Գլխաւոր լուրեր

«Վանայ Ձայն» Կը Պարգեւատրէ Մեծերը

«Վանայ Ձայն» Կը Պարգեւատրէ Մեծերը

«Վանայ Ձայն»-ի տնօրէնութիւնը անցեալ շաբաթավերջին «Մեր մեծերով կը վեհանանք» յայտագիրին ընդմէջէն հիւրընկալեց պարուսոյց եւ Միջին Արեւելքի մէջ պալէի մեծագոյն ակադեմիայի սեփականատէր Ժորժեթ Ժպարան, որ պարգեւատրուեցաւ կայանի տնօրէն Աւետիս Կիտանեանի կողմէ: Հաղորդավար Հալա Հատտատի «Մեր մեծերով կը վեհանանք» յայտագիրին ընթացքին Ժպարա անդրադարձաւ իր ասպարէզին տարբեր հանգրուաններուն, ինչպէս նաեւ իր կենսագրական տուեալներուն, որոնց ծիրին մէջ ան ըսաւ, որ ինք ծնած է Եգիպտոս...

Արամ Ա. Կաթողիկոս «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»  Շքանշանով Պարգեւատրեց  Փրոֆ. Դոկտ. Սեդա Տատոյեանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով Պարգեւատրեց Փրոֆ. Դոկտ. Սեդա Տատոյեանը

Կիրակի, 8 նոյեմբեր 2015-ին, վեհարանի դահլիճին մէջ, յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց փրոֆ. դոկտ. Սեդա Տատոյեանը: Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց կաթողիկոսարանի դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան, որ ներկայացուց պարգեւատրեալին մտաւորական արգասիքը եւ կրթական վաստակը: Դոկտ. Տատոյեան տիրացած է փիլիսոփայութեան մէջ գիտութիւններու դոկտորի աստիճանին` մասնագիտանալով հայ փիլիսոփայութեան մէջ: Ան 1981-1986 դասախօսած է Հայկազեան եւ «Էլ....

ՀՄԸՄ-ի Նորընտիր Կեդրոնական  Վարչութեան Ծանօթացման  Այցելութիւններ

ՀՄԸՄ-ի Նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան Ծանօթացման Այցելութիւններ

ՀՄԸՄ-ի նորընտիր Կեդրոնական վարչութիւնը  շաբաթ, 7 նոյեմբեր 2015-ին այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին` քառամեակի սկիզբը անոր հայրական օրհնութիւնը ստանալու համար: Այցելութեան ընթացքին մանրամասնութիւններ փոխանցուեցան ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական 11-րդ Ընդհանուր ժողովին մասին եւ ներկայացուեցաւ նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան կազմը: Վեհափառ հայրապետը շեշտը դրաւ ՀՄԸՄ-ի առաքելութեան կարեւորութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան ի խնդիր միութեան տարած բեղուն աշխատանքներուն վրայ: Ան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ...

«Վանայ Ձայն».  «Թմրամոլութեան Դէմ Պայքարը Պէտք Է Դառնայ  Առաջնահերթ Խնդիր, Հաստատուի Կազդուրման  Կեդրոն Մը Եւ Աշխատանքները  Իրականանան Յաւելեալ Լրջութեամբ».«Բաց Քննարկում»-ի 6-րդ Յայտագիրին  Հաստատեց Յակոբ Լատոյեան

«Վանայ Ձայն». «Թմրամոլութեան Դէմ Պայքարը Պէտք Է Դառնայ Առաջնահերթ Խնդիր, Հաստատուի Կազդուրման Կեդրոն Մը Եւ Աշխատանքները Իրականանան Յաւելեալ Լրջութեամբ».«Բաց Քննարկում»-ի 6-րդ Յայտագիրին Հաստատեց Յակոբ Լատոյեան

Լուսանկարը` ԴԱԼԱՐ Ա.-ի Հինգշաբթի, 5 նոյեմբեր 2015-ին, «Վանայ ձայն»-էն սփռուեցաւ «Բաց քննարկում»-ի 6-րդ յայտագիրը, որուն նիւթն էր «Թմրամոլութեան երեւոյթը, անոր կանխարգիլման միջոցները եւ ընկերութեան դերը»: Յայտագիրը կը պատրաստէ եւ կը ներկայացնէ Րաֆֆի Տեմիրճեան: Ան նշեց, որ թմրեցուցիչի տարածման գլխաւոր պատասխանատուն ընկերութիւնն է, որովհետեւ թմրեցուցիչէ զուրկ միջավայրի մէջ կարելի չէ ունենալ թմրամոլներ: Տեմիրճեան աւելցուց. «Մեր ընկերութեան մէջ թմրեցուցիչ կայ, թմրամոլներ ալ...

«Մենք Կը Ձգտինք Խաղաղութիւնը Պահպանել  Եւ Բազմիցս Այդ Մասին Յայտարարած Ենք»  Ըսաւ Նախարար Օհանեան

«Մենք Կը Ձգտինք Խաղաղութիւնը Պահպանել Եւ Բազմիցս Այդ Մասին Յայտարարած Ենք» Ըսաւ Նախարար Օհանեան

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ Հայաստանի զինուած ուժերու սահմանապահ ստորաբաժանումները լռեցուցած են հակառակորդին կրակոցները միջպետական մայրուղիի Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Բաղանիս գիւղի հատուածին վրայ, այն պատահարէն ետք, երբ 5  նոյեմբերին` ժամը 16:30-ի շուրջ ազրպէյճանական կողմէն զինադադարի խախտման իբրեւ հետեւանք վնասուած է արտասահմանեան մեծ բեռնատար մը: Անդրադառնալով կրակոցներուն` Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան վստահեցուցած է, որ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ իրավիճակը վերահսկելի է, լարուածութեան...

Հայ Դատի Յանձնախումբին Նեցուկը Ապահոված  Թեկնածուներուն Մեծ Մասը Կ՛ընտրուի

Հայ Դատի Յանձնախումբին Նեցուկը Ապահոված Թեկնածուներուն Մեծ Մասը Կ՛ընտրուի

  Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իր աջակցութիւնը վայելող թեկնածուներուն մեծ մասը կրցած է յաջողութիւն արձանագրել երեքշաբթի, 3 նոյեմբերին տեղի ունեցած տեղական ընտրութիւններուն ընթացքին: Նշենք, որ յաղթանակ արձանագրած էր Մոնթեպելլոյի քաղաքապետ Ճեք Հաճինեան, որ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ վերընտրուեցաւ: Անոր կողքին, քաղաքապետական խորհուրդի անդամ վերընտրուած է Ռոլինկ Հիլզեն Ֆրենք Ծերունեան, մինչ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ...

Տինքի Ընտանիքը Կը Բողոքէ Տինքի  Սպանութեան Ամբաստանագիրի Մերժումին Դէմ

Տինքի Ընտանիքը Կը Բողոքէ Տինքի Սպանութեան Ամբաստանագիրի Մերժումին Դէմ

  «Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան խնդիրով, չորեքշաբթի, 4 նոյեմբերին հաղորդուեցաւ, թէ հանրապետական աւագ դատախազութիւնը, «պակասաւոր» ըլլալուն պատճառով, ետ դարձուցած է ահաբեկչական յանցագործութիւններու գրասենեակի դատախազներէն Կէօքալփ Քէօքճիւի կողմէ` 25 կասկածելիներու մասին պատրաստուած ամբաստանագիրը: Ասիկա երկրորդ անգամն է, որ ամբաստանագիրը ետ կը ղրկուի: Դատախազը իր ամբաստանագիրին մէջ հետեւեալները կը պահանջէր. - Այդ ժամանակաշրջանի Տրապիզոնի տեղեկահաւաքի բաժանմունքի տնօրէն Էնկին...

ՀՅԴ Քարոզչական Մարմին.  «Համշէնը Անցեալի Եւ Ներկայի Խաչմերուկներում»  Վաւերագրական Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

ՀՅԴ Քարոզչական Մարմին. «Համշէնը Անցեալի Եւ Ներկայի Խաչմերուկներում» Վաւերագրական Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

Երէկ` ուրբաթ, 6 նոյեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Համշէնը անցեալի եւ ներկայի խաչմերուկներում» վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւնը` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ քարոզչական մարմինին: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Հուրի  Փափազեան-Էմմիեան: Ան ըսաւ, թէ վերջին տարիներուն համշէնահայութեան հիմնախնդիրները դարձած են առօրեայ խնդիրներու քննարկման անբաժան մէկ մասնիկը: Ապա նշեց, որ Համշէնի մասին տեղեկութիւններու բացայայտման առնչութեամբ իր մեծ դերը ունեցած է...

Հայոց Պատմութեան Հիմնահարցերու Հեռակայ  Ծրագիրի Ներկայացում` Լիբանանահայ  Վարժարաններու Տնօրէններու Եւ Ուսուցիչներու

Հայոց Պատմութեան Հիմնահարցերու Հեռակայ Ծրագիրի Ներկայացում` Լիբանանահայ Վարժարաններու Տնօրէններու Եւ Ուսուցիչներու

Երեւանի պետական համալսարանի պատուիրակութեան Լիբանան այցելութեան ծիրին մէջ, երէկ` ուրբաթ, 6 նոյեմբեր 2015-ի յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Երեւանի պետական համալսարանի Հայոց պատմութեան հիմնահարցերու հեռակայ  ծրագիրի ներկայացում: Հանդիպումին ներկայ էին լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններ, հայագիտական դասանիւթերու ուսուցիչներ եւ հայոց պատմութեամբ հետաքրքրուողներ: Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն Մհեր Յովհաննիսեան գոհունակութիւն յայտնեց տրուած առիթին համար, որուն ընդմէջէն...

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին  Առիթով Խաչքարի Տեղադրում` Պքերքէի Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով Խաչքարի Տեղադրում` Պքերքէի Մէջ

Անտիոքի Ասորական մարոնիական եկեղեցւոյ պատրիարքութեան եւ Անտիոքի եւ համայն արեւելքի մարոնի եկեղեցւոյ Պշարա Ռայի պատրիարքին հովանաւորութեամբ երէկ` հինգշաբթի, 5 նոյեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած հայկական խաչքարի բացման արարողութիւն եւ համաքրիստոնէական հաւաք` մասնակցութեամբ քրիստոնեայ համայնքներու պետերուն եւ ներկայացուցիչներուն,  Մարոնի եկեղեցւոյ պատրիարքութեան շրջափակին մէջ, Պքերքէ: Ձեռնարկին ներկայ էր կարտինալ Պշարա Ռային, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա....

«Օրէնսդրական Նիստին Մեր Մասնակցութիւնը  Քննարկումի Ընթացքին Մէջ Է»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Օրէնսդրական Նիստին Մեր Մասնակցութիւնը Քննարկումի Ընթացքին Մէջ Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն տակաւին կը քննարկէ Հայկական երեսփոխանական պլոքին խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին մասնակցութեան հարցը: «Այս իմաստով Կեդրոնական կոմիտէն պիտի խորհրդակցի նաեւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ: Սակայն ի վերջոյ Կեդրոնական կոմիտէն բնականաբար պիտի...

ՔԱԿ Վերջ Տուաւ Թուրքիոյ Հետ  Միակողմանի Զինադադարին

ՔԱԿ Վերջ Տուաւ Թուրքիոյ Հետ Միակողմանի Զինադադարին

Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ) 5 նոյեմբերին յայտարարած է, որ վերջ կու տայ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հետ միակողմանի զինադադարին: ՔԱԿ-ի կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ կը նշուի. «Հրացանաձգութեան միակողմանի դադրեցումին վերջ տրուեցաւ թրքական իշխող կուսակցութեան զինուորական քաղաքականութեան եւ վերջին յարձակումներուն պատճառով»: ՔԱԿ միակողմանի զինադադար յայտարարած էր Թուրքիոյ մէջ 1 նոյեմբերի արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ` 10 հոկտեմբերին: Քրտական...

Նիկոլ Աղբալեանի Վաստակին Հետքերով.  Գործակցութեան Յուշագիրի Ստորագրութիւն`  Երեւանի Պետական Համալսարանի Հրատարակչութեան  Եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Միջեւ

Նիկոլ Աղբալեանի Վաստակին Հետքերով. Գործակցութեան Յուշագիրի Ստորագրութիւն` Երեւանի Պետական Համալսարանի Հրատարակչութեան Եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Միջեւ

Երէկ` հինգշաբթի, 5 նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան մէջ տեղի ունեցաւ Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութեան եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան միջեւ գործընկերութեան յուշագիրի ստորագրութիւն` ներկայութեամբ Երեւանի պետական համալսարանի պատուիրակութեան: Հրատարակչատան մուտքին ցուցադրուած էին Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Երեւանի պետական համալսարանին վերջին հրատարակութիւնները: Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն յայտնեց, որ սոյն...

Մխիթարեան Ուժգնօրէն Ցնցեց Ազրպէյճանցիներուն Բերդը

Մխիթարեան Ուժգնօրէն Ցնցեց Ազրպէյճանցիներուն Բերդը

Սքանչելի եւ բացառիկ կոլով մը, երէկ գիշեր Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան ուժգին հարուածով մը ցնցեց ազրպէյճանական Քապալա խումբին բերդին ուռկանը: «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ անոր կազմը` Պորուսիա Տորթմունտ, 4-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրեց: Մխիթարեան նշանակեց մրցումին 4-րդ կոլը: Տորթմունտ 4-0 Արդիւնքով Ջախջախեց Ազրպէյճանական Քապալան Հենրիխ Մխիթարեան կը տօնէ իր նշանակած կոլը «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին...

Ակնարկ.  Էրտողանին Հետ Շրջագայող  Սահմանադրական Լիազօրութիւններ

Ակնարկ. Էրտողանին Հետ Շրջագայող Սահմանադրական Լիազօրութիւններ

Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու երկրորդ փուլը նախագահ Էրտողանի համար կէս չափով բացաւ սահմանադրական փոփոխութիւններու դուռը: Առաջադրանքը այս փոփոխութիւններուն գերնախագահական համակարգի հաստատումն է, կամ այլ խօսքով` էրտողանական վարքագիծի միաբեւեռացումը: Իշխող կուսակցութեան ապահոված խորհրդարանական աթոռներուն թիւը  չ՛արտօներ, որ սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէի որոշումը առնէ խորհրդարանը: Այստեղ պէտք է միանան իշխող կուսակցութենէն դուրս խորհրդարանական այլ քուէներ, որպէսզի գոյանայ անհրաժեշտ թիւը: Բայց առաջադրուած նուազագոյն թիւի անցողիկութիւն...

«Պուրճ Համուտի Մէջ Աղբ Թափելը Քննելի  Նիւթ Չէ, Իսկ Միշել Մըրի Առաջարկը Ապագայի  Ծրագիր Մըն Է, Որ Պէտք Է Ուսումնասիրել»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Պուրճ Համուտի Մէջ Աղբ Թափելը Քննելի Նիւթ Չէ, Իսկ Միշել Մըրի Առաջարկը Ապագայի Ծրագիր Մըն Է, Որ Պէտք Է Ուսումնասիրել» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Օ. Թի. Վի.» եւ «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայաններուն հետ իր ունեցած հարցազրոյցներուն ընթացքին վերահաստատեց, որ կտրականապէս կը մերժուի Պուրճ Համուտի մէջ բուռ մը աղբ թափել: Անդրադառնալով երեսփոխան Միշել Մըրի կատարած երէկուան յայտարարութեան, թէ Պուրճ Համուտի տարածքին մէջ կը ծրագրուի հաստատել աղբերու զտման գործարան մը, Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ անիկա նորութիւն...

Արամ Ա. Կաթողիկոս «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»-ի Շքանշանով Գնահատեց Գոհար Երգչախումբի  Հիմնադիր Գոհար Խաչատուրեանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»-ի Շքանշանով Գնահատեց Գոհար Երգչախումբի Հիմնադիր Գոհար Խաչատուրեանը

Երկուշաբթի, 2 նոյեմբեր 2015-ի առաւօտուն, ԳՈՀԱՐ երգչախումբին մաս կազմող շուրջ 200 անդամ-անդամուհիները այցելեցին Անթիլիասի մայրավանք` առաջնորդութեամբ երգչախումբի հիմնադիր Գոհար Խաչատուրեանին եւ իր երեք զաւակներուն` Յարութ, Շահէ եւ Նար Խաչատուրեաններուն: Հանդիպումին նաեւ ներկայ էին Լիբանանի պետական հայ երեսփոխանները: Վեհափառ հայրապետը ողջունելով ԳՈՀԱՐ երգչախումբին ներկայութիւնը Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, բարձր գնահատեց հայ երաժշտութեան գոհարները մեր ժողովուրդին տանելու անոր առաքելութիւնը: Արամ Ա. կաթողիկոս իր...

Երեւանի Պետական Համալսարանի  Պատուիրակութեան  Անդամներուն Հետ Հանդիպում-Զրոյց

Երեւանի Պետական Համալսարանի Պատուիրակութեան Անդամներուն Հետ Հանդիպում-Զրոյց

Երեւանի պետական համալսարանի դասախօսներու Լիբանան այցելութեան շրջագիծին մէջ, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, երէկ` երկուշաբթի, 2 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մտերմիկ հանդիպում-զրոյց` պատուիրակութեան անդամներուն հետ: Հանդիպումին ներկայ էին լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններ, նաեւ գաղութի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ: Հանդիպումին բացման խօսքը արտասանեց Ազգային առաջնորդարանի տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Րաֆֆի Տեմիրճեան: Ան յայտնեց,...

Հայ-Քրտական Յարաբերութիւններու  Շուրջ Հարցազրոյց` Վահրամ Պետրոսեանի Հետ

Հայ-Քրտական Յարաբերութիւններու Շուրջ Հարցազրոյց` Վահրամ Պետրոսեանի Հետ

Երկուշաբթի, 2 նոյեմբեր 2015-ին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի հայ-քրտական յարաբերութիւններու բաժինի ղեկավար եւ միջազգային յարաբերութեանց բաժանմունքի ընկալական Վահրամ Պետրոսեանի հետ: Հայ-քրտական յարաբերութիւններուն շուրջ հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Խօսելով հայ-քրտական յարաբերութիւններուն մասին` Վահրամ Պետրոսեան յայտնեց, որ զանոնք կարելի է բաժնել երեք հանգրուանի` 19-րդ դարու կէսէն մինչեւ 1923`...

Մինսքի Խմբակի Յայտարարութիւնը  Վերջին Շրջանի Ամէնէն Կարեւոր  Յառաջընթացը Կարելի Է Նկատել

Մինսքի Խմբակի Յայտարարութիւնը Վերջին Շրջանի Ամէնէն Կարեւոր Յառաջընթացը Կարելի Է Նկատել

Այդ յայտարարութիւնը, որ կատարեցին Մինսքի խմբակի համանախագահները, ըստ էութեան, վերջին շրջանի ամէնէն կարեւոր յառաջընթացը կարելի էր նկատել, որովհետեւ իրենք արդէն հասցէաւորուած ըսին, թէ ո՛վ է մեղաւորը զինադադարի դրութեան խախտման հետ կապուած: Այս մասին «Առաջին լրատուական»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան` աւելցնելով. «Երբ յայտարարութիւնը հնչեց, որ Ազրպէյճանն է, որ կը...

Page 735 of 795 1 … 734 735 736 … 795

Արխիւներ