Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաւիթ Բաբայեան. «Անցնող Տարուան Մեծագոյն Բարդութիւնը Այն Էր, Որ Անդառնալի Կորուստներ Եղան»

Յունուար 5, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

tavit_010416

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան «Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձած է հայ իրականութեան մէջ 2015 թուականին արձանագրուած իրադարձութիւններուն` նշելով, որ անիկա բարդ տարի մը եղած է Արցախի համար:

«Հայրենիքը պաշտպանելու ընթացքին զոհեր ունեցանք: Ատիկա  բոլորիս համար ողբերգութիւն էր, քանի որ իւրաքանչիւր զինուորի կորուստ մեզի համար անձնական կորուստ է: Տարին լարուած էր, քանի որ հակառակորդը կը գործածէր ծանր զինատեսակ` խախտելով զինադադարի դրութիւնը», յայտնած է ան:

Իբրեւ տարուան մեծագոյն դժուարութիւններէն մէկը, Բաբայեան անդրադարձած է նաեւ Գիւմրիի մէջ Աւետիսեաններու սպանութեան, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ հայերուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն:

«Միւս կողմէ ալ, վստահաբար, եղած է նաեւ ձեռքբերումներու տարի: Շարունակուած է պետականաշինութեան հոլովոյթը: Բանակի մարտունակութիւնը բարձրացած է, հակառակորդին կողմէ ձեռնարկուած բոլոր ոտնձգութիւնները ետ շպրտուած են: Արցախի տնտեսութիւնը նախնական կանխատեսումներու հիման վրայ, կարելի է ըսել, որ համախառն ներքին արդիւնքը մօտաւորապէս 9 առ հարիւրով  աճ ունեցած է, ինչ որ կարեւոր ձեռքբերում է», ըսած է ան:

Դ. Բաբայեան Արցախի պետականաշինութեան համար կարեւոր ձեռքբերում նկատելով 2015-ին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքով ստեղծուած նոր, «արհեստավարժ խորհրդարան»-ը, նկատել տուած է. «Թէեւ այդպիսով բոլոր հարցերը չեն լուծուիր, այդուամենայնիւ, ատիկա շատ կարեւոր քայլ է: Մարմնակրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ այլ մարզերու մէջ նոյնպէս շօշափելի յաջողութիւններ ունեցանք»:

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման` Դաւիթ Բաբայեան ըսած է, թէ ընդհանրապէս վերջին տարիներուն այդ հոլովոյթը լայն թափ ստացած է:

2016-ի ակնկալութիւններուն կարեւորագոյնը խաղաղութիւնն է. «Աշխարհաքաղաքական զարգացումները այնպէս են, որ հակառակորդը, ըստ երեւոյթին, պիտի շարունակէ իր ստոր քայլերը: Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ Ազրպէյճանի մէջ իրավիճակը կը բարդանայ, հետեւաբար ներքին լարուածութիւնը շեղելու համար անոնք պիտի դիմեն սահմանային լարուածութեան: Պատրաստ ենք ըստ ամենայնի շարունակելու պետութեան զարգացումը: Յոյսով ենք, որ կրնանք աւարտին հասցնել Սոթք-Մարտակերտ մայրուղին, որ կարեւոր է, ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունի», ընդգծած է Դաւիթ Բաբայեան:

Ան նաեւ լուսարձակի տակ առած է այն երեւոյթը, որ 2016-ին պիտի տօնուի Արցախի Հանրապետութեան կազմաւորման, անկախութեան 25-ամեակը:

 

 

 

Նախորդը

«Մովսէս Խորենացի»-ի Մետալ` Կիրօ Մանոյեանին

Յաջորդը

Սէյրան Օհանեան Այցելած Է Զոհուած Զինուորներուն Ընտանիքներուն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?