Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Փրկութեան Իրական Տօնը

Յունուար 6, 2016
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Վասնզի ձեզի այսօր Փրկիչ մը ծնաւ
Դաւիթի քաղաքին մէջ, որ Օծեալ Տէր է»:
(Ղուկ. 2.11)

010616_karaguezian-420x299Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնին մէջ Օծեալ Տէրն է, որ կը դիմաւորենք, Խաղաղութեան Իշխանը, Փրկիչը. կը տօնենք Աստուածայայտնութիւնը, Էմմանուէլը` Աստուծոյ մեզի հետ ըլլալը: Սակայն, մեր տօնակատարութիւնը իր իսկական իմաստէն պարպած կ՛ըլլանք, եթէ զայն բանտարկենք օրերու եւ ժամերու մէջ, կամ` մեր վիճակներուն եւ պայմաններուն մէջ: Եւ այդպէս` կը կորսնցնենք փրկութեան իրական զօրութիւնն ու ազդեցութիւնը, տօնը վերածելով սնամէջ, անիմաստ եւ կարճատեւ խրախճանքի:

Ս. Ծնունդը իրական տօն է մեզի համար, քանի որ Փրկիչը «մեզի համար» ծնաւ: Ան ոեւէ մէկուն ոեւէ փրկիչը չէ, այլ` մեզի Փրկիչ է: Եթէ մենք Անոր հետ կը վարուինք իբրեւ ուրիշներու փրկիչ մը, ապա մենք մեզ կը զրկենք իրական տօնէն: Իսկական տօնը կը սկսի եւ կ՛իմաստաւորուի, երբ տօնին մէջ մենք գիտակցաբար կը դիմաւորենք «մե՛ր Փրկիչը»: Եթէ զԱնիկա «մերը» չենք սեպեր` ա՛լ շատեկան չի դառնար, թէ ո՛վ է Ան եւ զո՛վ կը փրկէ, ինչպէ՛ս կը փրկէ եւ ե՛րբ կը փրկէ:

Ս. Ծնունդը իրական տօն է մեզի համար, քանի որ Փրկիչը «այսօ՛ր» ծնաւ: «Այսօր»-ը պատմական քսանչորս ժամերու հարց չէ. ա՛յն օրն է, որուն մէջ կ՛իրականանան շատ հին ժամանակներու մարգարէութիւնները, բոլոր ժամանակներուն համար. ա՛յն օրն է, «զոր Տէրը ստեղծեց». ա՛յն օրն է, որ մնայուն ներկան է: Աստուած, որ ժամանակները ստեղծեց առաջին օրը ստեղծելով, Ի՛նք կը մտնէ մեր ժամանակին մէջ, զայն վերածելով Իր ներկայութեան ժամանակին: Ուրեմն` անհեթեթ կը դառնայ հարցումը, թէ` ո՞ր օրուան եւ ո՞ր ժամուն մէջ մեզ պիտի փրկէ Աստուած. Ան կը փրկէ մեզ, այնքան ատեն որ «այսօր»-ը ունինք: Ան չի պայմանաւորեր Իր փրկութիւնը մեր պայմաններով եւ վիճակներով կամ փոփոխութեամբը անոնց, որոնցմէ ազատիլ կը փափաքինք եւ կը փորձենք: Ան միշտ Փրկիչ է:

Ս. Ծնունդը իրական տօն է մեզի համար, քանի որ Փրկիչը ծնա՛ւ, այսինքն` Անոր ծնունդը կատարուեցաւ: Փրկութեան պարզ խոստում մը չէ այս, որ ապագային կը պատկանի, այլ` իրականութիւն մը, որ կատարեալ է: Մոգերն ու հովիւները նշանի մը պէտք ունէին, որպէսզի մարդ արարածին փրկուելու կարելիութեան իրական ըլլալը կարենան հաստատել. եւ` նշանը աստղ մը չէր կրնար ըլլալ, ո՛չ ալ հրեշտակային երգեցողութեան տեսիլք մը: Նշանը նոյնքան իրական եւ շօշափելի պէտք էր ըլլար, որքան` փրկութիւնը, որքան` այսօրուան ժամանակը: Նշանը` խանձարուրի մէջ փաթթուած ու մսուրին մէջ պառկած «իրական» մանուկը կրնար ըլլալ միայն: Ահա այդ մանուկը Փրկիչն է, Օծեալ Տէրը, նոյնիսկ` մանկական «անկարող» իր թաթիկներով մեզ փրկող:

Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծնունդին մէջ` Կատարեալն է, որ կու գայ անկատարին, Ամենասուրբը, որ կու գայ մեղաւորին, Ամենակարողը, որ կու գայ անկարողին, Անժամանակը, որ կու գայ ժամանակաւորին, Անսահմանը, որ կու գայ սահմանափակին, Հաստատուն Վէմը, որ կու գայ տատանողին, Փնտռողը, որ կու գայ կորսուածին իրական Փրկիչ ըլլալու: Ահա մեծագոյն ուրախութեան առիթը մեր այսօրուան համար:

Քրիստոս ծնաւ եւ  յայտնեցաւ,
ձեզի մեզի մեծ աւետիս:

ՎԵՐ. ՄԿՐՏԻՉ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ
ՆԱԽԱԳԱՀ ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ

Յունուար 2016

Նախորդը

Արհիապատիւ Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան Եւ Սարգիս Նաճարեան Այցելեցին «Ազդակ»

Յաջորդը

Օրհնեալ Է Յայտնութիւնն Քրիստոսի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?