Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օրհնեալ Է Յայտնութիւնն Քրիստոսի

Յունուար 6, 2016
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Bishop-Shahe-Panossian_9-30-15Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, կու գամ սրտագինս ողջունելու լիբանանահայ մեր ժողովուրդի զաւակները եւ մաղթելու, որ Ս. Ծննդեան նորոգող եւ կենարար լոյսը բոլորին բերէ նոր, աւելի բարօր, աւելի ազնիւ եւ ներդաշնակ կեանքի մը փորձառութիւնը:

Կ՛անդրադառնամ, որ յատկապէս միջինարեւելեան կեանքի անկայուն մեր պայմաններուն հետեւանքով, մեր ժողովուրդը 2015 տարին կը փակէ ծանրաբեռնուած աշխարհի հարցերով եւ առօրեայ կեանքի մտահոգութիւններով: Այլ սակայն, ահաւասիկ, դարձեալ Նոր տարին է մեր դիմաց եւ մենք, տօնական մթնոլորտի մէջ, կը հրաւիրուինք վերյիշելու, որ քսանմէկ դարեր առաջ, Բեթղեհէմի մթին երկնակամարին վրայ շողացող աստղի մը յայտնութեամբ, Փրկիչին ծննդեան աւետիսը տրուեցաւ տագնապահար մեր աշխարհին ու մարդկութեան:

Աստուած մարդացաւ, որպէսզի կեանքին մէջ Իր ներկայութեամբ, աշխարհը շարունակաբար ողողուի Աստուծոյ ճանաչողութեան ճառագայթով:

Վստահաբար, ընկերային ու հասարակական տագնապներով լեցուն մեր առօրեային մէջ, այսօր մենք դարձեալ կարիքը կը զգանք երկնային պայծառ լոյսի մը յայտնութեան, որպէսզի անով կարենանք կրկին անգամ հարազատօրէն վերապրիլ Ս. Ծննդեան կենսատու աւետիսը` անով լուսաւորելու մեր գոյութիւնը եւ անոր առաջնորդութեամբ հասնելու աւելի գեղեցիկ, աւելի ազնիւ եւ աւելի արդար ու աստուածահաճոյ կեանքի մը պայմաններուն:

Հետեւաբար, մեր սրտագին մաղթանքն է, որ 2016 թուական մուտք գործենք երկնային կենարար լոյսի առաջնորդութեամբ, աստուածաստեղծ կեանքի հարազատ պատկերը մեր աշխարհին մէջ դարձեալ վերականգնուած տեսնելու անկեղծ բաղձանքով ու հոգեկան մեր խռովքը ընդմիշտ փարատելու տենչով:

Սակայն բոլորս ալ գիտենք, որ ներկայ աշխարհին մէջ անհրաժեշտ են բարոյական կամք, մասնաւոր հոգեւոր ճիգ եւ գիտակից հաւատք, որպէսզի Ս. Ծննդեան նորոգող եւ կենդանարար լոյսը թափանցէ աշխարհով կլանուած մարդկային մեր գիտակցութեան մէջ եւ հասնի մեր հոգիներուն: Բոլորս ալ կ՛անդրադառնանք նաեւ, որ օտարամուտ բարքերու դիմաց, ներքին կործանարար տագնապներու հանդիսարանի սկսած է վերածուիլ նաեւ մեր ընտանեկան եւ ազգային առօրեան: Այո՛, այսօր, ափսոսանքով պէտք է նաեւ անդրադառնանք, որ մեր կեանքէն սկսած են նահանջել ու անհետանալ նաեւ այն քրիստոնէական առաքինութիւններն ու ազգային տոհմիկ բարքերը, որոնք դարեր շարունակ, նոյնիսկ սփիւռքեան պայմաններու մէջ, պայծառատես հաւատքի եւ հերոսական ճիգի մէջ պահեցին մեր ժողովուրդը:

Արդ, տօնական այս մթնոլորտին մէջ, աշխարհի մտահոգութիւններէն եւ տագնապներէն չսասանելու ցանկութեամբ, մեր կեանքին մէջ երկնային լոյս եւ առաջնորդութիւն ունենալու անկեղծ տենչով ու մարդկային ընկերութեան մէջ սիրոյ, արդարութեան ու ճշմարիտ եղբայրութեան ներդաշնակ կեանք տեսնելու սրտագին սպասումով, մեր հոգիի աչքերը ուղղելով դէպի Աստուած` դէպի աղբիւրը բոլոր բարիքներուն եւ անմահական պարգեւներուն, հեղ մը եւս մեր սրտի բաղձանքը միացնենք հրեշտակներու երկնաբարբառ մեղեդիին եւ ըսենք.

«Փառք ի բարձունս Աստուծոյ եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն»:

Ամանորեան այս մթնոլորտի մէջ կու գամ ի սրտէ մաղթելու, որ Ս. Ծննդեան վերափոխիչ եւ կենդանարար շունչը մեր մէջ ծնունդ տայ աւելի բարիին, աւելի վսեմին ու ճշմարիտին: Թող որ աստուածային օրհնութեան հետ, մեր կեանքին մէջ դարձեալ ճառագայթեն հայ եկեղեցւոյ ու հայոց պատմութեան դարաւոր արժէքները, որպէսզի մենք կարենանք նաեւ մեր հաւաքական կեանքը վարել երկնային լոյսի առաջնորդութեամբ, աչալուրջ եւ շրջահայեաց կենցաղով, ազգային շունչով ու հայրենական հաւատարմութեամբ:

Թող ամենաբարին Աստուած օրհնէ մեր հայրենիքը եւ զայն դարձնէ աւելի բարգաւաճ ու ծաղկուն, կեանքի կործանարար անակնկալներէն պաշտպանէ Լիբանանը, զօրացնէ մեր ազգի կեանքին մէջ գործող եկեղեցիները, վարժարանները, հոգեւոր եւ ազգային կեդրոններն ու կառոյցները եւ զանոնք շարունակաբար մղէ ապագայատեսիլ  աշխատանքի: Եւ վերջապէս, երկնային լոյսի հպումին կարօտ հաւատացեալ մեր ժողովուրդին կը մաղթենք բարի տարի, արի հաւատք եւ երկնային կենդանարար լոյս:

Շնորհաւոր Նոր տարի: Ձեզ եւ մեզ մեծ աւետիս. Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ:

Օրհնեալ է յայտնութիւնն Քրիստոսի:

Աղօթարար`
ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ

Նախորդը

Մեր Փրկութեան Իրական Տօնը

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Հայրապետական Պատգամը. Քրիստոսի Ծնունդը` Վերածնունդը Մարդուն

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 15, 2025
Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 15, 2025
Շինծու Գործերով Ձերբակալուած  ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու  Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Շինծու Գործերով Ձերբակալուած ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու Մամլոյ Ասուլիսը

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?