Հարաւային Ամերիկան Դրական Ակնարկներ Կը Կատարէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ճանաչման Կապակցութեամբ
Հարաւային Ամերիկան, յատկապէս Ուրուկուէյը, նախորդ տարիներուն ընթացքին շատ զօրաւոր պատգամներ յղած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման հարցով: Այս մասին News.am-ի թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ, ԱՊՀ երկիրներու, Հարաւային Կովկասի եւ Մերձսեւծովեան պետութիւններու Ընկերվար միջազգայնականի յանձնախումբի փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեան, որ աշխուժօրէն կը մասնակցի Հարաւային Ամերիկայի մէջ Հայ դատի գրասենեակի գործունէութեան: Անոր համաձայն, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան...




















