
Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն երէկ քանի մը ժամուան համար այցելեց Լիբանան, ուր այցելեց Զահլէի եւ Թըրպոլի մէջ գտնուող սուրիացի գաղթականներուն եւ հանդիպումներ ունեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ:
Քամերոն երէկ առաւօտեան ժամը 6:00-ին զինուորական ուղղաթիռով մը հասաւ Ռայաքի զինուորական օդակայան, ուրկէ ուղղուեցաւ Թըրպոլ եւ Զահլէ, ուր ան ստուգեց սուրիացի գաղթականներուն վրանաքաղաքները:
Քամերոն, ընկերակցութեամբ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապի, այցելեց նաեւ հիւսիսային Մեթնի դպրոցները, ուր այցելեց սուրիացի գաղթական երեխաներուն եւ ստուգեց անոնց ուսումնական առօրեան:
Վարչապետարանին մէջ Սալամ ընդունեց Քամերոնը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանին վերաբերող շարք մը հարցեր:
Հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Քամերոն շեշտեց, որ Բրիտանիա կը զօրակցի Լիբանանի մէջ քաղաքական համախոհութեան գոյացման, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ կը գտնէ, որ ընտրուի հանրապետութեան նախագահ մը` ամբողջ աշխարհին մէջ Լիբանանը ներկայացնող:
Քամերոն յայտնեց, որ վարչապետ Սալամ դժուար եւ բարդ պայմաններու մէջ խիստ դժուար աշխատանք կը տանի` պահպանելու համար Լիբանանը:
Տէյվիտ Քամերոն նաեւ նշեց, որ լիբանանեան սահմանէն քանի մը քիլոմեթր անդին ՏԱՀԵՇ-ի գոյութիւնը վտանգաւոր է` աւելցնելով, որ այդ իմաստով Լիբանան գոյութենական վտանգ կը դիմագրաւէ:
Ան հաստատեց, որ Լոնտոն տրամադիր է օժանդակելու լիբանանեան բանակին` դիմադրելու համար այդ վտանգին:
Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն եւ ստեղծուած տագնապին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Քամերոն ընդգծեց, որ Բրիտանիա Լիբանանին նիւթական եւ կրթական օժանդակութիւն կը յատկացնէ` շեշտելով, որ իրենք օժանդակութիւնը պիտի շարունակեն վստահ ըլլալու համար, որ սուրիացի եւ լիբանանցի երեխաները ուսման կը հետեւին:
«Լիբանանցիները ընդունած են մեծ թիւով սուրիացի գաղթականներ, եւ այդ քայլը արժանի է միջազգային ընտանիքին օժանդակութեան: Մենք պիտի շարունակենք օժանդակել Լիբանանին», ըսաւ Քամերոն` շնորհակալութիւն յայտնելով լիբանանցիներուն, որոնք այդ բեռը կրած են եւ հաստատելով, որ Բրիտանիա յառաջիկայ տարիներուն եւս պիտի զօրակցի գաղթականներուն:
Իր կարգին, վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ իրեն համար ուրախութիւն էր լսել Լիբանանի նկատմամբ Բրիտանիոյ զօրակցութիւնը, Լիբանանի միասնականութեան եւ գերիշխանութեան նկատմամբ անոր յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ապահովական կայունութեան նկատմամբ Լոնտոնի նախանձախնդրութիւնը:
Վարչապետ Սալամ բարձր գնահատեց Քամերոնի ճիգերը` օժանդակելու համար լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն, ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու անոնց կարողութիւնները բարելաւելու իմաստով:
Ան աւելցուց, որ ինք շնորհակալութիւն յայտնած է Քամերոնին` նաեւ Բրիտանիոյ կողմէ Լիբանանի տրամադրուած կրթական մարզի օժանդակութիւններուն համար:
Վարչապետ Սալամ նշեց նաեւ, որ ինք բրիտանացի իր պաշտօնակիցին հետ քննարկած է Լիբանանի մէջ գտնուող մէկուկէս միլիոն սուրիացի գաղթականներուն բեռը, որուն լոյսին տակ շեշտած է, որ Եւրոպայի սիրտը հասած գաղթականներուն հոսքը կարելի է կասեցնել միայն Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում ապահովելով:
Ռայաքի օդակայանին մէջ Քամերոն հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Քամերոն շեշտեց, որ Բրիտանիա յանձնառու կը մնայ Լիբանանի կայունութեան եւ լիբանանեան բանակի զինման ծրագիրին պիտի շարունակէ իր ներդրումը բերել, որպէսզի բանակը դիմադրէ ՏԱՀԵՇ-ի վտանգին:
Քամերոն աւարտելէ ետք Լիբանան կատարած իր այցելութիւնը մեկնեցաւ Յորդանան: