Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահը Յանձնարարած Է Ամփոփել Տաւուշի Մէջ Ռմբակոծումներէն Եղած Վտանգներուն Պատկերը

September 17, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

dav_9-16-15

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 16 սեպտեմբերին Տաւուշի մարզպետի եւ մարզպետարանի պատասխանատուներուն մասնակցութեամբ խորհրդակցութիւն կատարած է Տաւուշի մարզի 2014  եւ 2015 թուականներու առաջին կիսամեակի ընկերային-տնտեսական իրավիճակին, առկայ հիմնախնդիրներուն եւ զարգացման ծրագիրներուն քննարկման նպատակով:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Տաւուշի մարզպետ Յովիկ Աբովեանին յանձնարարած է 1-էն 6 սեպտեմբերի ռմբակոծումներէն տուժած մարզի սահմանամերձ համայնքներու բնակիչներուն նիւթական աջակցութիւն տրամադրելու նպատակով կարելի եղածին չափ արագ (առաւելագոյնը 10 օրէն) ամփոփել տուժած 13 շրջաններու վնասներուն պատկերը` նիւթական  օժանդակութեան վերաբերեալ համապատասխան յայտ ներկայացնելով Հայաստանի կառավարութիւն:

Միաժամանակ յանձնարարուած է Հայաստանի քաղաքաշինութեան եւ Տարածքային կառավարման ու արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւններուն հետ միացեալ ամբողջական ուսումնասիրութիւն կատարել սահմանամերձ ռմբակոծուած համայնքներուն մէջ եւ համապատասխան առաջարկներ մշակել կրթական հաստատութիւններու ու հասարակական շինութիւններու անվտանգութեան մնայուն բարելաւման (նաեւ` վերակառուցման կամ նորի կառուցման միջոցով), ինչպէս նաեւ բնակչութեան տեղաշարժի անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ` նիւթական  գնահատականներուն վերաբերեալ ամփոփումները ներկայացնելով  կառավարութեան:

Յանձնարարուած է նաեւ գիւղատնտեսական հողաշերտերու օգտագործման արդիւնաւէտութեան բարձրացման նպատակով գիւղատնտեսութեան նախարարութեան ջրային տնտեսութեան պետական կոմիտէին հետ միասնաբար ուսումնասիրել անհրաժեշտ ոռոգման համակարգերու կառուցման ծաւալները` առաջնահերթութիւններուն վերաբերեալ առաջարկ ներկայացնելով կառավարութեան:

Մարզպետին յանձնարարուած է նաեւ ընկերային մարզի պատասխանատուներուն հետ ուսումնասիրել մարզային զբաղուածութեան տուեալները, աշխատուժի պահանջէն մեկնելով` նաեւ աշխատանքային պաշարի վերաորակաւորման կարելիութիւնները` համապատասխան առաջարկներ ներկայացնելով կառավարութեան եւ Հայաստանի նախագահի աշխատակազմին:

Սահմանամերձ շրջաններուն մէջ հարկային արտօնութիւններէն օգտուող իրաւաբանական անձերուն տնտեսական գործունէութեան խրախուսման եւ խոցելի շրջաններուն մէջ աշխատանքի ձեւաւորման նպատակով ելեւմուտքի նախարարութեան յանձնարարուած է Բերդ քաղաքը ներառել հարկային արտօնութիւններէն օգտուող սահմանամերձ համայնքներու ցանկին մէջ` փոփոխութիւն նախաձեռնելով մարտական գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք չօգտագործուող հողատարածքներ ունեցող սահմանամերձ գիւղական շրջաններուն մէջ իրականացուող գործունէութիւնը հարկերէ զերծ կացուցելու օրէնքին մէջ:

 

 

Նախորդը

Միջին Արեւելքը Առանց Քրիստոնեաներու Աւելի Վտանգաւոր Պիտի Ըլլայ

Յաջորդը

24-25 Սեպտեմբերին. Նալբանդեան-Մամետեարով Հանդիպում` Նիւ Եորքի Մէջ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.