Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն. Հայրենի Երգչուհի Նունէ Եսայեանի Պէյրութեան Ելոյթը` «Կանք, Պիտի Լինենք Ու Դեռ Շատանանք» Համերգաշարի Ծիրին Մէջ

Յունուար 9, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

nune-1_010816

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` ուրբաթ, 8 յունուար 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ հոծ բազմութեան դիմաց ելոյթ ունեցաւ հայրենի սիրուած երգչուհի Նունէ Եսայեան, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած իր «Կանք, պիտի լինենք ու դեռ շատանանք» խորագիրը կրող համերգաշարի շրջագայութեան ծիրին մէջ այցելած էր Լիբանան, ուր չէր եկած աւելի քան 10 տարիէ ի վեր:

nune-2_010816

Յայտագիրը կը ներկայացնէր մեր 100 տարուան պատմութիւնը: Սկսեալ Կոմիտասէն, Սայաթ Նովայէն, մինչեւ Հայոց ցեղասպանութիւն, ապա հայ ժողովուրդի վերելքը, որմէ ետք Ղարաբաղի պատերազմը` հասնելով  մինչեւ մեր օրերը:  Առ այդ, Նունէ Եսայեան իրերայաջորդ կերպով մեկնաբանեց Կոմիտասի «Հով առէք», «Լորիկ», «Հոյ նազան», «Խնկի ծառ» երգերը, ապա Սայաթ Նովայի «Թամամ աշխարհ», «Քամանչա», «Պրոյի», «Ինչ քոնիմ հէքիմն» ստեղծագործութիւնները, որմէ ետք ժողովրդական եւ հայրենասիրական երգերու փունջ մը, ինչպէս` «Ատանայի ողբը», «Զարթի՛ր լաօ», «Տէլէ եաման», «Ագուլիսցի քաջ պատանի», «Գնդակ որոտաց», «Արդեօք ովքեր են», «Մարաթուկ», «Վայ Նարէ», նաեւ «Կիլիկիա», «Մարտիկի երգը», Գուսան Հայկազունէն «Հպարտ գնացէք»,  Ստեփան Լուսիկեանէն «Ազատ Հայաստան», Մանէ Յակոբեանէն «Հայ»-ը, Վաչէ Աւէեանէն «Հայ ենք մենք», «Փառք որ կանք, պիտի լինենք, ու շատանանք», եւ եզրափակեց «Մեր հայրենիք» քայլերգով: Բեմին վրայ զետեղուած էր պաստառ մը, որուն վրայ կը ցուցադրուէին իւրաքանչիւր երգի հետ առնչուող տեսարաններ եւ խօսքեր:

Յայտագիրին իր մասնակցութիւնը բերաւ Համազգայինի «Գայեանէ» պարախումբը, որ ընկերակցեցաւ Նունէ Եսայեանի կարգ մը երգերուն: Ուշագրաւ է, որ Նունէ Եսայեան ուր որ այցելած է, իր ելոյթներուն մէջ ներգրաւած է այդ գաղութի խումբերը, ինչ որ կը խորհրդանշէ Հայաստան –  սփիւռք կապը եւ միասնակամութիւնը, ինչպէս ինք հաստատեց:

 

 

Նախորդը

Հայ Աւետարանական Եկեղեցիները Նշեցին Նոր Տարին Եւ Ս. Ծնունդը

Յաջորդը

Հարցազրոյց` Համակարգչային «Հայապատում» Հարց-Խաղի Հեղինակ Կորիւն Լ. Քէհեայեանի Հետ

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 17, 2025
Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 17, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?