Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Փոխհատուցելու Վտանգաւոր Խաղը

Յունուար 9, 2016
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

n_55657_1

Փակուող տարուան վերջին օրերուն, Թուրքիոյ քեմալական Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան փոխնախագահ Սեզկին Թանրըքուլու Թուրքիոյ խորհրդարանին ներկայացուցած է օրէնքի նախագիծ մը, որով կ՛առաջարկուի Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ սեփական հայրենիքէն բռնի կերպով հեռացած հայերուն ու անոնց մինչեւ 4-րդ սերունդներուն տրամադրել Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն:

Օրէնքի նախագիծին մէջ մասնաւորաբար կ՛առաջարկուի Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն շնորհել Համաշխարհային Ա. պատերազմի սկիզբէն ի վեր Թուրքիոյ Հանրապետութեան ներկայ սահմանները ընդգրկող տարածքին մէջ բնակած բոլոր այն քաղաքացիներուն, որոնք բռնի կերպով աքսորուած են, տեղահանուած կամ զրկուած են Թուրքիոյ քաղաքացիութենէն եւ այժմ ողջ են, կամ անոնց մինչեւ չորրորդ սերունդի ներկայացուցիչներուն: Այսինքն, օրէնքը կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան, 6-7 սեպտեմբեր 1955-ին վնասուած ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն, մասնաւորաբար հայերուն, ասորիներուն եւ յոյներուն:

Կ՛առաջարկուի, որ քաղաքացիութենէն դուրս եկածները դիմեն «այն ժամանակուան անձնագիրներով», «եկեղեցւոյ, սինակոկի կամ պաշտամունքային այլ վայրերէն մէկուն պաշտօնական արձանագրութեան», «փոքրամասնութիւններու հիմնադրամներու կամ այլ առնչակից կազմակերպութիւններու պաշտօնական արձանագրութեան» մասին փաստաթուղթերով, ինչպէս նաեւ արձանագրութեամբ` կատարուած այն երկրին կողմէ, ուր կը նշուի, թէ տուեալ մարդը գաղթած է Թուրքիայէն:

Թուրքիոյ քեմալական Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան այս առաջարկը խորքին մէջ Էրտողանի գլխաւորած խորհրդարանական մեծամասնութիւն կազմող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ծրագիրն է: Այս ծրագիրը, դիւանագիտական խուսանաւումներով քանի մը անգամ ակնարկուած է օրին արտաքին գործոց նախարար եւ այժմու վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի կողմէ:

Տաւութօղլուի ծրագիրը հետեւեալն էր. «Հայկական սփիւռքը մեր սփիւռքն է» բանաձեւին տակ եթէ փորձենք տարբեր առիթներով յայտարարուած, սակայն միեւնոյն համապատկերին մաս կազմող մասերը իրար քով բերել, կը ստանանք հետեւեալը:

Ցեղասպանութեան հետեւանքով կազմուած սփիւռքահայութեան նախահայրերը Օսմանեան կայսրութեան քաղաքացիներ են: Հետեւաբար, անոնք իրաւունք ունին վերականգնելու իրենց հայրերուն քաղաքացիութիւնը իբրեւ իրաւաժառանգորդներ:

Իրաւաժառանգորդութիւնը սակայն միայն քաղաքացիութեան չի վերաբերիր: Անոնք իրաւունք կ՛ունենան նաեւ վերադառնալու իրենց հայրերուն հայրենիքը` «Անատոլու»: Քաղաքացիութենէն եւ վերադարձի իրաւունքէն ետք կու գայ երրորդը: Եթէ իրենց մօտ ունին փաստաթուղթեր, որոնք կը վկայեն կալուածներու պատկանելիութեան մասին, կրնան վերատիրանալ անոնց: Եթէ ոչ` փոխհատուցուիլ, իբրեւ ծրագիրին չորրորդ կէտը: Եւ անշուշտ հինգերորդը, կալուածին վերատիրանալէ կամ փոխհատուցուելէ ետք, կը ստորագրեն անդորրագիր մը, որ իրենք ստացած են իրենց իրաւունքները իրենց նախահայրերուն դէմ կատարուած բռնութիւններուն կամ բռնագաղթին հետեւանքով կրած անիրաւութիւններուն դիմաց:

Այսքան «մարդասիրական» ծրագիր մը հիմա կը հրամցուի բոլոր փոքրամասնութիւններուն: Դերերու բաշխումը եւ համադրումը աւելի քան պարզ է այս պարագային:

Տաւութօղլուի, այսինքն պաշտօնական Անգարայի ծրագիրը իրաւական ընթացակարգի մէջ տեղադրելու պարտականութիւնը վերցուցած է Թուրքիոյ քեմալական Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը: Տաւութօղլուի ծրագիրին իրականացման փորձին դիմաց հայկական կողմը չի կրնար պարագայականութեան եւ պատահականութեան տեսութիւններով հակազդել:

Անգարայի այս ծուղակը, խորքին մէջ փոխհատուցելու ձգողականութեամբ, չէ բացառուած, որ հայկական շրջանակներ ներգրաւէ: Ծրագիրին չերեւցող ծալքերը, քաղաքական բուն շարժառիթները պէտք է բացայայտել եւ համակողմանի կեցուածք ճշդել վտանգաւոր այս խաղը կանխարգիլելու համար:

Այս խաղին դրական բաժինը այն է, որ իրաւաժառանգորդութեան տեսակէտը երկկողմանի կ՛աշխատի: Այս ծրագիրին մէջ եթէ սփիւռքահայերը Օսմանեան կայսրութեան քաղաքացիներուն ժառանգորդներն են, ապա Թուրքիոյ գործող իշխանութիւններն ալ Օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդները. իսկ իրաւայաջորդները  նաեւ պատասխանատու կը նկատուին իրենց նախահայրերուն գործադրած ցեղասպանութեան:

 «Ա.»

 

Նախորդը

Ամերիկեան Քոնկրեսին Մէջ Փակ Քննարկում` Արցախի Սահմանին Վրայ Տիրող Լարուածութեան Մասին

Յաջորդը

Թենիս. Աղջկանց Դասաւորման Առաջին Դիրքը Գրաւողներուն Վեցէն Հինգը Հրաժարեցան Մասնակցիլ Տարուան Առաջին Մրցաշարքերուն

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ

Հոկտեմբեր 17, 2025
Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Նախագահ Աուն. « Լիթանիէն Հարաւ Բանակի Անդամներուն Թիւը Այս Տարեվերջին Պիտի Հասնի Շուրջ 10 Հազարի»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. « Լիթանիէն Հարաւ Բանակի Անդամներուն Թիւը Այս Տարեվերջին Պիտի Հասնի Շուրջ 10 Հազարի»

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?