Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը Ս. Էջմիածինի Մէջ

Յունուար 8, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Մեր Ժամանակուան Մեծագոյն
Մարտահրաւէրներէն Է Խաղաղութեան Խաթարումը»

Հաստատեց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը

Echmiyatzin1_010616

Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով Մայր Աթոռի Ս. Էջմիածինի մէջ Ս. պատարագ մատուցեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը:

Echmiyatzin3_010616

Echmiyatzin2_010616Ներկայ էին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան, վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, պատգամաւորներ եւ նախարարներ, պետական բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած օտար դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներ, հասարակական գործիչներ, կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի ներկայացուցիչներ:

Echmiyatzin4_010616

Իր պատգամին մէջ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը հոգիի բերկրութեամբ ողջունեց համայն հայութիւնը` աւետելով Քրիստոսի ծնունդը:

Ան ըսաւ, որ մարդեղացեալ Աստուածորդին Իր փրկչական առաքելութեամբ շրջափոխեց պատմութեան ընթացքը` մարդիկը կոչելով սիրոյ եւ խաղաղութեան սկզբունքի վրայ հաստատելու իրենց կեանքը: Քրիստոս մարդոց կը պարգեւէ այս աշխարհին մեծագոյն բարիքը` Իր խաղաղութիւնը:

«Փրկիչին խաղաղութեան կոչին ու հրաւէրին դէմ յանդիման մեր ժամանակուան մեծագոյն  մարտահրաւէրներէն է անհատի, հասարակութեանց ու պետութեանց կեանքերուն մէջ խաղաղութեան խաթարումը: Մարդկութիւնը  21-րդ դար թեւակոխած է մեծ տագնապներով: Հակամարտութիւններ, աշխարհաքաղաքական շահերու բախում, ճգնաժամեր եւ մարդկային աղէտներ կը շարունակեն յուզել աշխարհը, սերմանել անհանդուրժողութիւն ու անվստահութիւն, սփռել աւեր, աղքատութիւն, տառապանքներ: Հասարակութեան մէջ կը խաթարուին բարքերը, կը խեղաթիւրուին հոգեւոր-բարոյական արժէքները, առաւել տարածում կը գտնեն կեղծիքը, մոլութիւնները, սպանութիւնները, կը սասանին ընկերային կեանքի, ընտանիքի հիմքերը: Ծայրայեղական գաղափարներ քարոզող ահաբեկչական խմբաւորումները հաւատքի անունով մահ ու աւեր կը սփռեն յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, ուր այլ ժողովուրդներու կողքին կը տառապին եւ զրկանքներ կը կրեն նաեւ մեր ժողովուրդի զաւակները», ըսաւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը:

Այս կործանարար եւ աղէտաբեր կացութիւններուն մէջ մարդկութիւնը ելք կը փորձէ գտնել, նշեց վեհափառ հայրապետը` հաստատելով, որ Ս. Ծնունդին այս վիճակին ի պատասխան քաղցրօրէն կը հնչէ Յիսուս Քրիստոսի յուսադրող խօսքը. «Խաղաղութիւն կը ձգեմ ձեզի, Իմ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի, ձեզի չեմ տար ինչպէս որ այս աշխարհը կու տայ»: «Քրիստոսի պարգեւածը այս աշխարհի խաղաղութիւնը չէ, որ անհաստատ է եւ անկայուն: Քրիստոսի խաղաղութիւնը հոգիի խաղաղութիւնն է, որ խարսխուած է առ Աստուած հաւատքի, Աստուծոյ խօսքին ու պատուիրաններուն վրայ, եւ որ կը վերափոխէ կեանքը: Անիկա կը բնակի անչար սրտին մէջ, ճշմարտութեան, արդարութեան մէջ, կը զօրանայ յաւիտենական կեանքի յոյսով ապրող հոգիներուն մէջ: Արդարեւ, կեանքը կանգուն է Աստուծոյ սիրով լեցուն հոգիի խաղաղութեամբ: Ամէն բան անհաստատ է, երբ մարդոց մէջ կը տկարանայ Աստուծոյ ներկայութեան զգացումը, երբ մարդկային կապերը եւ ազգերու ու պետութիւններու յարաբերութիւնները կը կառուցուին լոկ սեփական շահերու ու ձգտումներու կամ` պարտադրանքի վրայ: Գտնել Քրիստոսի խաղաղութիւնը, կը նշանակէ ունենալ սէր եւ երջանկութիւն ընտանիքներուն մէջ, համերաշխութիւն ու բարօրութիւն հասարակութեանց ու պետութեանց մէջ», հաստատեց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը:

Echmiyatzin_010616Echmiyatzin5_010616Վեհափառ հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ հայկական եւ մանաւանդ Հայաստանի իրականութեան` դիտել տալով, որ հոն եւս ծառացած է խաղաղութեան պահպանման հրամայականը: Գարեգին Բ. կաթողիկոս յիշեց Հայաստանի շրջափակուած իրավիճակը, Արցախի ժողովուրդին ազատ ապրելու իրաւունքի ոտնահարման փորձերը: «Կը հաւատանք, որ խաղաղութեան նախանձախնդրութեամբ եւ առ Քրիստոս հաւատքով զօրացեալ` մեր ժողովուրդը իր հոգիի խաղաղութիւնը  պատուար պիտի դարձնէ ընդդէմ թշնամիին յարձակումներուն, անխորտակելի վահան` ընդդէմ հայրենեաց սահմաններու ոտնձգութիւններուն` հերոսաբար պաշտպանելով մեր երկիրն ու սրբազան արժէքները եւ կուռ ու միասնական ոգիով ներդնելով իր ջանքերը դժուարութիւնները յաղթահարելու, շէնցնելու մեր հայրենիքը եւ աշխարհասփիւռ մեր կեանքը», վստահեցուց Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը:

Ան կոչ ուղղեց աներկմիտ, անվարան հաւատքով հետեւելու Տիրոջ պատգամներուն, անոնցմով առաջնորդուելով «թող մեր սրտերը չխռովին եւ վախ չունենանք: Ապաւինինք ո՛չ միայն մարդկային մեր տկար ուժերուն, այլ նաեւ Աստուծոյ օրհնութեան, որ անկարելին կարելի կը դարձնէ: Պարտաւորութենէն աւելի առաջնորդուինք  ծառայութեան, սիրոյ ու նուիրումի ոգիով, որով ծնունդ առած մեր գործերը հանապազօրեայ անհրաժեշտութիւն են` իրականացնելու համար ազգային զարթօնքի, լուսաւոր գալիքի մեր տեսիլքները»:

Իր խօսքը եզրափակելով Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը կոչ ուղղեց աղօթելու, որպէսզի Տէրը երկնային շնորհներով, հաւատքով, յոյսով ու սիրով զօրացնէ մարդոց հոգիները` կերտելու ապահով, խաղաղ ու բարօր աշխարհ, խաղաղ պահէ նաեւ մեր երկիրն ու ժողովուրդը, օրհնէ մեր կեանքը այս աշխարհին մէջ եւ առաջնորդէ դէպի յաւիտենական կեանքի լոյս:

Իր խօսքին մէջ վեհափառ հայրապետը ողջոյններ յղեց նաեւ Հայ առաքելական Ս. եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու գահակալներուն:

Ս. պատարագի աւարտին կատարուեցաւ ջրօրհնէքի արարողութիւն:

Ս. պատարագէն ետք «Ալեք եւ Մարի Մանուկեան» գանձատան մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը ընդունեց շնորհաւորութիւններ:

Նախորդը

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին Մէջ

Յաջորդը

Մանչեսթըր Եունայթըտ Կերըթ Պէյլի Համար Կ՛առաջարկէ 102 Միլիոն Եւրօ

RelatedPosts

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն
Հայկական

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւն

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?