Չորեքշաբթի, 6 յունուար 2016-ին կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին, Անթիլիասի մայրավանք այցելեց Լիբանանի վարչապետ Թամմամ Սալամ: Վարչապետը, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին եկեղեցական արարողութեան աւարտին, անձամբ վեհափառ հայրապետին փոխանցեց իր շնորհաւորութիւնները:
Այցելութիւնը առիթ մը հանդիսացաւ վարչապետին եւ վեհափառ հայրապետին միջեւ խորհրդակցական հանդիպման, որուն ընթացքին քննարկուեցան Միջին Արեւելքի վերջին զարգացումները, Լիբանանի ներկայ կացութիւնը եւ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնները: Անձնական այս խորհրդակցութեան աւարտին ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւս միացան հանդիպումին: