Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ. ՀՅԴ-ի Սատարած 40 Թեկնածուներէն 32-ը Ընտրուած Են

September 15, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

artsakh_9-14-15

«Ապառաժ» կը հաղորդէ, որ 13 սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ կատարուեցաւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւն:

Լեռնային Ղարաբաղի Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը արդէն ներկայացուցած է Ստեփանակերտի, շրջանային կեդրոններուն եւ համայնքներուն մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն  նախնական արդիւնքները:

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, գրասենեակի պատասխանատու Արա Պուլուզեան յայտնած է, որ ՀՅԴ-ի շրջանային կառոյցները սատարեցին համայնքի ղեկավարներու եւ աւագանիի մօտաւորապէս 40 թեկնածուներու, որոնցմէ 32 հոգի ընտրուած է:

«Դաշնակցութիւնը միշտ ալ կարեւոր նկատած է տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն տեղն ու գործունէութիւնը երկրի կառավարման համակարգին մէջ: Դժբախտաբար, վերջին տարիներուն  նուազած է տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն  կարեւորութիւնը,  որուն պատճառը երկրի կառավարման համակարգի գերկեդրոնացուածութիւնն է», նշած է Արա Պուլուզեան:

Ան նաեւ յայտնած է, որ Դաշնակցութեան մարմինները երկու ամիս առաջ սկսած են աշխատանքներու: Իւրաքանչիւր շրջանի  պատասխանատու մարմին ճշդած էր իր շրջանի յարմար թեկնածուներու ցանկը, որ կը ներառէր կուսակցական եւ համակիր անհատներ:

Արա Պուլուզեան շեշտած է, որ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները ունեցան իրենց քաղաքական արժէքը ղարաբաղեան հարցին մէջ:

«Կարեւոր է, որ այս շրջագիծին մէջ վերջին օրերուն Արցախ հասած  ինչպէս եւրոպացի խորհրդարանականները, այնպէս ալ Միացեալ Նահանգները պետական մակարդակով հաստատեցին ընտրութիւններ  կատարելու օրինականութիւնը», աւելցուցած է ան:

 

 

 

Նախորդը

«Տի Էքոնոմիսթ» Կը Նշէ Եունուսներու Հարցին Մէջ Հայկական Ազդակի Գոյութիւնը

Յաջորդը

Թուրքիան Կը Շարունակէ Լարել Իրավիճակը Երկրին Մէջ

RelatedPosts

Միջկուսակցական Հանդիպումը Քննարկեց Պատերազմական Կացութեան Վերջին Իրադարձութիւնները
Գաղութային

Միջկուսակցական Հանդիպումը Քննարկեց Պատերազմական Կացութեան Վերջին Իրադարձութիւնները

March 10, 2026
Մոջթաբա Խամենէի Իրանի  Նոր Գերագոյն Հոգեւոր Պետ
Գլխաւոր լուրեր

Մոջթաբա Խամենէի Իրանի Նոր Գերագոյն Հոգեւոր Պետ

March 10, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը

March 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.