Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»-ի Նոր Տարուան Բացառիկ Թիւի Հրատարակութեան Նուիրուած Շնորհահանդէս-Հաւաք. «Ազդակ»-ը Կամուրջ Եղած Է Սփիւռքի Հայութեան Եւ Հայաստանի Հայութեան Միջեւ» Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի

Յունուար 5, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

p-2015-5

Կազմակերպութեամբ «Ազդակ»-ի տնօրէնութեան, երկուշաբթի, 4 յունուար 2016-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Նոր տարուան բացառիկի շնորհահանդէս-ներկայացում, որուն ներկայ գտնուեցան «Ազդակ»-ի յօդուածագիրներ, աշխատակիցներ, մամլոյ ներկայացուցիչներ, բարերարներ, հիւրեր եւ օրաթերթին անձնակազմը:

p-2015-1
Արշօ Պալեան

Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց «Ազդակ-բացառիկ»-ի խմբագիր Արշօ Պալեան, որ նկատել տուաւ, թէ «Ազդակ»-ի հիմնական աւանդութիւններէն եղող բացառիկի հրատարակութեան զուգահեռ աւանդական դարձած են նաեւ նման հաւաքները, որոնք առիթ են տօնական օրերուն համար շնորհաւորելու թերթին բոլոր բարեկամները, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնելու իրենց նեցուկին եւ զօրակցութեան համար: Ան յայտնեց, որ 316 էջերէ բաղկացած այս հրատարակութեան «Ազդակ»-ի անձնակազմին կողքին մասնակցած են մամուլի 27 աշխատակիցներ Հայաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն, Քանատայէն, Ֆրանսայէն, Յունաստանէն, Կիպրոսէն եւ Սուրիայէն, իսկ գրութիւնները ունին ուսումնասիրական, հրապարակագրական, գրական եւ խորհրդածական բնոյթ:

Ա. Պալեան դիտել տուաւ, որ բացառիկի էջերը կը կրեն տարբեր բնոյթի նիւթեր, որոնք ուղղակիօրէն առնչուած են հայութեան, Հայ դատին, սուրիահայութեան, միջազգային քաղաքականութեան, լիբանանահայութեան ազգային տարուան, «Ազդակ»-ի միամեայ աշխատանքներուն, լիբանանեան քաղաքական կեանքին, մշակութային ու գրական աշխարհին, ինչպէս նաեւ կնոջական, առողջապահական, մանկապատանեկան եւ մարզական նիւթերուն:

Իր խօսքի աւարտին ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բացառիկի իրականացման մէջ որեւէ տեսակի ներդրում ունեցողներուն, յատկապէս հովանաւորներ տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պեզիքեաններուն:

p-2015-4
Յակոբ Բագրատունի
p-2015-2
Շահան Գանտահարեան
p-2015-3
Տիգրան Ճինպաշեան

«Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան յայտնեց, որ հաւաքը հիմնականին մէջ երախտագիտութեան եւ շնորհաւորական բնոյթ կը կրէ, որովհետեւ հաւաքական ճիգերով կարելի է նման բովանդակութեամբ եւ ծաւալով բացառիկներ լոյս աշխարհ բերել: Ան անդրադարձաւ 2015-ին «Ազդակ»-ի արձանագրած յաջողութիւններուն եւ նորանոր մարտահրաւէրներու հետ քայլ պահելու միտող նախաձեռնութիւններուն` դիտել տալով, որ 2016-ին եւս թերթը պիտի փորձէ յոբելեաններուն անդրադառնալ յատուկ կերպով: Շ. Գանտահարեան ըսաւ, որ թերթը նման է ժամացոյցի, տարբեր ուղղութիւններով աշխատանքները իրականութիւն դարձնելու նպատակով անդադար գործող` շեշտելով, որ հրատարակողին կողքին շատ կարեւոր է ընթերցողին, նուիրատուներուն եւ քաջալերողներուն ներդրումն ու դերակատարութիւնը:

Ապա խօսք առաւ Տիգրան Ճինպաշեան, որ «Ազդակ»-ի բացառիկները նկատեց արխիւային արժէք ունեցող հատորներ, ուր կը համախմբուին տարին ներկայացնող ամփոփումներ` քաղաքական, ազգային, մշակութային եւ այլ ոլորտներու վերաբերող: Այս առիթով ան շնորհակալութիւն յայտնեց այս աշխատանքը կատարողներուն` դիտել տալով, որ այս աշխատանքը ներկայի համար չի կատարուիր այնքան, որքան պատմութեան համար, մանաւանդ համացանցի ու համակարգիչի այս դարուն: Տիգրան Ճինպաշեան նշեց, որ մտաւոր աշխատանքի մէջ ներդրում ունեցողները ընդհանրապէս այնքան ծանրաբեռնուած են, որ ժամանակը չեն գտներ արտադրելու, մանաւանդ որ գրելը դիւրին աշխատանք չէ: Իր խօսքի աւարտին ան կոչ ուղղեց երիտասարդներուն գրելու, նոր խօսք ըսելու, նոր ոճով քննադատելու, սխալներ մատնանշելու, որովհետեւ այդ ճամբով է, որ անոնք պիտի հասուննան ու վաւերական գրողներ պիտի դառնան: Այս առումով տարուելիք աշխատանքին մէջ Տիգրան Ճինպաշեան կարեւոր նկատեց «Ազդակ»-ին ունենալիք ներդրումը:

p-2015-0

Այս առիթով իր սրտի խօսքը փոխանցեց նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ նշեց, թէ կայացած հաւաքին ներկայութեան պատկերը, ուր կան տարբեր գաղափարական ուղղութիւններու ներկայացուցիչներ, փաստ է, որ «Ազդակ»-ը բոլորին թերթն է, կուսակցական պաշտօնաթերթ ըլլալով երբեք կուսակցական նեղմտութեամբ չէ, որ կը գործէ: Ան դիտել տուաւ, որ 70-ական թուականներու աւարտէն լոյս տեսնող «Ազդակ»-ի բացառիկները տարուէ տարի աւելի ընդարձակեցին իրենց էջերը եւ երկար ատեն իրենց վճռական դերը ունեցան սփիւռքի մամուլին մէջ, իսկ Հայաստանի անկախացումէն ետք` Հայաստանի մամուլին մէջ: Յակոբ Բագրատունի անդրադարձաւ գրիչներու, նիւթերու, մտածողութեան երանգներու այլազանութեան` շեշտելով. «Ազդակ»-ը կամուրջ եղած է սփիւռքի հայութեան եւ Հայաստանի հայութեան միջեւ, իսկ այս վերջին բացառիկը այս իրականութեան լաւագոյն փաստերէն մէկն է»: Անոր համաձայն, «Ազդակ»-ը զանազան հարցերու, երեւոյթներու, ազգային, հասարակական, գրական, մշակութային նիւթերու անդրադառնալով ընթերցողին կու տայ լայն հորիզոններ, ինչպէս նաեւ պրպտումներու մեծ կարելիութիւններ:

Այս առիթով Յակոբ Բագրատունի մաղթեց, որ յառաջիկայ բացառիկներուն մէջ լիբանանահայ մտաւորականները աւելի մեծ ներդրում ունենան, աւելի յաճախ բացառիկներ հրատարակուին` տարբեր նիւթերու վերաբերող: Իր խօսքը եզրափակելով ան կոչ ուղղեց երիտասարդութեան գրելու, անդրադառնալու այն հարցերուն, որոնք մեր առօրեան կը տագնապեցնեն` առանց մտածելու, որ մամուլին մէջ կաշկանդումներ կան: Ան շնորհաւորեց խմբագրական կազմը` անոր ժրաջան աշխատանքին համար, ծանուցումի պատասխանատուներն ու ծանուցողները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը հայ թերթի գոյատեւման մէջ իր ներդրումը ունի:

 

Նախորդը

Ծննդեան Պատարագ Եւ Ջրօրհնէք` Ազունիէի Բուժարանի Մէջ

Յաջորդը

Նամականի – Յստակացման Կարգով. Նոյնքան Եւ Աւելի՛ Նախանձախնդիր

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?