Աշխատանքային այցելութեամբ Տաճիկիստան գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 15 սեպտեմբերին Տուշանպէի մէջ մասնակցած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանին:
Բանակցութիւնները կայացած են նախ նեղ կազմով` Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ, Ղազախստանի, Հայաստանի, Խըրխըզիստանի, Տաճիկիստանի նախագահներուն եւ կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարին մասնակցութեամբ: Այնուհետեւ ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարները նիստը շարունակած են ընդլայնուած ձեւաչափով` պատուիրակութիւններու անդամներուն մասնակցութեամբ:
ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի լիագումար նիստին ընթացքին ստորագրուած են շարք մը փաստաթուղթեր, որոնց կարգին` ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարներուն յայտարարութիւնը:
Նիստին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան նախ շնորհակալութիւն յայտնած է Տաճիկիստանի նախագահ Էմոմալի Ռահմոնին` հրաւէրին եւ ջերմ ընդունելութեան համար, նաեւ բարձր գնահատած է 2015-ին կազմակերպութեան մէջ Տաճիկիստանի գործօն նախագահութիւնն ու ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններուն միջեւ փոխգործակցութեան զարգացման իմաստով այդ երկրին ունեցած էական ներդրումը: Ան դիտել տուած է, որ դռնփակ նեղ նիստին ընթացքին ինք ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարները տեղեակ պահած է Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ տիրող իրավիճակի մասին` ուշադրութիւնը սեւեռելով հայ-ազրպէյճանական սահմանի երկայնքին եւ ղարաբաղեան¬ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ լարուածութեան էական բարձրացման վրայ: «Այս հարցին կրկին պիտի չանդրադառնամ եւ միայն պիտի նշեմ, որ իրավիճակը սրելու ազրպէյճանական կողմին փորձերը, միջազգային հանրութեան համապատասխան արձագանգի բացակայութեան պայմաններուն մէջ, յղի են շրջանին մէջ իրավիճակի անկայունութեամբ», յայտնած է նախագահ Սարգսեան:
Լուսարձակի տակ առնելով այն իրողութիւնը, որ միջազգային հարթակներու վրայ իրենց նպատակը արտաքին քաղաքականութեան համակարգման կատարելագործումն է, ՀԱՊԿ-ի երկիրներու պաշտպանունակութեան բարձրացումը, հաւաքական ուժերու մարտունակութիւնը, ճգնաժամային արձագանգման համակարգի ներմուծումն ու կատարելագործումը` նախագահ Սարգսեան անդրադարձած է յառաջիկայ առաջադրանքներուն. «ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու զինուորական համագործակցութեան հետագայ զարգացման հարցով միանգամայն պատեհաժամ է հաւաքական օդուժի ստեղծումը: Այս շրջագիծին մէջ կարեւոր կը նկատենք «ՀԱՊԿ-ի հաւաքական օդուժի կազմի եւ տեղակայման մասին արձանագրութեան» վերաբերեալ ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի որոշումին իրականացումը»:
«Հաշուի առնելով այն փաստը, որ միջազգային եւ շրջանային անվտանգութեան ամէնէն գլխաւոր մարտահրաւէրներէն կը շարունակէ մնալ ծայրայեղական կազմակերպութիւններէն ու խմբաւորումներէն բխող ահաբեկչութեան սպառնալիքը` վերոնշեալ ուղղութիւններով ձեռնարկուած միացեալ քայլերը թոյլ կու տան նուազագոյնի հասցնել այդ սպառնալիքները եւ անոնց դէմ պայքարի արդիւնաւէտ մեքանիզմներ մշակել», նշած է նախագահը` համոզում յայտնելով, որ կնքուած նոր համաձայնագիրներով կարելի պիտի ըլլայ բարձրացնել ՀԱՊԿ-ի իրական ներդրումը շրջանային կայունութեան, անվտանգութեան ամրապնդման եւ զարգացման մէջ:
Նիստէն ետք նախագահ Սերժ Սարգսեան, Տաճիկիստանի նախագահ Էմոմալի Ռահմոն եւ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժա հանդիպում ունեցած են լրատուամիջոցներուն հետ եւ ներկայացուցած ժողովին արդիւնքները:
Նախագահ Սարգսեան դիտել տուած է, որ քննարկուած են դեկտեմբերեան նստաշրջանի որոշումներու գործադրութիւնն ու յառաջիկայ տարուան ծրագիրները: Անոր համաձայն, Հայաստան Տաճիկիստանէն ստացաւ ՀԱՊԿ-ի մէջ նախագահութեան հերթափոխը: «Օգտուելով առիթէն` մէկ անգամ եւս շնորհակալութիւն կը յայտնեմ նախագահ Ռահմոնին` կազմակերպութեան արդիւնաւէտ նախագահութեան համար:
«Ընդհանուր առմամբ, մենք բաւարարուած ենք ՀԱՊԿ-ի զարգացման ընթացքով: Աշխուժ աշխատանք կը տարուի կազմակերպութեան ուժային բաղկացուցիչի ներուժի բարձրացման ուղղութեամբ: Այս տարուան մայիսին Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի որոշումով կազմակերպեցինք ՀԱՊԿ-ի արագ արձագանգման հաւաքական ուժերու զինուորական պատրաստուածութեան անսպասելի ստուգում: Արագ արձագանգման հաւաքական ուժերը ի զօրու են ըստ իրենց նշանակութեան արագ արձագանգել ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան շրջանին մէջ մարտահրաւէրներուն եւ սպառնալիքներուն եւ պատրաստ են ետ մղել զինուած յարձակումը, այդ կարգին` ՀԱՊԿ-ի անդամ առանձին պետութիւններու դէմ ուղղուած յարձակումը», յայտնած է ան:
Նախագահ Սարգսեան խօսած է կնքուած համաձայնագիրներուն մասին. «Համաձայնագիր ստորագրուած է զինուորական եւ այլ կազմաւորումներու, անոնց շարժական գոյքի, ինչպէս նաեւ զինուորական նշանակութեան արտադրանքի փոխադրման մարզին մէջ համագործակցութեան մասին: Որոշում տրուած է երկարաձգել համաձայնագիրի գործողութեան ժամկէտը, որ կը կանոնակարգէ ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու երկաթուղային ճամբաներու թեքնիք ապահովութեան հարցերը»:
Ան նաեւ ներկայացուցած է յառաջիկայ տարուան ընթացքին Հայաստանի նախագահութեան առաջնահերթութիւնները. «ՀԱՊԿ-ի հաւաքական ներուժի մեծացում` համաձայն կազմակերպութեան օրէնսդրութեան եւ ժառանգորդութեան սկզբունքի հիման վրայ: ՀԱՊԿ-ի գործունէութեան հայեցակարգային հիմքերու եւ ճգնաժամային արձագանգման համակարգի հետագայ զարգացում: ՀԱՊԿ-ի գործունէութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման հաստատութենական ձեւերը, այդ շարքին` արտաքին քաղաքականութեան համակարգման կատարելագործման եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութեան զարգացման հարցերը: ՀԱՊԿ-ի համակարգի ուժերու եւ միջոցներու կառավարման համակարգի հետագայ կատարելագործում, խաղաղապահ ներուժի մեծացում, զինուորական-թեքնիք եւ զինուորական-տնտեսական համագործակցութեան խորացում, տարանցման եւ տեղափոխման գումակային բաղկացուցչի առաւելագոյն արդիւնաւէտութիւն:
«Մենք մտադիր ենք կեդրոնանալ միջազգային ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղականութեան, նոր ֆաշականութեան, ազգայնամոլութեան եւ այլատեացութեան այլ ձեւերու դրսեւորումներուն միացեալ հակազդեցութեան հարցերուն վրայ: Այս շրջագիծին մէջ կարեւոր կը նկատենք նաեւ համացանցային անվտանգութեան մարզին մէջ միացեալ ուժերու աշխուժացման», եզրափակած է նախագահ Սարգսեան: