Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուստամեան. «Մեր Այսօրուան «Այո»-ն Մեր Հետեւողական «Ոչ»-ն Է 95 Թուականի Հակաժողովրդական Սահմանադրութեանը»

Սեպտեմբեր 16, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Rous_9-15-15

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան Ազգային ժողովի յայտարարութիւններուն ժամուն զրուցելով լրագրողներուն հետ յայտնած է, որ Դաշնակցութիւնը համոզուած է, որ նոր սահմանադրական կարգի ընդունումը նոր էջ պիտի բանայ Հայաստանի համընդհանուր զարգացման համար` հիմը դնելով ժողովուրդի կամքի գործադրութեան նոր, արդիական պետական համակարգի: Ըստ անոր, ատիկա պիտի փոխէ սպառած եւ վարկաբեկուած գործող պետական կառավարման ձեւը եւ քաղաքական-իրաւական վարչակարգը:

«Մենք այս համոզումը ունեցած ենք Հայաստանի անկախացումէն ի վեր: Մենք վստահ էինք, որ 1991-էն 1995-ին հաստատուած սահմանադրա-օրէնսդրական կարգը հակաժողովրդավարական էր եւ ունենալու էր այս ծանր հետեւանքները: Նախագահի պաշտօնը ներդրուած էր արդէն 1991-էն, երբ Հայաստանը տակաւին սահմանադրութիւն չունէր: Իսկ ինչպէս մարդկութեան փորձը կը փաստէ, սահմանադրութեան եւ անոր վրայ հիմնուած օրէնսդրութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ որեւէ  երկրի մէջ պետական կառավարման նախագահական ձեւը անխուսափելիօրէն կ՛առաջնորդէ բռնապետութեան, որուն հայ ժողովուրդը եւս համոզուեցաւ իր սեփական փորձով», յայտնած է ան:

Ըստ անոր, 1995-ին ընդունուած սահմանադրութիւնը սոսկ իրաւաբանական ուժ եւ շունչ հաղորդեց արդէն հաստատուած հակաժողովրդական վարչակարգին: «Դաշնակցութիւնը այդ օրերուն չկրցաւ այդ բոլոր վտանգներուն մասին մեր ժողովուրդին լիարժէք տեղեկացնել եւ կանխել այդպիսի սահմանադրութեան մը ընդունումը, որովհետեւ կուսակցութեան գործունէութիւնը հանրաքուէէն առաջ արգիլուեցաւ, իսկ կուսակցութեան անդամներուն մէկ մասը բանտարկուեցաւ նոյն այդ վարչակարգին կողմէ: «Ոչ»-ի համարժէք ճակատ ձեւաւորելու մասին նոյնիսկ խօսիլ կարելի չէր, ալ ուր մնաց` խօսէինք այդ սահմանադրութեան օրինականութեան մասին:

«Հիմա Դաշնակցութիւնը, ըստ էութեան, կը կատարէ այն, ինչ որ չյաջողեցաւ ընել 1991-էն 1995 թուականներուն: Մեր այսօրուան «այո»-ն, ըստ էութեան, մեր հետեւողական «ոչ»-ն է 1995 թուականի` այդ հակաժողովրդական սահմանադրութեան: Որովհետեւ ակնյայտ է, որ հակաժողովրդավարական իրաւաքաղաքական վարչակարգի  հիմնադրման պատճառով մեր երկրին շեղումը ժողովրդավարութենէն չի կրնար վերացուիլ այլ ձեւով, քան նոյն այդ վարչակարգը արմատախիլ ընելու միջոցով: Ինծի համար անընդունելի, բայց հասկնալի է, որ այդ վարչակարգի ներկայացուցիչները, որ ժամանակին «այո» ըսած են  առաջին սահմանադրութեան, հիմա «ոչ» պիտի ըսեն, հակառակ պարագային` ստիպուած պիտի ըլլան ընդունիլ իրենց հիասթափութիւնը», դիտել տուած է Արմէն Ռուստամեան:

Ան անհասկնալի նկատած է կեցուածքը անոնց, որոնք բազմիցս յայտարարած եւ նպատակադրած են անցնիլ խորհրդարանական համակարգի, համամասնական ընտրակարգի եւ մեծցնել ընդդիմութեան դերակատարութիւնը, սակայն այսօր դէմ կ՛արտայայտուին: «Դէմ են միայն այն պատճառով, որ նախաձեռնութիւնը կու գայ նախագահէն, ոչ թէ իրենցմէ: Ուրեմն ժամանակին կա՛մ չեն հասկցած, թէ ինչ կը  պահանջեն, կա՛մ չեն ենթադրած, որ կրնայ ըլլալ իրենց պահանջը բաւարարուի: Ուստի, պարոնայք, զգուշացէք ձեր պահանջներէն եւ նպատակներէն, որովհետեւ վտանգ կայ, որ անոնք օր մը կատարուին», եզրափակած է Ռուստամեան:

 

 

Նախորդը

Տինքի Սպանութեան Հարցով Կասկածեալը Ոճրագործութեան Մասին Տեղեակ Պահած Էր Վերադաս Մարմինները

Յաջորդը

ՀԱՊԿ-ի Նախագահութիւնը Փոխանցուեցաւ Հայաստանին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?