Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին Մէջ

Յունուար 8, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Աստուծոյ Որդւոյն Ծնունդը Պատգամ Մըն Է`
Ուղղուած Համայն Աշխարհին, Թէ Աստուծոյ
Ճամբան Սիրոյ, Փոխադարձ Հասկացողութեան
Ու Խաղաղ Գոյակցութեան Ճամբան Է»

Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

23583123483_f173d5a49a_o

Չորեքշաբթի, 6 յունուար 2016-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարի զանգերու ղօղանջներուն ներքեւ հայրապետական թափօրը վեհարանէն ուղղուեցաւ դէպի Մայր տաճար` Ս. եւ անմահ պատարագով տօնախմբելու մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը:

41-1024x712

Ստուար թիւով հաւատացեալ ժողովուրդին առընթեր, ներկայ էին Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, մարոնիներու Ռայի պատրիարքի ներկայացուցիչ Փոլ Սայահ եպիսկոպոս, ինչպէս նաեւ օտար ու հայ պետական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ:

23914354330_9f73ec7ccd_o

Արամ Ա. կաթողիկոս մատուցեց Ս. եւ անմահ պատարագը: Մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին մկրտութիւնը խորհրդանշող ջրօրհնէքի արարողութեան աւարտին, վեհափառ հայրապետը փոխանցեց Ծննդեան պատգամը` շեշտելով վերանորոգութեան հրամայականը: Վեհափառ հայրապետը յատկապէս ըսաւ, որ «Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդը Բեթղեհէմի մէջ մէկ նպատակ ունէր` մարդու վերանորոգումը: Արդարեւ, մարդը կորսնցուցած էր իր աստուածային պատկերը. այլ խօսքով` իր հարազատ մարդկային բնութիւնը եւ դարձած էր մեղքի գերին: Աստուծոյ Որդին կու գար իր խաչով ու յարութեամբ յաղթելու չարին եւ վերահաստատելու Աստուած-մարդ յարաբերութիւնը: Արդարեւ, Աստուծմէ հեռու մարդը ենթակայ կը դառնայ չարի տիրապետութեան»: Անդրադառնալով ներկայ ժամանակներուն` Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ, թէ «այսօր չարը զանազան դիմակներով ու կերպերով սկսած է իր տիրապետութիւնը հաստատել մարդկային ընկերութեան մէջ. տեղ մը` փտածութեան ճամբով, այլ տեղ` բարոյական ու հոգեւոր արժէքներու բացակայութեան ճամբով, եւ այլ տեղ` ահաբեկչութեան ճամբով: Այսօր դժբախտաբար մարդը մարդուն թշնամի դարձած է Աստուծոյ անունով: Մարդը իր նմանը կը սպաննէ Աստուծոյ անունով: Կրօնը Աստուծոյ եւ մարդու միջեւ յարաբերութիւն ստեղծելու կոչուած է: Իրաւունք չունին կրօնի անունով ահաբեկչութիւն կատարել: Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդը պատգամ մըն է` ուղղուած համայն աշխարհին, թէ Աստուծոյ ճամբան սիրոյ, փոխադարձ հասկացողութեան ու խաղաղ գոյակցութեան ճամբան է»:

5-1024x7208Խօսելով Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան մասին` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Միջին Արեւելքը կը գտնուի իր պատմութեան ճակատագրական մէկ հանգրուանին: Մենք կը մերժենք ամէն տեսակ բռնութիւն, տեսանելի թէ անտեսանելի: Կը մերժենք կրօնի օգտագործումը ոեւէ մէկուն կողմէ: Կը մերժենք փոքրամասնութիւններուն ու քրիստոնեայ համայնքներուն նկատմամբ ցուցաբերուած անմարդկային մօտեցումները: Երկար դարեր Միջին Արեւելքը դարձած է կրօններու, մշակոյթներու, ազգերու ու քաղաքակրթութիւններու համակեցութեան վայր: Հակառակ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւններուն, անոնք ապրած են միատեղ ու պահպանած իրենց հոգեւոր, բարոյական ու մշակութային արժէքները: Բազմազանութեան դէմ ուղղուած հարուածը կը վտանգէ շրջանի ապագան: Միջին Արեւելքի մէջ նաեւ հայ ժողովուրդը 10-րդ դարէն, Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութենէն սկսեալ ապրելով բազմազանութեամբ յատկանշուող այս միջավայրին մէջ, պահած է իր կրօնական ու մշակութային ինքնութիւնը: Այսօր իրաւունք չունին խումբ մը ծայրայեղականներ խախտելու Միջին Արեւելքի մէջ պատմութեան մէջ արմատացած կրօններու, մշակոյթներու ու ազգերու խաղաղ գոյակցութիւնը: Այս կացութեան դիմաց, մենք հաւաքական պատասխանատուութիւն մը ունինք, եւ յատկապէս իսլամ կրօնական ու քաղաքական պատասխանատուները, ամուր կեցուածքով դատապարտելու այս քանդիչ երեւոյթը. երեւոյթ մը, որ աննախատեսելի հետեւանքներ կրնայ ունենալ նաեւ Միջին Արեւելքէն անդին»:

24-1024x720

Վերջապէս, Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադառնալով Լիբանանի ներքին կացութեան շեշտեց «կարելի փութով նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը: Ես չեմ կրնար երեւակայել, որ երկիր մը այսպէս մնայ առանց նախագահի: Դժբախտաբար ինչ որ անբնական է, սկսած է Լիբանանի մէջ դառնալ բնական: Արդեօք մենք մեր երկրին նախագահը ընտրելու պարտաւորութիւնն ու իրաւունքը չունի՞նք: Ժողովուրդին կողմէ ընտրուած երեսփոխանները լուրջ պատասխանատուութիւն մը ունին: Ժողովուրդը հաշիւ կը պահանջէ իր երեսփոխաններէն: Ընդունելի չէ, որ ներկայ կացութիւնը շարունակուի»:

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, վեհափառ հայրապետը վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց քաղաքական եւ պետական անձնաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ ներկայ ժողովուրդին շնորհաւորութիւնները:

Նախորդը

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Յաջորդը

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը Ս. Էջմիածինի Մէջ

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?