Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երկխօսութիւնը, Բախումները, Խոշտանգումը, Խռովարարներն Ու Բռնութիւնը Եղան Կեդրոնական Պէյրութի Երէկուան Իրադարձութիւններուն Խորագիրները

Սեպտեմբեր 17, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

hiwar_16_9

Լիբանանցի քաղաքական ղեկավարներուն ծրագրած ազգային երկխօսութեան նիստէն երեք ժամ առաջ, առաւօտեան ժամը 9:00-ին «Հոտերնիդ ելաւ», «Հաշուետուութեան պիտի կանչենք», «Հեռացէք մեզմէ», «Փոփոխութեան սեմին», ինչպէս նաեւ այլ անուանումներ կրող քաղաքացիական ընկերութիւնը ներկայացնող արշաւներու եւ շարժումներու անդամներ, ուղղուեցան «Նահար» օրաթերթի խմբագրատան դիմաց եւ սկսան իրենց նստացոյցին` նպատակ ունենալով արգիլել ազգային երկխօսութեան մասնակցող ղեկավարներուն խորհրդարան մուտքը:

Այդ արշաւները կազմակերպող գործիչներ հաստատեցին, որ եթէ իրենք ձախողին այդ առաքելութեան մէջ, ապա պիտի ջանան արգիլել ղեկավարներուն խորհրդարանէն ելքը:

Անոնք մերժեցին երկխօսութիւնը` շեշտելով, որ խորհրդարանը դարձած է հակասահմանադրական եւ ապօրինի հաստատութիւն մը, որ իրաւունք չունի նման հանդիպումներ իսկ կատարելու:

Առաւօտեան ժամը 9:00-ին սկսած այս ցոյցերը ամբողջ օրուան ընթացքին շարունակուեցան ցուցարարներուն կողմէ մագլցողական քայլերու դիմելու կողքին արձանագրուեցան նաեւ բռնարարքներ եւ խոշտանգումներ, որոնց կ՛անդրադառնանք առանձին ենթաբաժինով:

Երկխօսութեան Բ. Նիստ

Ցուցարարներուն եւ քաղաքացիական ընկերութեան ի գործ դրած ջանքերը չկրցան արգիլել ղեկավարներուն խորհրդարան հասնիլը:

Հետեւաբար, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ երկխօսութեան Բ. նիստը, որուն ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ անոր քաղաքական խորհրդատու, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, վարչապետ Թամմամ Սալամ եւ ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա եւ երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի, նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւ երեսփոխան Ահմետ Քարամէ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ եւ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ եւ նախկին նախարար Եուսեֆ Սաատէ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ եւ երեսփոխան Էլի Մարունի, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ եւ երեսփոխան Ալի Ֆայեատ, երեսփոխան Միշել Մըր, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ երեսփոխան Ղազի Արիտի, հաղորդակցութեան նախարար Պութրոս Հարպ եւ նախկին երեսփոխան Ժաուատ Պուլոս, երեսփոխան Թալալ Արսլան եւ Հասան Համատէ, երեսփոխան Ասաատ Հարտան եւ նախկին նախարար Ալի Քանսօ, խորհրդարանի փոխնախագահ, երեսփոխան Ֆարիտ Մքարի եւ երեսփոխան Ռոպեր Ֆատել, զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոն եւ Էլիաս Ապու Հալա:

Նիստին ընթացքին Պըրրի յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած այս դժուար պայմաններուն ընթացքին Լիբանան երկխօսութենէն բացի փրկութիւն չունի:

Կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին երկխօսութեան նիստը աւարտեցաւ:

Նիստէն ետք խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Ատնան Տահեր յայտնեց, որ նիստին մասնակիցները շարունակեցին երկխօսութեան օրակարգի քննարկումը, որուն շրջագիծին մէջ կատարուեցան առաջարկներ եւ ներկայացուեցան սահմանադրական մօտեցումներ` նախագահական ընտրութիւն կատարելու առումով:

Տահեր նշեց, որ նիստին մասնակիցները շեշտեցին Լիբանանի կառավարութեան նկատմամբ իրենց զօրակցութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս տարրական կենցաղային թղթածրարներու առումով անոր տուած որոշումներուն գործադրութեան առումով:

Տահեր նշեց, որ երկխօսութեան Գ. նիստը տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, 22 սեպտեմբեր 2015-ին:

Քաղաքացիական Ընկերութիւնը Կ՛ենթարկուի Բռնութիւններու

tsuyts_nahar1_9-16-1512004777_1041845872506009_1065292400687689080_nԻնչպէս նշած էինք, առաւօտեան ժամերէն սկսած ցոյցը տեւեց ամբողջ օր մը եւ ունեցաւ բազմաթիւ հանգրուաններ:

«Նահար»-ի շէնքին դիմաց սկսած հաւաքին ընթացքին ցուցարարները բախումներ ունեցան ապահովութեան ուժերուն հետ եւ փորձեցին ճամբան փակող երկաթները հեռացնել:

Այս արարքին վերջ տալու նպատակով խռովարարները զսպող ոստիկանները, որոնք նաեւ ենթակայ դարձան քաղաքացիներուն լուտանքներուն եւ իրենց կարգին խոշտանգուեցան ու վիրաւորուեցան, ստիպուեցան դիմել բիրտ ուժի եւ ձերբակալել մեծ թիւով քաղաքացիական գործիչներ:

tsuyts_nahar2_9-16-15tsuyts_nahar3_9-16-15Ապահովութեան ուժերուն կողմէ առնուած այս քայլը աւելի եւս ընդվզեցուց փողոց իջնող քաղաքացիները, որոնք անխնայ վարկաբեկեցին երկրին իշխանութիւնները պատկերասփիւռի կայաններուն կենդանի սփռումներուն ընդմէջէն եւ կոչ ուղղեցին լիբանանցի ժողովուրդին միանալու իրենց ցոյցին, որ քաղաքական եւ համայնքային առումով անկողմնակալ է եւ միայն Լիբանանի շահերը կը պաշտպանէ` պահանջելով երկրին վարչակարգին տապալումը:

Կէսօրուան ժամերուն ձերբակալուած քաղաքացիական գործիչներուն վրայ աւելցան նաեւ հացադուլի դիմող շարք մը երիտասարդներ, որոնցմէ 15 օրէ ի վեր հացադուլ կատարող Ուարեֆ Սլէյմանը եւ Եուսեֆ Ժըրտին:

Քաղաքացիական ընկերութեան շարքերէն ձերբակալուող գործիչներն էին Տիա Իսա Հաուշար, Հիքմաթ Մոհամետ Ամին, Սամեր Հիքմաթ Ապտալլա, Եուսեֆ Մունիր Ժըրտի, Աժուատ Տաուտ Ապու Համտան, Մայա Պահաէտտին Առնաութ, Ալի Հիւսէյն Սելիմ, Ապպաս Մոհամետ Մուսա, Ատնան Տահեժ Մըքտատ, Խալետ Մոհամետ Մըրհի, Ալի Ուահիպ Համատ, Հիւսէյն Մոհամետ Մուսա, Ապպաս Ալի Իսմայէլ, Եարա Քասեմ Հարաքէ, Նիտալ Ղասսան Այուպ, Մարիա Նազիհ Պու Ռուֆայել, Հիւսէյն Ալի Նասրէտտին, Տիանա Եուսեֆ Հաքիմ, Սառա Ալի Շքըր, Ժինան Մոհամետ Սելիմ, Արապի Քամալ Անտարի, Մոհամետ Պասեմ Սլէյման Հայտար, Նայիմ Ժամիլ Շէյխ Հասան, Ալի Ամին Պասալ, Մաարուֆ Մոհամետ Ասաատ, Նատիմ Շաուքի Ապու Քրում, Խալետ Հասսան Ահմետ, Էլի Սաատ, Պիլալ Ժիհատ Արսլան, Հայսամ Ուաֆիք Ալամէ, Ալի Զահրէտտին, Ահմետ Շահատէ Ամհազ, Խալտուն Հաֆեզ Ժապեր, Մարուան Ժըրժես Մաալուֆ, Հասան Խէյր Շամաս եւ Ալի Ահմետ Տիա:

tsuyts_nahar4_9-16-15tsuyts_nahar5_9-16-15Ձերբակալումներէն ետք քաղաքացիական ընկերութեան շարժումները լիբանանցիները հրաւիրեցին մասնակցելու «Նահար»-ի շէնքին դիմաց երեկոյեան ժամը 6:00-ին տեղի ունենալիք բողոքի ցոյցին, իսկ անոնցմէ ոմանք ուղղուեցան Հըլու ոստիկանատուն, ուր անոնք սպառնացին մագլցողական քայլերու դիմել, եթէ մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:00 ձերբակալեալները ազատ չարձակուին:

Նահատակաց հրապարակին, կենսոլորտի նախարարութեան եւ «Նահար»-ի շէնքին դիմաց ընթացող այս արիւնալի դէպքերը յաւելեալ կերպով սրեցան, երբ ցուցարարներուն միջեւ խոշտանգումի այլ դէպքեր արձանագրուեցան Կեդրոնական Պէյրութի մէջ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի դէմ արձակուած վարկաբեկիչ արտայայտութիւններուն պատճառով:

Ըստ ցուցարարներուն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի դէմ արձակուած արտայայտութիւններուն իբրեւ պատասխան, դանակներ եւ սուր իրեր կրող երիտասարդներու խումբ մը յարձակած է իրենց վրայ եւ խոշտանգած զիրենք:

Ցուցարարները ընդգծեցին, որ այդ երիտասարդները իրենց վրայ աթոռները նետած են, ինչպէս նաեւ զիրենք քարկոծած:

Ամալ շարժումը պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը մերժեց այդ ամբաստանութիւնները:

tsuyts_beirut_9-16-15tsuyts_riyad_9-16-15Երեկոյեան ժամը 6:00-ին քաղաքայինները մեծ թիւերով ուղղուեցան Կեդրոնական Պէյրութ` ընդառաջելով քաղաքացիական ընկերութեան արշաւներուն ու շարժումներուն կոչերուն, եւ նստացոյցը «Հոտերնիդ ելաւ» արշաւին առաջնորդութեամբ փոխադրուեցաւ Ռիատ Սոլհ հրապարակ, ուր ցուցարարները աղբեր թափեցին զիրենք վարչապետարանէն բաժնող փշաթելերուն վրայ, ապա հրկիզեցին այդ աղբերը:

Ռիատ Սոլհի ցոյցին իր մասնակցութիւնը բերաւ նախկին նախարար Շարպել Նահհաս, որ շեշտեց, թէ պետութեան ձախողութեան երեսներէն մէկը ցուցարարներուն նկատմամբ իր ցուցաբերած վարուելակերպն է:

Նահհաս նշեց, որ իշխանութիւնները վերադարձած են հին խաղերուն, իսկ ժողովուրդը հաստատած է, որ ինք անվախ է:

Ան շեշտեց, որ քաղաքացիական ընկերութեան հիմնական պահանջը պետական օրինականութեան վերահաստատումն է:

Մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00 գրեթէ բոլոր քաղաքացիական գործիչները ազատ արձակուեցան, բացի մէկ գործիչէ, որուն համար նստացոյցը շարունակուեցաւ կենսոլորտի նախարարութեան դիմաց:

Երեկոյեան ժամը 21:50-ին, ցուցարարները կազմակերպեցին քայլարշաւ մը` կենսոլորտի նախարարութենէն դէպի Ժմմայզէ, պահանջելու համար արգելափակեալ գործիչ Սամեր Մազեհի ազատ արձակումը:

Գիշերուան ժամը 10:30-ին, Ժմմայզէի ոստիկանատունէն ազատ արձակուեցաւ նաեւ Սամեր Մազեհը:

Ուշ գիշերին, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ տեսակէտ արտայայտելը խաղաղ միջոցներով կը կատարուի եւ ոչ թէ պետական եւ սեփական կառոյցներուն եւ քաղաքացիներուն դէմ յարձակումներով:

Իր կարգին, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երեկոյեան հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ կարգ մը ցուցարարներ ապահովութեան ուժերը վարկաբեկած են, ինչ որ մղած է զանոնք օրէնքը գործադրելու եւ նախ եւ առաջ ձերբակալելու յանցագործները, որոնց ազատ արձակումը աւելի ուշ կատարուած է դատական իշխանութիւններուն որոշումով:

«Մեր պարտականութիւնն է պաշտպանել ցուցարարները եւ անոնց ազատ արտայայտութեան ու խօսքի իրաւունքը, սակայն այդ իրաւունքը պահպանելու համար, ցուցարարները պէտք է գիտակցին, որ ապահովութեան ուժերը եւս մարդ արարածներ են եւ արժանապատուութիւն ու պատասխանատուութիւն ունին, հետեւաբար անոնք չեն կրնար ապահովութեան ուժերուն վրայ յարձակիլ», ըսաւ ան:

Մաշնուք նշեց, որ ցուցարարներէն ոմանք կ՛որոնեն մէկը, որ զիրենք խոշտանգէ, «անոնք փողոցին մէջ արիւն թափել կ՛ուզեն, իսկ ոստիկաններուն եւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ բիրտ ուժ չէ կիրարկուած եւ այդ մասին Կարմիր խաչը կրնայ վկայել: Ցուցարարներուն կողմէ կայ յստակ միտում ապահովութեան ուժերը ընդվզեցնելու` անոնց երեսին թքնելով, անոնց հարուածելով եւ հայհոյելով: Մենք քաջ գիտենք քաղաքացիական ընկերութեան շարժումին չափը, որ բաւական սահմանափակ է», շեշտեց Մաշնուք:

Անդրադառնալով իր հրաժարականի պահանջին` Մաշնուք յայտնեց, որ եթէ անիկա խնդիրը կը լուծէ, ինք ոչ մէկ հարց ունի հրաժարելու, «սակայն հրաժարականս պահանջողները, որոնք դէպի նախարարութիւն ուղղուեցան` քաղաքայինները չեն, այլ` Համայնավար կուսակցութիւնը», ըսաւ ան:

ՀԱՐԿ է նշել նաեւ, որ 22 եւ 29 օգոստոսին ձերբակալուած ցուցարարներուն ընտանիքները նստացոյց մը կատարեցին Զինուորական ատեանին դիմաց` պահանջելով իրենց զաւակներուն ազատ արձակումը: Անոնք մերթ ընդ մերթ ճամբան փակեցին եւ երթեւեկի ահաւոր խճողում ստեղծեցին, ինչ որ պատճառ դարձաւ իրենց եւ անցորդ քաղաքացիներուն միջեւ վիճաբանութեան:

Յետմիջօրէին 21 արգելափակեալներէն 9 հոգի ազատ արձակուեցաւ, որոնցմէ չորսը` անչափահասներ:

 

 

Նախորդը

«Սուրիոյ Տագնապին Լուծման Մեր Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Պիտի Կոչուի Ռուսիոյ Հետ Խորհրդակցութիւններէ Ետք» Ըսաւ Ապտելլահեան

Յաջորդը

Ըստ «Հայոց Աշխարհ»-ի. Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Պարտքը Շրջանցած Է 4 Միլիառ Տոլարը

RelatedPosts

Պէյրութի, Պեքայի Եւ Պաալպեք-Հերմելի Մէջ  Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի, Պեքայի Եւ Պաալպեք-Հերմելի Մէջ Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններ

Մայիս 19, 2025
Պալապանեան. «ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Շաղզոյեան Կեդրոնի Մէջ Ժողովներու Ճամբով  Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ Ուժերը Համախմբելու Նախաձեռնութիւնը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ»
Գլխաւոր լուրեր

Պալապանեան. «ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Շաղզոյեան Կեդրոնի Մէջ Ժողովներու Ճամբով Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ Ուժերը Համախմբելու Նախաձեռնութիւնը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ»

Մայիս 19, 2025
Բագրատունի. «Պէյրութը Համախոհութեան Եւ Բոլորին Մասնակցութեան Քաղաքն Է, Ուստի Բոլորը Պէտք Է Զգան, Որ Ան Իրենցն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Պէյրութը Համախոհութեան Եւ Բոլորին Մասնակցութեան Քաղաքն Է, Ուստի Բոլորը Պէտք Է Զգան, Որ Ան Իրենցն Է»

Մայիս 19, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?