Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցած Է Տաճիկիստանի Նախագահին Հետ

Սեպտեմբեր 15, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Dadjikiistan_9-14-15

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 14 սեպտեմբերին Տուշանպէի մէջ հանդիպում ունեցած է Տաճիկիստանի նախագահ Էմոմալի Ռահմոնի հետ: Վկայակոչելով Տաճիկիստանի «Հովար» ազգային լրատու գործակալութիւնը` «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ երկու բարեկամ երկիրներու նախագահները կարծիքներ փոխանակած են բարեկամական յարաբերութիւններու եւ փոխշահաւէտ համագործակցութեան ընդլայնման հարցերուն վերաբերեալ:

Էմոմալի Ռահմոն` ողջունելով նախագահ Սերժ Սարգսեանը, վստահութիւն յայտնած է այն մասին, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին այցելութիւնը լուրջ լիցք պիտի հաղորդէ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման: Իր կարգին, նախագահ Սարգսեան ընդգծած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան մէջ Տաճիկիստանի նախագահութեան բարձր մակարդակը եւ նշած. «Մենք շրջանային եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ կ՛ունենանք բազմաթիւ հանդիպումներ, զրոյցներ, եւ հասած է ժամանակը, որ  կատարենք պաշտօնական այցելութիւններ եւ ձգտինք մեր  պայմանաւորուածութիւններու իրականացման»:

Այդ առնչութեամբ նախագահ Սերժ Սարգսեան Էմոմալի Ռահմոնը պաշտօնական այցելութեամբ հրաւիրած է Հայաստան: Նշուած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ ներկայ դրութեամբ ստորագրուած է աւելի քան 20 փաստաթուղթ, որոնց մէջ` առեւտուրի, տնտեսութեան, գիւղատնտեսութեան, առողջապահութեան, կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի մարզերուն մէջ համագործակցութեան կազմակերպման եւ ընդլայնման վերաբերեալ:

Տեղի ունեցած է կառուցողական զրոյց Տաճիկիստանի եւ Հայաստանի միջեւ քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան մարզերուն մէջ փոխադարձ գործակցութեան վերաբերեալ, նաեւ` ՄԱԿ-ի, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան եւ այլ շրջանային ու միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրին մէջ:

Նախորդը

Արցախի Նախագահը Ծանօթացած Է Սահմանագիծին Վրայ Տիրող Վիճակին

Յաջորդը

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն». Փեննեթթա Տիրացաւ Տիտղոսին, Ապա Լքեց Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?