«Ինծի Համար Հայաստանը Այն Հայրենիքն Է, Ուր Հարազատօրէն Կրնամ Ստեղծագործել» «Վանայ Ձայն»-ին Կ՛ըսէ Շարլ Ազնաւուր
Երէկ «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանը հարցազրոյց մը ունեցաւ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրին հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Վանայ ձայն»-ի տնօրէն Աւետիս Կիտանեան: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչն է, որ զինք կը մղէ այս տարիքին, որ իր ասպարէզին մէջ շարունակէ գործել, Ազնաւուր ըսաւ, թէ իրեն համար երգելը, ապրելակերպ է, այնքան ատեն որ ինք տակաւին կը շնչէ, պիտի շարունակէ երգել, մեկնաբանել, յօրինել եւ նորութիւններ...




















