Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիան Կը Շարունակէ Լարել Իրավիճակը Երկրին Մէջ

Սեպտեմբեր 15, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Giro_9-14-15

Երէկ` լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին, Թուրքիոյ մէջ  ծաւալուող վերջին իրադարձութիւններուն եւ հայկական համայնքին վրայ անոնց ազդեցութեան մասին խօսեցան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, «Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն էջերու խմբագիր Բագրատ Էստուքեան եւ լրագրող, վերլուծաբան Վիգէն Չըթըրեան:

Կիրօ Մանոյեանի համաձայն, յունիս ամսուան աւարտին արդէն նախանշանը գոյութիւն ունէր, որ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած  զարգացումները այնպիսի ձեւ պիտի ստանային, որուն ականատեսն ենք այժմ: Այսինքն` կանխատեսելի էր, որ Էրտողան ցանկութիւն չունի միասնական կառավարութիւն ձեւաւորելու եւ երկրին մէջ պիտի ստեղծէ այնպիսի իրավիճակ, որ հետեւեալ ուղերձը ունի` եթէ կ՛ուզէք, որ Թուրքիոյ մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատուի, ուրեմն պէտք չէ քուէարկէք Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան օգտին: Եւ երբ 1 նոյեմբերին կրկնակի ընտրութիւնները տեղի ունենան, ապա իրավիճակը Թուրքիոյ մէջ ալ աւելի պիտի սրի:

«Քրտական կարգ մը շրջանակներ, որոնք զինեալ պայքար կը մղէին  Թուրքիոյ դէմ եւ 2013-ին զինադադար յայտարարած էին, հիմա յայտարարած են, որ այդ զինադադարը այլեւս գոյութիւն չունի: Միւս կողմէ, թրքական պետութիւնը ինք կը հրահրէ բռնարարքներ, թէկուզ` ինքն իր դէմ, որպէսզի ցոյց տայ, որ քրտական շրջանակներուն  կարելի չէ վստահիլ: Թուրքիան պիտի շարունակէ իրավիճակը սրել, որպէսզի իր հասարակութեան ըսէ այն, ինչ որ քանի մը օր առաջ ըսաւ Տաւութօղլու. «Եթէ խաղաղութիւն կ՛ուզէք, պէտք է քուէարկէք մեր կուսակցութեան օգտին», ըսաւ Կիրօ Մանոյեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ այս բոլորին մէջ Հայաստանի կեցուածքը ի՞նչ պէտք է ըլլայ, ան պատասխանեց, որ Հայաստանը պէտք է զգօն ըլլայ, որովհետեւ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները հայ-թրքական սահմանէն շատ հեռու չեն: Այդ իրադարձութիւնները, ըստ Մանոյեանի, կ՛ազդեն նաեւ Ազրպէյճանի կարելիութիւններուն վրայ, որովհետեւ Պաքու-Թիֆլիս-Կարս կազամուղը արդէն երկու անգամ ականահարուած է:

Իսկ Բագրատ Էստուքեան նշեց, որ 7 յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերուն ճնշող մեծամասնութիւնը քուէարկեց քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան օգտին, որ, անցնելով խորհրդարան, դարձաւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հիմնական գլխացաւը: Նոյն ձեւով վարուեցան Թուրքիոյ մէջ ապրող յոյներն ու ասորիները, նոյնիսկ` հրէական համայնքը, որ շատ աւելի պահպանողական է, դարձեալ աջակցեցաւ քրտամէտ կուսակցութեան:

Լրագրողներու հարցումին, թէ ի՞նչ վտանգներ կան Թուրքիոյ մէջ  ապրող հայերուն համար, եւ արդեօք սխալ չէ՞, որ հայերը այնտեղ աշխուժօրէն կը մասնակցին քաղաքականութեան, Կիրօ Մանոյեան  պատասխանեց, որ Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերուն քաղաքական աշխուժութիւնը անոնց իրաւունքն է եւ անոնց որոշելիքը: «Կայ վտանգ, որ կը փորձեն Թուրքիոյ հայ համայնքը թիրախ դարձնել: Նոյնիսկ զինուորի մը թաղման ժամանակ մէկը` իբրեւ քիւրտ, յայտարարեց, որ զայն սպաննողները քիւրտ չեն, այլ հայ են: Կամ` հայաբնակ թաղամասերէ խումբ մը հայեր ազգայնական կոչեր կատարած են… Այս բոլորը կրնան կազմակերպել: Բայց նաեւ  կը կարծեմ, որ իշխանութիւնները զգուշ են, որ չափը չանցընեն, որովհետեւ նաեւ պէտք է համոզեն հայ համայնքէն հատուածի մը, որ քուէարկեն իրենց օգտին», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ հակահայ քարոզչութիւն եղած է, բայց հակահայ բռնարարքներ չեն եղած, բացառութեամբ` «Քամփ Արմէն»-ի դէմ եղած գործողութիւններուն, որոնք թէեւ կը կրեն այս գործողութիւններուն ազդեցութիւնը, բայց պայմանաւորուած չեն բացառապէս այդ սրացումներով:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Արցախի Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ. ՀՅԴ-ի Սատարած 40 Թեկնածուներէն 32-ը Ընտրուած Են

Յաջորդը

Արցախի Նախագահը Ծանօթացած Է Սահմանագիծին Վրայ Տիրող Վիճակին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?