Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Թէ Երկկողմանի Երկխօսութիւնները Շարունակելու Առումով Լիբանան Կը Հաստատէ Իր Միացեալ Կեցուածքը` Մերժելով Հըզպալլան Ահաբեկչական Որակել

Յունուար 11, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ժըպրան Պասիլ
Ժըպրան Պասիլ

Լիբանանեան քաղաքական ուժերը այսօր կէսօրին պիտի շարունակեն ազգային երկխօսութիւնը, իսկ երեկոյեան Այն Թինէի մէջ պիտի շարունակուի Հըզպալլա-Մուսթաքպալ երկխօսութիւնը` նկատի ունենալով երկրին հարցերը միայն երկխօսութեան միջոցով լուծելու բոլորին գիտակցութիւնը:

Ներքին առումով խորհրդակցութիւններ կատարելու լիբանանեան միացեալ կամքը դրսեւորուեցաւ շաբաթավերջին, եւ այս գծով պահուած էր նաեւ անակնկալ մը:

Անակնկալը յայտարարուեցաւ Գահիրէէն, երբ Արաբական լիկայի արաբ արտաքին գործոց նախարարներու նիստին ընթացքին արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ ձեռնպահ մնաց խորհրդաժողովի պաշտօնական հաղորդագրութեան քուէարկելու իմաստով` մերժելով Հըզպալլան ահաբեկչական խմբաւորում որակել:

Արաբ արտաքին գործոց նախարարներու խորհրդաժողովէն ետք Պասիլ շեշտեց, որ Լիբանան Գահիրէի մէջ տեղի ունեցող այս նիստին իր մասնակցութիւնը բերած է Սէուտական Արաբիոյ զօրակցելու նպատակով: Ան ընդգծեց, որ իրենք կը դատապարտեն Թեհրանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան դէմ յարձակումը` յանձնառու մնալով այլ երկիրներու ներքին հարցերուն չմիջամտելու իմաստով Լիբանանի ստորագրած միջազգային համաձայնագիրներուն եւ ուխտին:

Պասիլ նշեց, որ շրջանային տագնապներուն առումով Լիբանան չէզոք մնալու կեցուածքը որդեգրած է` առաջնահերթ նկատելով իր ներքին միասնականութիւնը, սակայն իբրեւ այդպիսին ան չէ խոչընդոտած Սէուտական Արաբիոյ նկատմամբ արաբական զօրակցութիւնը:

«Լիբանան մերժեց խորհրդաժողովէն բխած պաշտօնական հաղորդագրութեան քուէարկել, որովհետեւ հաղորդագրութեան մէջ Հըզպալլային «ահաբեկչական կազմակերպութիւն» որակումը տրուած էր», ըսաւ ան:

Խորհրդաժողովին ընթացքին Պասիլ ընդգծած էր, որ Լիբանան նեցուկ կը կանգնի Սէուտական Արաբիոյ եւ կոչ ուղղած վերջ տալու սադրանքներուն, որոնցմէ կ՛օգտուին Իսրայէլն ու ՏԱՀԵՇ-ական ահաբեկչութիւնը:

Պասիլ պահանջած էր նաեւ ջնջել արաբ արտաքին գործոց նախարարներուն հաղորդագրութեան մէջ «ահաբեկչական» եզրին վերագրումը Հըզպալլային:

 

Նախորդը

Ներքին Գործոց Նախարարը Զօր. Աունի Եւ Ուալիտ Ժոմպլաթի Հետ Քննարկեց Քաղաքապետական Ընտրութիւններ Կատարելու Հեռանկարները

Յաջորդը

Կաթողիկէ Աղբիւրներ Կը Գրեն Ֆրանչիսկոս Պապին Հայաստան Կատարելիք Հաւանական Այցելութեան Մասին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ժամանակացոյցի Եւ Ժամկէտի Խնդիրը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ժամանակացոյցի Եւ Ժամկէտի Խնդիրը

Յուլիս 10, 2025
Այսօր Ապու Տապիի Մէջ  Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Ապու Տապիի Մէջ Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպում

Յուլիս 10, 2025
ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Մոսկուայի Մէջ  Քննարկած Են Շրջանային  Անվտանգութեան Առնչուող Հարցեր
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Մոսկուայի Մէջ Քննարկած Են Շրջանային Անվտանգութեան Առնչուող Հարցեր

Յուլիս 10, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?