմը պատմութեան կը պատկանի, սակայն անոր տուն տուող պատճառները առկայ են տակաւին: Ան յատկապէս լուսարձակի տակ առաւ լիբանանեան պատերազմի ամբողջ տեւողութեան հայութեան եւ գլխաւորաբար Դաշնակցութեան որդեգրած դրական չէզոքութեան քաղաքականութիւնը, որուն շնորհիւ լիբանանահայ գաղութը նուազագոյն վնասով դուրս եկաւ պատերազմէն` միաժամանակ արժանանալով բոլոր կողմերուն յարգանքին: Ան աւելցուց, որ այդ դրական դերակատարութիւնը այսօր եւս յատուկ է լիբանանահայութեան:
Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն մէջ պատերազմի տարիներուն, ակումբներուն մէջ տիրող մթնոլորտին եւ մատուցուած ծառայութիւններուն մասին վկայութիւններ տուին շրջանի հերթապահութեան պաշտօնը ստանձնած Փիեռ Գուլաճեան, Սեմ Խայաթ եւ Սեմ Ֆէսլեան:
Գեղարուեստական բաժինով հայկական նուագ ներկայացուցին «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի խումբ մը աշակերտներ, «Կուկունեանի յիշատակին» երգը մեկնաբանեց Աւետիս Ագրապեան` դաշնակի ընկերակցութեամբ Յարութ Մկրտիչեանի, որ նաեւ նուագակցեցաւ Կարօ Քելեշեանի, որ հանդէս եկաւ «Պարզիր աղբիւր» երգով: Սիամանթոյի «Ես երգելով կ՛ուզեմ մեռնիլ» բանաստեղծութիւնը ասմունքեց Սէրուժ Յովսէփեան:
Օրուան պատգամը փոխանցեց «Քրիստափոր» կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Լատոյեան, որ յայտնեց, թէ քառասուն տարի ետք յարգելով յիշատակը նահատակներուն, նաեւ վեր առած կ՛ըլլանք այդ օրերուն մեր արթուն ու խիզախ ղեկավարութեան որդեգրած քաղաքականութիւնը: Ան կարեւոր նկատեց նման ձեռնարկներ, որոնք առիթ են տեսնելու, գիտակցելու եւ շեշտադրելու այն իրողութիւնը, որ քառասուն տարիներ առաջ տեղի ունեցածը, օրին ի գործ դրուած զոհողութիւններն ու նուիրումը հանդիսացած են երաշխիքը ներկայի կեանքին, այդ պատճառով ալ անոնք արժանի են յիշատակումի եւ գուրգուրանքի:
Յակոբ Լատոյեան շեշտը դրաւ այդ օրերուն եւ ներկայիս ալ ակումբին մարմնաւորած հարազատութեան ու ապահովութեան ներշնչարան ըլլալու իրողութեան վրայ` դիտել տալով, որ անիկա յոյսի, լոյսի եւ ապահովութեան աղբիւր է: «Ո՞վ չի յիշեր մեր տղոց քաջագործութիւնները, ո՞վ կրնայ մոռնալ սերունդներու կերտման եւ ազգային շունչով հասակ նետած փաղանգները: Ինչպէ՞ս կարելի է չյարգել ԼՕԽ-ականներուն, թաղի քահանաներուն եւ ժողովուրդին զոհողութիւններն ու օտարներուն զմայլանքը», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով Միջին Արեւելքի, յատկապէս Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ տիրող ճակատագրական կացութեան` ան շեշտեց, որ լիբանանահայութիւնը ապահովական, տնտեսական եւ ընկերային հարցեր կը դիմագրաւէ, այդ պայմաններուն մէջ ալ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի քառասնամեակին յիշատակութիւնը յատուկ նպատակ ունի: «Այսօր մեզի համար յատկանշական օր է: Այս օրը «Ազատամարտ», «Տիգրան Ծամհուր» եւ «Քրիստափոր» ակումբներուն համար այնպիսի յուշատօն է, որ ոչ միայն ակումբ հասկացողութեան արժէք կու տայ, այլ շրջաններուն մէջ հայեցի դիմագիծը պահող դպրոցները, եկեղեցիները, ակումբները, հայ ծերունին եւ երիտասարդը, մանաւանդ հայութեան ֆիզիքական ապահովութիւնը երաշխաւորող կազմակերպութեան` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան տարիներու վրայ վարած հայապահպանութեան քաղաքականութեան ամրապնդման օրն է», ըսաւ Յակոբ Լատոյեան: Ըստ անոր, տագնապալի տարիներուն դրական չէզոքութեան քաղաքականութիւնը եւ տղոց կողմէ հայկական թաղամասերու պաշտպանութիւնը լիբանանահայութիւնը հասցուցին պատուաբեր իրավիճակի, այդ նշանաբանով դաստիարակուեցան սերունդներ:
Ապա Յ. Լատոյեան լուսարձակի տակ առաւ Դաշնակցութեան էութիւնն ու դերակատարութիւնը, որ ծնաւ ժողովուրդէն, ծառայեց ժողովուրդին, լիբանանահայ իրականութեան մէջ այս կուսակցութիւնը ծառայեց եւ ծառայութեան ոգին ժառանգ ձգեց իրերայաջորդ սերունդներու: «Պէտք է ընդգծենք, որ Հայաստանի անկախութեամբ, Արցախի հերոսամարտի եւ համասփիւռքեան կառոյցներու ձեւաւորման կողքին լիբանանահայութիւնը ունեցած է եւ ունի իր ուրոյն տեղը: Բնական հարուստ պայմաններով օժտուած մարդուժ պատրաստելու եւ բոլորին հասնելու Լիբանանի կախարդական ուժը զարմացուցած է բոլորը եւ կը զարմացնէ մինչեւ այսօր»:
Քառասուն տարի առաջ զոհուածներուն ձգած պատգամին անդրադառնալով` ան ըսաւ, որ սերունդներ դաստիարակուած են նահատակներու օրինակով, անոնց երազած Եռագոյնը կը ծածանի անկախ Հայաստանի երկինքին տակ, անոնց օրինակով կերտուած է Արցախի յաղթանակը, եւ այսօր եւս պատրաստ ենք դիմագրաւելու բոլոր դժուարութիւնները:
Իր խօսքը աւարտելով` Յակոբ Լատոյեան հաստատեց, որ, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, մարտահրաւէրներուն, արգիլուած է յուսահատիլ, պէտք է մեր բոլոր կարողութիւններով օժտենք մեր գաղութը` անոր բարգաւաճման եւ զարգացման ի խնդիր:
Աւարտին ներկաները, յոտնկայս վերյիշեցին անունները Արեւմտեան Պէյրութի, Մար Մըխայէլի եւ Ռմէյլի այն հայ զոհերուն, որոնք քաղաքացիական պատերազմի առաջին օրէն մինչեւ վերջին օրը իրենց կեանքը դրին ի սպաս հայութեան:
Աւարտին ներկաները ուղղուեցան «Ազատամարտ» ակումբ, ուր այս առիթով տեղի ունեցաւ յուշատախտակի զետեղում: