Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Քաղաքական Գրեթէ Բոլոր  Ուժերուն Միջեւ Գոյացած Ընդարձակ  Համաձայնութենէն Օր Մը Ետք.   Ահաբեկչական Դատապարտելի Արարքներ  Կը Ցնցեն Հարաւային Արուարձաններու Պըրժ Պարաժնէ  Շրջանը` Խլելով 43 Զոհեր  Եւ Վիրաւորելով 239 Ուրիշներ

Լիբանանեան Քաղաքական Գրեթէ Բոլոր Ուժերուն Միջեւ Գոյացած Ընդարձակ Համաձայնութենէն Օր Մը Ետք. Ահաբեկչական Դատապարտելի Արարքներ Կը Ցնցեն Հարաւային Արուարձաններու Պըրժ Պարաժնէ Շրջանը` Խլելով 43 Զոհեր Եւ Վիրաւորելով 239 Ուրիշներ

Լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ տիրող շուրջ մէկ տարուան լարուածութեան մթնոլորտէն ետք, նախանցեալ օր` 11-11-2015-ին գոյացաւ համաձայնութիւն մը, որ բոլորին կողմէ գնահատուեցաւ իբրեւ ազգային համերաշխութեան եւ միասնականութեան յաղթանակը: Այդ յաղթանակը դրսեւորուեցաւ երէկ` խորհրդարանին գումարած օրէնսդրական նիստին վաւերացուցած օրինագիծերուն ընդմէջէն: Ափսոս սակայն, որ այդ յաղթանակը տեւեց միայն 24 ժամ եւ ուրախութեամբ համակուած լիբանանցիին սիրտը դարձեալ լացաւ ահաբեկչութեան պատճառած իսկական ողբերգութեամբ, որուն հետեւանքները...

Նախագահ Սարգսեան Նախագահած Է Ազգային  Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստին

Նախագահ Սարգսեան Նախագահած Է Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստին

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 12 նոյեմբերին նախագահած է Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին հանգամանօրէն քննարկուած եւ ամփոփուած են 3-6 սեպտեմբերին համապետական տարողութեամբ տեղի ունեցած «Շանթ-2015» ռազմավարական հրամանատարական ղեկավարման մարմիններու ռազմափորձերուն արդիւնքները: Լուսարձակի տակ առնուած են այդ ծիրին մէջ ռազմափորձին բեմագրութեամբ նախատեսուած հիմնական նպատակներուն հասնելու ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքները, արձանագրուած ձեռքբերումներն ու նկատուած բացթողումները, բոլոր գերատեսչութիւններուն ներգրաւումով...

«Շատ Կարեւոր Էր Լաւրովի Արձագանգը Եւրոպական Խորհրդարանի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Փաստաթուղթին»  Յայտարարեց Արմէն Ռուստամեան

«Շատ Կարեւոր Էր Լաւրովի Արձագանգը Եւրոպական Խորհրդարանի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Փաստաթուղթին» Յայտարարեց Արմէն Ռուստամեան

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան բնական կը նկատէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց  նախարար Սերկէյ Լաւրովի այցելութիւնը Հայաստան: Պատասխանելով 168.am-ի հարցումին, թէ ո՞րն էր Լաւրովի այցելութեան իրական նպատակը, Ա. Ռուստամեան ըսաւ, որ Հայաստան-Ռուսիա երկկողմանի յարաբերութիւնները այն որակի են, որ նման այցելութիւններ ուղղակի կրնան նաեւ ամէնօրեայ ըլլալ: «Այդտեղ ես որեւէ արտառոց բան չեմ տեսներ, բայց, վստահաբար, կայ ...

Թուրք Զինուորներ Վանի Եկեղեցին  Իբրեւ Արտաքնոց Կը Գործածեն

Թուրք Զինուորներ Վանի Եկեղեցին Իբրեւ Արտաքնոց Կը Գործածեն

«Էրմենիհապեր» լրատուական կայքը, հիմնուելով «Տիճլէ» լրատուական գործակալութեան տեղեկատուութեան վրայ, կը հաղորդէ, թէ Վանի Ս. Բարթողիմէոս հայկական եկեղեցին, որ կը գտնուի Պաշքալէ շրջանի Ալպայրաք (պատմական` Աղբակ) բնակավայրին մօտ, իբրեւ արտաքնոց կը գործածուի թուրք զինուորներու կողմէ: «Տիճլէ» կայքին վրայ Սելման Քելեշ անունով լրագրող մը կը նշէ, թէ վանքը երկար ժամանակէ ի վեր կը գտնուի զինուորական գօտիի մէջ եւ աւերակի վերածուած է թուրք...

Ապագայի Նոր Տեսլականը

Ապագայի Նոր Տեսլականը

Սիրելի՛ ընթերցող, յարգարժա՛ն հայրենակից, Որոշեցի գրիչ վերցնել եւ խօսիլ քեզի հետ  Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրաւաքաղաքական գործընթացներու մասին. գիտեմ, որ օրուան ծանրաբեռնուած աշխատանքէն, ուսումէն ետք, միեւնոյնն է, չես զլանար լուրեր ստանալու հայրենիքէն: Գիտեմ, որ իւրաքանչիւր լաւ փոփոխութիւն ու յառաջընթաց կ’ուրախացնէ, իսկ մտահոգիչ եւ տհաճ  երեւոյթը կը տխրեցնէ քեզ: Գիտեմ նաեւ, որ քեզի համար գլխաւորը Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան հարցերն են,...

Ազգային Ժողովին Մէջ Ընդունուեցան  Նոյնականացման Քարտերով Քուէարկութեան  Առնչուող Փոփոխութիւնները

Ազգային Ժողովին Մէջ Ընդունուեցան Նոյնականացման Քարտերով Քուէարկութեան Առնչուող Փոփոխութիւնները

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը արտահերթ նիստի մը ընթացքին երէկ ձայներու 94 կողմ, 13 դէմ եւ 18 ձեռնպահ համեմատութեամբ երկրորդ ընթերցանութեամբ եւ ամբողջութեամբ ընդունեց նոյնականացման քարտերով քուէարկութեան  առնչուող վիճայարոյց օրէնսդրական փոփոխութիւնները:

Փութին Յանձնարարած Է Հայաստանի Հետ  Հակաօդային Պաշտպանութեան Միացեալ  Համակարգի Ստեղծման Համաձայնագիր Ստորագրել

Փութին Յանձնարարած Է Հայաստանի Հետ Հակաօդային Պաշտպանութեան Միացեալ Համակարգի Ստեղծման Համաձայնագիր Ստորագրել

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին կարգադրած է Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ համաձայնագիր ստորագրել Հաւաքական անվտանգութեան կովկասեան շրջանին մէջ հակաօդային պաշտպանութեան միացեալ շրջանային համակարգի ստեղծման մասին: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահին համապատասխան կարգադրութիւնը երէկ հրապարակուած է իրաւական տեղեկատուութեան պաշտօնական կայքին վրայ: «Ընդունիլ Ռուսիոյ կառավարութեան առաջարկը Ռուսիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ Հաւաքական անվտանգութեան կովկասեան շրջանին մէջ հակաօդային պաշտպանութեան միացեալ շրջանային համակարգի ստեղծման...

Ուաշինկթընի Մէջ Արցախի Անկախութեան Հարցով  Խորհրդատուութիւններ Տեղի Պիտի Ունենան

Ուաշինկթընի Մէջ Արցախի Անկախութեան Հարցով Խորհրդատուութիւններ Տեղի Պիտի Ունենան

«Ասպարէզ» կը տեղեկացնէ, թէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը Միացեալ Նահանգներու  մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ երկօրեայ խորհրդատուութիւն պիտի կազմակերպէ Արցախի անկախութեան հարցով: «Մենք ուրախ ենք նման կարելիութիւն ընձեռելու Միացեալ Նահանգներուն մէջ Արցախի բարեկամներուն եւ քաջալերելու օրէնսդիրները` ընդդիմանալու Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուող բռնութեան», նշած են Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Արեւելեան շրջանի ղեկավար Ստեֆան Մեսրոպեանն ու Արեւմտեան շրջանի ղեկավար Նորա Յովսէփեանը: Անոնք ընդգծած են, որ...

Միջլիբանանեան Համաձայնութեան Մը  Գոյացման Լոյսին Տակ.   Օրէնսդրական Նիստը Այսօր Կը Գումարուի  Խորհրդարանին Մեծամասնութեամբ

Միջլիբանանեան Համաձայնութեան Մը Գոյացման Լոյսին Տակ. Օրէնսդրական Նիստը Այսօր Կը Գումարուի Խորհրդարանին Մեծամասնութեամբ

  Հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող վերջին մէկ տարուան ընկճուածութեան մթնոլորտին, եւ վերջերս` նախորդ հինգ ամիսներուն ընթացքին քաղաքական ուժերուն միջեւ սաստկացած լարուածութեան, որ այսօր կրնար իր գագաթնակէտին հասնիլ եւ դրսեւորուիլ մագլցողական քայլերով, երէկ Սէուտական Արաբիոյ մէջ «հրաշք հանդիպում»-ի մը ընթացքին այդ մտահոգիչ մթնոլորտը փարատեցաւ` յանգելով լուծումի մը: Ռիատի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերին փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել եւ նախարարներ Ժըպրան...

ՀՅԴ-ն Հրապարակեց «Այո՛»-ն Բացատրող Գրքոյկը.  Նոր Սահմանադրութիւն, Նոր Սկիզբ

ՀՅԴ-ն Հրապարակեց «Այո՛»-ն Բացատրող Գրքոյկը. Նոր Սահմանադրութիւն, Նոր Սկիզբ

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը հրատարակած է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան բարեփոխումներու հանրաքուէի իր «Այո՛»-ն բացատրող գրքոյկը, որուն մէջ ըսուած է. «Հայաստանի մէջ չես գտներ որեւէ մարդ (բացի քանի մը հոգիէն), որ փոփոխութիւն չի ցանկար ու չի պահանջեր: ՀՅ Դաշնակցութեան համոզումով, փոփոխութիւնը պէտք է ըլլայ խորքային ու համակարգային: Յատկապէս այդպիսին է կառավարման համակարգը արմատապէս փոխելը` կիսանախագահականէն անցում կատարելով խորհրդարանական համակարգի: Անձ մը...

Գիտաժողով` Ամսթերտամի  Ազատ Համալսարանին Մէջ

Գիտաժողով` Ամսթերտամի Ազատ Համալսարանին Մէջ

7 նոյեմբերին Ամսթերտամի Ազատ համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ  գիտաժողով` «Չճանչցուած երկիրներ. ո՞րն է լուծումը» նիւթով: Գիտաժողովը կազմակերպած էր ՀՅԴ Հոլանտայի Հայ դատի յանձնախումբը: Դասախօսելու համար հրաւիրուած էին համալսարաններու դասախօսներ, Հոլանտայի խորհրդարանի անդամ Հարի Վան Պոմել եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Սարգսեան: Նախօրէին Ազրպէյճանի դեսպանութիւնը մեծ հակաքարոզչութիւն  ծաւալած էր գիտաժողովին դէմ եւ կառավարութեան ու խորհրդարանին սպառնալից...

Հաղորդագրութիւն

ՀՅԴ-ն Կոչ Կ՛ուղղէ Յետաձգելու Հինգշաբթի Օրուան Նիստը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ յայտարարեց. «Կոչ կ՛ուղղենք խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին, որ յետաձգէ հինգշաբթի օրուան համար հրաւիրուած խորհրդարանի նիստը` առիթ տալու համար յաւելեալ ճիգ ներդրելու եւ յաւելեալ խորհրդակցութիւններ ծաւալելու, որպէսզի կարելի ըլլայ ապահովել ներկայութիւնը աւելի մեծ թիւով խորհրդարանական պլոքներու ու յատկապէս կշիռ ունեցող քրիստոնէական պլոքներու»: Բագրատունի աւելցուց. «Անգամ մը եւս կրկնելով յետաձգումի մեր առաջարկը` ՀՅ...

Վարդան Մելքոնեան Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

Վարդան Մելքոնեան Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

Երէկ առաւօտեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Անգլիոյ թագաւորական սիմֆոնիք նուագախումբի ղեկավարներէն, «Թռչնոց բոյն»-ի նախկին սան Վարդան Մելքոնեանի, ընկերակցութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի անդամներուն: Մելքոնեան վեհափառին յայտնեց Լիբանան այցելելու պատճառն ու զեկուցեց Ցեղասպանութեան տարիներուն հայ ժողովուրդին նկատմամբ նուիրուածութեան օրինակ հանդիսացած Մարիա Ճէյքըպսընի յիշատակին տեղի ունենալիք համերգին մասին: Վեհափառ հայրապետը բարձր գնահատեց Վարդան Մելքոնեանի երախտագիտական մօտեցումները եւ «Թռչնոց...

Մամլոյ Ասուլիս` Վարդան Մելքոնեանին Հետ

Մամլոյ Ասուլիս` Վարդան Մելքոնեանին Հետ

Երէկ` երեքշաբթի, 10 նոյեմբեր 2015-ին Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը` կազմակերպութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին: Կեդրոնական մարմինի ատենապետ Սեդա Խտըշեան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ բացուած յայտարարեց ասուլիսը` ներկայացնելով զեկուցաբեր Վարդան Մելքոնեանը, որ խմբավարն է Լոնտոնի «Ռոյըլ» ֆիլհարմոնիք նուագախումբին: Ան ըսաւ, թէ 19 նոյեմբերին տեղի ունենալիք հանդիսութիւնը եզրափակիչ ձեռնարկն է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի...

Ակնարկ.    ԵԽԽՎ-ն Կը Հակասէ Եւրոպական Խորհրդարանին

Ակնարկ. ԵԽԽՎ-ն Կը Հակասէ Եւրոպական Խորհրդարանին

Արցախի Հանրապետութիւնն ու ազատագրուած տարածքները ազրպէյճանական նկատող Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) բանաձեւը ոչ միայն հայկական կողմին համար, այլ ընդհանրապէս քաղաքական տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ ազրպէյճանական յաղթանակ նկատելը հիմնաւորեալ չի թուիր: ԵԽԽՎ-ի բանաձեւը աւելի շատ երկու ուղղութեամբ խոր հակասութիւններ ստեղծող եւ այդ իմաստով նաեւ նման բանաձեւերու բովանդակութիւնն ու յատկապէս ազդեցիկութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնող երեւոյթ է: Այս մէկը չի նշանակեր, որ նման...

Երեւանի Մէջ Հանդիպումներ Ունենալով  Նախագահ Սարգսեանի Եւ Նալբանդեանի Հետ.  Նախարար Լաւրով Քննադատած Է ԵԽԽՎ-ի  Քաղաքական Հարցերու Յանձնախումբին Որոշումը

Երեւանի Մէջ Հանդիպումներ Ունենալով Նախագահ Սարգսեանի Եւ Նալբանդեանի Հետ. Նախարար Լաւրով Քննադատած Է ԵԽԽՎ-ի Քաղաքական Հարցերու Յանձնախումբին Որոշումը

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Հայաստանի նախագահին հետ հանդիպումին ընթացքին ընդգծած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման այլընտրանք չկայ: Հայաստանի նախագահի պաշտօնական կայքին փոխանցումով` հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեան գոհունակութեամբ նշած է, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւնները աշխուժ կերպով կը զարգանան, որուն, ըստ անոր, կը նպաստեն տարբեր մակարդակի պարբերական փոխադարձ այցելութիւնները, որոնց ծիրին մէջ այս...

Իրան – Հայաստան Գործարար Համաժողով  Թեհրանի Մէջ` 65 Հայ Գործարարներու  Մասնակցութեամբ

Իրան – Հայաստան Գործարար Համաժողով Թեհրանի Մէջ` 65 Հայ Գործարարներու Մասնակցութեամբ

Թեհրանի մէջ սկսած է Իրան-Հայաստան գործարար համաժողովը, որուն կը մասնակցի Հայաստանի տնտեսութեան նախարարին գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մէջ` 65 հայ գործարարներ: Այցելութեան ծիրին մէջ կը նախատեսուի, որ նախարար Կարէն Ճշմարիտեան հանդիպումներ ունենայ Իրանի պետական պաշտօնեաներուն հետ, որոնց մէջ հիմնականօրէն` արդիւնաբերութեան, հանքերու եւ առեւտուրի նախարար Մոհամետ Ռեզա Նեմաթ Զատէի, Իրանի տնտեսութեան (տնտեսական յարաբերութիւններու) եւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Թայեպնիայի, տեղեկատուական եւ հեռահաղորդակցական արհեստագիտութեան...

«Նախագահական Ընտրութիւնը Մօտալուտ Չէ,  Իսկ Օրինակելի Լուծումը  Ընտրական Նոր Օրէնքի Վաւերացումն Է»   Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Նախագահական Ընտրութիւնը Մօտալուտ Չէ, Իսկ Օրինակելի Լուծումը Ընտրական Նոր Օրէնքի Վաւերացումն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Անուար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ երկրին մէջ տիրող հարցերուն եւ քաղաքական հիմնական տագնապին պատճառները սահմանադրութիւնը խախտելու եւ ապօրինի քայլերու դիմելու նախընթացներն են, ինչպէս նաեւ անվստահութիւնն է` ոչ միայն կառավարութեան պարագային, այլեւ ամբողջ իշխանութեան նկատմամբ, հասնելով մինչեւ քաղաքապետարանները, հոգեւորականները, քաղաքական անձնաւորութիւններն ու խորհրդարանը: «Այս պատճառով քաղաքական ուժերն ու  հոգեւոր...

Կազմակերպութեամբ «Ռիփաթ Արմինիա»-ի.  Հայաստան Հաստատուելու Եւ Հայրենիքի Մէջ  Աշխատանքի Առիթներու  Վերաբերեալ Հանդիպում-Զրոյց

Կազմակերպութեամբ «Ռիփաթ Արմինիա»-ի. Հայաստան Հաստատուելու Եւ Հայրենիքի Մէջ Աշխատանքի Առիթներու Վերաբերեալ Հանդիպում-Զրոյց

Կազմակերպութեամբ «Վերադարձ Հայաստան» («Ռիփաթ Արմինիա») կազմակերպութեան, շաբաթ, 7 նոյեմբեր 2015-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00, Հայկազեան համալսարանի եւ Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Իմեճին Արմինիա ֆորում էնտ ճոպ ֆեր» խորագիրը կրող հանդիպում-զրոյցը: Ձեռնարկին առաջին զեկուցումը ներկայացուց «Ռիփաթ Արմինիա» կազմակերպութեան անդամ Րաֆֆի Գասարճեան, որ ընդհանուր կէտերու մէջ խօսեցաւ հայրենադարձութեան կարելիութիւններու մասին: Մեկնելով իր անձնական...

Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Կոմիտաս  Վարդապետի Յուշարձանի  Պաշտօնական Բացում

Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Կոմիտաս Վարդապետի Յուշարձանի Պաշտօնական Բացում

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ պաշտօնական այցելութեամբ Ս. Փեթերսպուրկ գտնուող Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան Ռուսիոյ հիւսիսային մայրաքաղաքի նահանգապետ Կէորկի Փոլթաւչենքոյի հետ մասնակցած է հայ ազգային դասական երաժշտական դպրոցի հիմնադիր, մեծ երգահան Կոմիտաս վարդապետի յուշարձանի բացման հանդիսաւոր արարողութեան: Ներկայ գտնուած են նաեւ Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Օլեկ Եսայեանը, Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Հրայր Կարապետեանը եւ Երեւանի քաղաքապետարանի ներկայացուցչութեան ղեկավար Արմենակ...

Page 734 of 795 1 … 733 734 735 … 795

Արխիւներ