Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը 6 յունուարին կազմակերպած էր փակ քննարկում` նուիրուած Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի սահմանին վրայ տիրող լարուածութեան:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի կայքին համաձայն, հանդիպումին մասնակցած են արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամներ, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք:
Յանձնախումբի նախագահ Էտ Ռոյս իր խօսքին մէջ կոչ ուղղած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային միանալու իրենց, ինչպէս նաեւ յորդորած է Լեռնային Ղարաբաղի հարցը լուծել խաղաղ միջոցներով:
«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բռնութիւնը հասած է գագաթնակէտին: Ամիս մը առաջ մենք լսեցինք, որ Ազրպէյճան կը գործածէ ծանր զէնքեր եւ ռազմական համակարգ` կոպտօրէն խախտելով զինադադարի դրութիւնը: Ինչպէս Ուորլիք ըսած է, ասիկա սառած տագնապ չէ, այլ մոռցուած տագնապ, որ կրնայ դուրս գալ վերահսկողութենէ: Այդ պատճառով մենք կ՛առաջարկենք արձակազէնները հեռացնել սահմանագիծէն: Պէտք է նաեւ յատուկ մեքանիզմներ ներդնել: Ասիկա պէտք է կատարուի կարելի եղածին չափ արագ, որպէսզի վերջ դրուին սպանութիւններուն եւ պատերազմական գործողութիւններուն», յայտնած է Էտ Ռոյս:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Էտ Ռոյս եւ յանձնախումբի անդամ Էլիըթ Էնկել 2015-ի աշնան նամակով դիմած էին ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքին` կոչ ուղղելով Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ ցուցաբերած կեղծ հաւասարութեան ձախող քաղաքականութիւնը փոխելու կառուցողական, հաշուետուողականութեան վրայ հիմնուած մօտեցումով:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի վարիչ տնօրէն Արամ Համբարեան ողջունած է արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի Ազրպէյճանի օրէ օր աճող յարձակողական վարքագիծը քննարկող այս նախաձեռնութիւնը:
«Ատենապետ Ռոյս երկկուսակցական հիմերու վրայ Միացեալ Նահանգներու օրակարգի հարց դարձուցած է Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղութեան խնդիրը` նախագահ Օպամայէն պահանջելով, որ ան Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը զսպելու իր ձախող քայլերը փոխարինէ Ռոյսի եւ Էնկելի միացեալ ազդու եւ վճռական բանաձեւի գործնականացումով, որպէսզի կանխուի պատերազմը», յայտարարած է Համբարեան: