Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պասքեթպոլի Դաս Մը Տուաւ Լիբանանի Բաժակակիրին Եւ Գերբաժակակիրին` Պիպլոսին

January 11, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

team_010916

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումները աւարտեցան շաբաթ, 9 յունուարին, երբ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ հիւրընկալեց Պիպլոսը:

ՀՄԸՄ, որ տարեշրջանի իր բացման մրցումին պարտութեան մատնած էր Շանվիլը, արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` 83-76 արդիւնքով (21-26, 36-45, 57-67 եւ 83-76):

Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ ՀՄԸՄ պասքեթպոլի դաս մը տուաւ Պիպլոսին, որ վերջերս հանդիսացած էր Լիբանանի գերբաժակակիր, իսկ անկէ առաջ ալ տիրացած էր Հանրի Շալհուպի անուան պասքեթպոլի մրցաշարքին եւ Լիբանանի բաժակին:

match_010916match1_010916Շաբաթ օրուան այս մրցումին ՀՄԸՄ յաջողեցաւ 17 կէտի իր ուշացումը վերածել 7 կէտի առաւելութեամբ մեծ յաղթանակի մը` այսպիսով փաստելով, որ ՀՄԸՄ ոչ միայն զօրաւոր է յարձակողական խաղաոճին մէջ, այլ նաեւ` պաշտպանողականին մէջ:

Մրցումը սկսաւ կէտերու գրեթէ հաւասարութեամբ, երբ առաջին քորթըրին Պիպլոս 5 կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ մինչ Ա. կիսախաղը աւարտեց 9 կէտի առաւելութեամբ:

Երրորդ քորթըրին սկիզբը Պիպլոս 17 կէտով գերազանցեց ՀՄԸՄ-ը, սակայն ՀՄԸՄ-ի մարզիկները հետզհետէ կէտերու տարբերութիւնը նուազեցնելով 4-րդ քորթըրը սկսան 10 կէտ ուշացումով:

ՀՄԸՄ վերջին քորթըրին իր նշանակած յաջորդական 8 կէտերէն ետք յաջողեցաւ հաւասարեցնել արդիւնքը, ապա գերազանցելով իր հիւրը մանաւանդ վերջին երկու վայրկեանին, կրցաւ տանիլ վերջնական յաղթանակը` 7 կէտի առաւելութեամբ:

Մրցումին առաջին երեք քորթըրներուն պատկերը ցոյց կու տար, որ ժիպէյլեան խումբը կ՛ուղղուի դէպի յաղթանակ, սակայն ՀՄԸՄ-ի տղաքը իրենց վերջնական խօսքը ցարդ չէին ըսած եւ ատոր մէջ յաջողեցան, երբ յաղթեցին Պիպլոսի, որ այսպիսով կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը:

Բնականաբար, ՀՄԸՄ-ի արձանագրած այս մեծ յաղթանակին մէջ կարեւոր եւ շատ մեծ դեր ունեցան «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրը ամբողջութեամբ լեցուցած ՀՄԸՄ-ի համակիրները, որոնք ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ անդադար քաջալերեցին իրենց կազմը:

Լիբանանեան շարք մը կայքեր եւ լրատուամիջոցներ երէկ անդրադառնալով այս մրցումին նշեցին, որ ՀՄԸՄ այս ախոյեանութեան սեւ Նժոյգը պիտի ըլլայ եւ տիտղոսին թեկնածուներէն մէկը:

Նշենք, որ այսօր` երկուշաբթի, 11 յունուարին, Գ. հանգրուանին ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ պիտի մրցի Լուէյզիի դէմ: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին, տեղի պիտի ունենայ Սանթրալի դաշտին վրայ (Ժունիէ):

Յայտնենք նաեւ, որ այս մրցումին երկրորդ քորթըրին, ՀՄԸՄ-ի խմբապետ Սեւակ Քեթենճեան վիրաւորուելով մրցումը չկրցաւ շարունակել:

VIP_010916

Շաբաթ օրուան այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի մարզիկները դաշտ ներկայացան հետեւեալ կազմով (փակագիծերուն մէջ նշուած են անոնց դաշտ ներկայացած ժամանակը եւ նշանակած կէտերը).

fans_010916

Նորվել Փելէ (29′ 23″, 22 կէտ, 16 ռիպաունտ), Նատիմ Սուէյտ (32′ 11″, 16 կէտ, 7 ռիպաունտ, 3 թրի փոյնթ), Ճասթին Թապզ (39′ 23″, 22 կէտ, 12 ռիպաունտ, 2 թրի փոյնթ), Ահմետ Իպրահիմ (39′ 20″, 14 կէտ, 4 ռիպաունտ, 2 թրի փոյնթ), Սեւակ Քեթենճեան (9′ 04″), Պիլալ Թապպարա (0′ 35″), Պատիհ Սուէյտ (11′ 50″, 3 ռիպաունտ) եւ Տուայն Ճեքսըն (38′ 10″, 9 կէտ, 5 ռիպաունտ, 2 թրի  փոյնթ):

Ինչ կը վերաբերի Պիպլոսի մարզիկներուն, պատկերը հետեւեալն է.

Սթիւըն Պըրթ (32′ 11″, 16 կէտ, 2 ռիպաունտ, 2 թրի փոյնթ), Ճէյ Եանկպլատ (38′ 01″, 20 կէտ, 9 ռիպաունտ, 2 թրի փոյնթ), Պրաուն Շերվուտ (35′ 51″, 17 կէտ, 9 ռիպաունտ, 4 թրի փոյնթ), Պասել Պաուժի (34′ 17″, 10 կէտ, 15 ռիպաունտ) եւ Ճօ Վոկըլ (27′ 42″, 13 կէտ, 13 ռիպաունտ, 3 թրի փոյնթ):

Մրցումին իրաւարարներն էին Ռապպահ Նըժէյմ, Փոլ Սքայեմ եւ Նիքոլա Մաալուֆ:

Նշենք, որ երէկ` 3-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, Շանվիլ Տիք Մըհտիի մէջ հիւրընկալեց Սաժեսը:

Շանվիլ, որ իր կատարած առաջին երկու մրցումներուն պարտուած էր, երէկ արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը` 93-82 արդիւնքով:

Սակայն անոր արձանագրած այս յաղթանակը պատճառ դարձաւ, որ Սաժես կրէ յաջորդական իր երկրորդ պարտութիւնը:

Լուսանկարները տրամադրեց`
PROFOTO

Նախորդը

Կռփամարտ. Նոել Գէոր Պաշտպանեց WBO-ի Տիտղոսը

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւնները Կը Սկսին Նոր Տարին. Խանդավառ Զոյգ Ձեռնարկներ` Կրտսեր Եւ Երէց Պատանեկան Միութիւններուն Անդամներուն Համար

RelatedPosts

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան 29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը` Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ

January 14, 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ-ն Որոշեց Մասնակցիլ 2026-ի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն` Նախապատուութիւնը Տալով Դաշինքային Ձեւաչափին

January 14, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան.  Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու  Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան. Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.