Գլխաւոր լուրեր

«Համաձայնական Կառավարութիւն Մտնելու  Հարց Քաղաքական Օրակարգի Վրայ Չունինք»  Կ՛ըսէ Հրանդ Մարգարեան

«Համաձայնական Կառավարութիւն Մտնելու Հարց Քաղաքական Օրակարգի Վրայ Չունինք» Կ՛ըսէ Հրանդ Մարգարեան

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, «Երկիր»-ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին խօսելով ՀՅԴ-ի` համաձայնական կառավարութիւն մտնելու հաւանականութեան մասին, յայտնեց, որ նման առաջարկ իրենք տակաւին չեն ստացած, ոչ ալ այդ մասին քննարկում ունեցած են: «Նման օրակարգ մեր մօտ գոյութիւն չունի»,  ըսաւ Մարգարեան: Պատասխանելով այն հարցումին, որ եթէ համաձայնական կառավարութիւն կազմելու առաջարկ ըլլայ, կը համաձայնի՞ն, Մարգարեան ըսաւ. «Մենք, յամենայն դէպս, պատասխանատուութենէ փախչող...

Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Դատ  Մամլոյ Ասուլիս Պոլսոյ Մէջ

Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Դատ Մամլոյ Ասուլիս Պոլսոյ Մէջ

Չորեքշաբթի, 9 դեկտեմբեր 2015-ին, Պոլսոյ «Ճազայիր» մամլոյ ասուլիսներու եւ համագումարներու յատուկ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին նուիրուած մամլոյ ասուլիս` կազմակերպութեամբ դատի յանձնախումբի անդամ թուրք փաստաբաններու: Մամլոյ ասուլիսին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը ներկայացնէին Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան` վարիչ կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական եւ տեղեկատուական բաժանմունքներու եւ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան` վարիչ լսատեսողական բաժանմունքի: Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին Թուրքիոյ եւ միջազգային...

«Ազրպէյճան Պատերազմ Չ՛ուզեր,  Որովհետեւ Սկսած Է Տնտեսապէս Տուժել»  Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

«Ազրպէյճան Պատերազմ Չ՛ուզեր, Որովհետեւ Սկսած Է Տնտեսապէս Տուժել» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

Չի բացառուիր, որ Թուրքիան փորձէ Հայաստանի միջոցով Ռուսիոյ պատասխան տալ. «Երկիր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ  Մանոյեան: «Կարելի է` ըսած են` քիչ մը աւելի շիկացուցէք մթնոլորտը, բայց չեմ կարծեր, որ միայն այդ է պատճառը, որ Ազրպէյճանը այս քայլերուն երթայ: Ազրպէյճանը միշտ ալ բարձրաստիճան հանդիպումներէ առաջ կը փորձէ...

«Վանայ Ձայն» Կը Պարգեւատրէ Մեծերը

«Վանայ Ձայն» Կը Պարգեւատրէ Մեծերը

Հալա Հատտատ, Սոնիա Պէյրութի եւ Աւետիս Կիտանեան «Վանայ ձայն»-ի տնօրէնութիւնը անցեալ շաբաթավերջին «Մեր մեծերով կը վեհանանք» յայտագիրին ընդմէջէն հիւրընկալեց գրագիտուհի եւ լրագրող Սոնիա Պէյրութին, որ պարգեւատրուեցաւ կայանի տնօրէն Աւետիս Կիտանեանի կողմէ` առ ի գնահատանք իր մշակութային վաստակին: Հաղորդավար Հալա Հատտատի «Մեր մեծերով կը վեհանանք» յայտագիրին ընթացքին Պէյրութի անդրադարձաւ այն տարբեր զուգադիպութիւններուն, որոնք զինք մղած են ընտրելու իր ասպարէզը, որ փորձանքներու...

Երեւանի Մէջ ՀՅԴ 125-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում`  Պաշտօնական Տօնակատարութեամբ, Քայլարշաւով  Եւ Եռաբլուրի Ու Քաղաքային Պանթէոններ Այցելութեամբ

Երեւանի Մէջ ՀՅԴ 125-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում` Պաշտօնական Տօնակատարութեամբ, Քայլարշաւով Եւ Եռաբլուրի Ու Քաղաքային Պանթէոններ Այցելութեամբ

  11 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Երեւանի Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 125-ամեակը` ներկայութեամբ պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու, նախարարներու, պատգամաւորներու, հոգեւորականներու եւ տարբեր երկիրներէ այս առիթով Հայաստան գտնուող մեծաթիւ դաշնակցականներու: Հրանդ Մարգարեան, Աղուան Վարդանեան Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան, որ անդրադարձաւ ՀՅԴ-ի անցած 125-ամեայ ուղիին: Ան հաստատեց,...

«Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Դատը Առաջին Գործնական Քայլն Է Հայ Դատի Իրաւական Հետապնդումին» 	 Յայտնեց Արամ Ա. Կաթողիկոս` Գերմանական «Ֆրանքֆուրթըր Ալմայն» Թերթին

«Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Դատը Առաջին Գործնական Քայլն Է Հայ Դատի Իրաւական Հետապնդումին» Յայտնեց Արամ Ա. Կաթողիկոս` Գերմանական «Ֆրանքֆուրթըր Ալմայն» Թերթին

Ուրբաթ, 11 դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս հարցազրոյց ունեցաւ Գերմանիոյ ամէնէն կարեւոր օրաթերթէն «Ֆրանքֆուրթըր Ալմայն»-ի հետ: Հարցազրոյցի ընթացքին վեհափառ հայրապետը Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձին գծով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ բացած դատին կարեւորութիւնը շեշտելով ըսաւ. «Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն առընթեր, իրաւական հոլովոյթի նախաձեռնութիւնը հրամայական անհրաժեշտութիւն է 100 տարիներ ետք: Այս ծիրին մէջ, Սիսի կաթողիկոսարանի դատը իրաւական հոլովոյթին...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

  Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը եւ Թարգմանչաց վարժարանի ընկերակցութիւնը ուրախութեամբ կը ծանուցեն, որ Փարիզի արուարձան Իսի-լէ-Մուլինոյի Թարգմանչաց վարժարանը, վերանուանուելով Համազգային-Թարգմանչաց վարժարան, կը միանայ Համազգայինի կրթական հաստատութիւններու ծրագիրին: Իսի-լէ-Մուլինօ հաստատուող առաջին հայերը եղած են 1915-ի Ցեղասպանութենէն վերապրողներ: Աւելի ուշ, 1970-2000 թուականներուն անոնց միացած են Լիբանանէն, Իրանէն եւ Հայաստանէն ներգաղթողներ` համայնքին թիւը հասցնելով 5 հազարի: Խմբուելով 1975-ին հաստատուած...

«Հռիփսիմեանցը. Դէպքեր – Դէմքեր – Վկայութիւններ  90-Ամեայ Ճանապարհին» Գիրքի Շնորհահանդէս.  «Հռիփսիմեանցը» Գիրքը Ապրումներու Վկայութիւն Է.  Անոր Ամէն Մէկ Թերթը Ապրուած Է Իմ Կողմէս»  Ըսաւ Սարգիս Նաճարեան

«Հռիփսիմեանցը. Դէպքեր – Դէմքեր – Վկայութիւններ 90-Ամեայ Ճանապարհին» Գիրքի Շնորհահանդէս. «Հռիփսիմեանցը» Գիրքը Ապրումներու Վկայութիւն Է. Անոր Ամէն Մէկ Թերթը Ապրուած Է Իմ Կողմէս» Ըսաւ Սարգիս Նաճարեան

Հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին, կազմակերպութեամբ Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութեան, երէկ` ուրբաթ, 11 դեկտեմբեր 2015-ին Հռիփսիմեանց վարժարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սարգիս Նաճարեանի «Հռիփսիմեանցը. դէպքեր - դէմքեր - վկայութիւններ 90-ամեայ ճանապարհին» գիրքի շնորհահանդէսը: Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի աշակերտական երգչախումբը` խմբավարութեամբ եւ դաշնակի նուագակցութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի, ձեռնարկին բացումը կատարեց երգելով Լիբանանի, Հայաստանի եւ Հռիփսիմեանցի քայլերգները: Բացման խօսքով...

Դեսպաններու Այցելութիւն` Ժիպէյլի  «Արամ  Պէզիքեան»-ի Անունը Կրող  Որբերուն Նուիրուած Թանգարան

Դեսպաններու Այցելութիւն` Ժիպէյլի «Արամ Պէզիքեան»-ի Անունը Կրող Որբերուն Նուիրուած Թանգարան

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ 10 դեկտեմբերին կազմակերպուեցաւ Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններու  այցելութիւնը Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն» հաստատութեան տարածքին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան ու որբերու յիշատակին նուիրուած «Արամ Պէզիքեան» թանգարան: Ներկաները ծաղիկներ զետեղեցին դանիացի միսիոնար Մարիա Ճէյքըպսընի շիրիմին: Ապա հիւրերուն իր  ողջոյնի խօսքը փոխանցեց դեսպան Աշոտ Քոչարեան: Դեսպանը մասնաւորապէս նշեց, որ այցելութիւնը տեղի կ՛ունենայ Մարդու իրաւունքներու օրը, իսկ նախօրէին`  9...

Ակնարկ.  «Լ՛Օրիան Լը Ժուր»-ի Քափի Փէյսթը

Ակնարկ. «Լ՛Օրիան Լը Ժուր»-ի Քափի Փէյսթը

Առաջին անգամը չէ, որ «Լ՛Օրիան Լը ժուր»-ը լրագրական բարոյականութեան կամ աւելի ճիշդը բովանդակային սխալներու տեղի կու տայ: Երէկուան թիւով «Լ՛Օրիան Լը Ժուր»-ի 11-րդ էջին տակ ծուարած սիւնակին երկրորդ լրատուութիւնը կը կրէ «Լեռնային Ղարաբաղ» խորագիրը. այդ խորագիրին ներքոյ առաջին պարբերութիւնը կ՛ըսէ. «Ազրպէյճանական բանակը երէկ օգտագործեց հրասայլեր հրթիռակոծելու համար Լեռնային Ղարաբաղի անջատողական տարածքի ապստամբները. երեւոյթը (ըսել կ՛ուզուի հրասայլերու օգտագործումը) զինադադարի կնքումէն ետք...

Նախագահ Սահակեան. «Ղարաբաղը Պէտք Է  Իր Արժանի Տեղը Զբաղեցնէ  Միջազգային Հանրութեան Մէջ»

Նախագահ Սահակեան. «Ղարաբաղը Պէտք Է Իր Արժանի Տեղը Զբաղեցնէ Միջազգային Հանրութեան Մէջ»

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ղարաբաղի անկախութեան մասին հանրաքուէի եւ սահմանադրութեան օրուան առիթով` շեշտելով, որ այս տօնը կարեւոր է, որովհետեւ կը խորհրդանշէ ազատ ու անկախ, ժողովրդավարական ու իրաւական պետութիւն կառուցելու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ձգտումը: «Պետութիւն, ուր գերակայ է օրէնքը, ուր պաշտպանուած են մարդու իրաւունքներն ու ազատութիւնները, քաղաքացիներու եւ պետութեան օրինական շահերն ու անվտանգութիւնը», յայտնած է...

Քոնկրեսականները Միացեալ Նահանգներու Վարչակարգէն  Կը Պահանջեն Երաշխաւորել Լեռնային Ղարաբաղի  Ժողովուրդին Ինքնորոշման Իրաւունքի Գործադրումը

Քոնկրեսականները Միացեալ Նահանգներու Վարչակարգէն Կը Պահանջեն Երաշխաւորել Լեռնային Ղարաբաղի Ժողովուրդին Ինքնորոշման Իրաւունքի Գործադրումը

Միացեալ Նահանգները պէտք է երաշխաւորեն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծումը: Այս յայտարարութեամբ հանդէս եկած են Միացեալ Նահանգներու խումբ մը քոնկրեսականներ` ելոյթ ունենալով Քոնկրեսի շէնքին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկ, կը հաղորդէ «Ամերիկայի ձայն»-ը: «Լեռնային Ղարաբաղի յանձնառութիւնը խաղաղութեան» խորագիրով ձեռնարկին ներկայ եղած են ամերիկացի ազդեցիկ օրէնսդիրներ, ամերիկահայ համայնքի ներկայացուցիչներ, Լեռնային Ղարաբաղէն  մեկնած արտաքին գործոց նախարար Կարէն...

Վիեննայի Մէջ Հանդիպում Ունեցած Են  Հայաստանի Եւ Աւստրիոյ  Արտաքին Գործոց Նախարարները

Վիեննայի Մէջ Հանդիպում Ունեցած Են Հայաստանի Եւ Աւստրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարները

Աշխատանքային այցելութեամբ Վիեննա գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 10 դեկտեմբերին հանդիպում ունեցած է Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Սեպասթիան Քուրցի հետ: Հանդիպման մասնակիցները զրուցած են երկկողմանի յարաբերութիւնները տարբեր հարցերու շուրջ, քննարկած են համագործակցութեան խորացման ուղիները, միջազգային կառոյցներուն մէջ գործակցութեան սերտացումը, շրջանային եւ միջազգային խնդիրներ: Անոնք անդրադարձած են ԵԱՀԿ-ի օրակարգային հարցերուն, միջազգային ու շրջանային հրատապ խնդիրներուն` ահաբեկչութեան դէմ միջազգային հանրութեան...

Ակնարկ.  9 Դեկտեմբերին Հայկական Ձեռագիրը

Ակնարկ. 9 Դեկտեմբերին Հայկական Ձեռագիրը

9 դեկտեմբերը այսուհետեւ կը նշուի իբրեւ հայկական նախաձեռնութեամբ միջազգային ընտանիքին կողմէ որդեգրուած ՄԱԿ-ի օրացոյցին ներառուած յատուկ օր: Այս տարուան 11 սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին կողմէ ընդունուած բանաձեւը, որուն նախագիծը ներկայացուցած էր ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչը, 9 դեկտեմբերը կը հռչակէր Ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակի ոգեկոչման միջազգային օր: Նման բանաձեւի ամրագրման մէջ հայկական առնչութիւններու ընդգծման փորձը հետեւեալ մեկնաբանութիւններուն առիթ կու տայ: Նախ...

«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը  Եւ Հայոց Պետականութիւնը» Խորագիրով  Երկօրեայ Գիտաժողովը Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն

«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Եւ Հայոց Պետականութիւնը» Խորագիրով Երկօրեայ Գիտաժողովը Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն

Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի 9 դեկտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային մէջ սկսաւ «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը եւ հայոց պետականութիւնը»  խորագիրով երկօրեայ գիտաժողովը, որ նուիրուած է կուսակցութեան հիմնադրութեան 125-ամեակին: Գիտաժողովին ընթացքին կուսակցական գործիչներ եւ պատմաբաններ պիտի ներկայացնեն կուսակցութեան գործունէութեան 125 տարիներու պատմութիւնը: Ողջունելով գիտաժողովին մասնակիցները` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան ըսաւ, որ զոյգ հանրապետութիւններու հիմնադիր քաղաքական ուժը` Դաշնակցութիւնը, յաճախ տարբեր արժեւորումներ կը...

Դաշնակցութիւնը Հատուածականութեան  Թիւ Մէկ Հակառակորդն Է

Դաշնակցութիւնը Հատուածականութեան Թիւ Մէկ Հակառակորդն Է

Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի Ստորեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի խօսքը` ՀՅԴ 125-ամեակին նուիրուած «ՀՅ Դաշնակցութիւնը եւ հայոց պետականութիւնը» խորագիրով գիտաժողովին ընթացքին: Գիտաժողովի յարգելի՛ մասնակիցներ, Տիկնայք եւ պարոնայք. ՀՅ Դաշնակցութեան 125-ամեակի յոբելենական միջոցառումների շրջանակում կազմակերպուող ներկայ գիտաժողովը հայ ժողովրդի ճակատագրում մեր կուսակցութեան ունեցած ամենակարեւոր ներդրումը` մօտ 100 տարի առաջ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան եւ քառորդ դար առաջ` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հիմքերը դնելու...

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական  Վարչութեան Հանդիպումները

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Հանդիպումները

ՀՄԸՄ-ի նորընտիր Կեդրոնական վարչութիւնը 8 դեկտեմբեր 2015-ին Երեւանի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանին եւ Հայաստանի Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանին հետ: Էջմիածինի մէջ Գարեգին Բ. կաթողիկոս ընդունեց ՀՄԸՄ-ի նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան կազմը, որ այս օրերուն Երեւանի մէջ կը գումարէ իր Ա. լիագումար նիստերը: Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան ներկայացուց կազմի անդամները,...

ՀՅԴ 125-Ամեակի Պաշտօնական Հանդիսութիւնը Շուէտի Մէջ

ՀՅԴ 125-Ամեակի Պաշտօնական Հանդիսութիւնը Շուէտի Մէջ

Շաբաթ, 5 դեկտեմբերին, հեռաւոր Սքանտինաւեան ափերուն վրայ գտնուող Շուէտի հայկական գաղութը Սոտէրթալիոյ մէջ հանդիսաւորապէս նշեց ՀՅԴ-ի 125-ամեակը, կազմակերպութեամբ Շուէտի ՀՅԴ կազմակերպութեան ու ՀՅԴ ՇԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան: Ներկայ էին «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, Շուէտի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Արշակ Քաֆաֆեան, Շուէտի մէջ Հայաստանի  դեսպան Արտակ Ապիտոնեան, Կեդրոնական Եւրոպայի Սքանտինաւիոյ հայրապետական պատուիրակի փոխանորդ Եղիշէ վրդ. Աւետիսեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի հայր...

Լիբանանեան Ստուար Ներկայացուցչութեամբ`  Դաշնակցութեան 125-Ամեակին  Նուիրուած Ընդունելութիւն

Լիբանանեան Ստուար Ներկայացուցչութեամբ` Դաշնակցութեան 125-Ամեակին Նուիրուած Ընդունելութիւն

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 125-ամեակի նախաձեռնութիւններուն ծիրին մէջ, երէկ` 8 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին «Հիլթըն-Մեթրոփոլիթըն» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն` լիբանանեան քաղաքական, կուսակցական, դիւանագիտական, ապահովական եւ հոգեւոր ստուար ներկայացուցչութեամբ: Ներկայ էին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ երեսփոխան Հանի Քպայսի, վարչապետ Թամմամ Սալամի ներկայացուցիչ նախարար Սըժաան Քազզի, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, Հըզպալլայի ընդհանուր...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայաստանի  Սահմանադրութեան Փոփոխութիւններուն  Իր Զօրակցութիւնը Յայտնեց

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայաստանի Սահմանադրութեան Փոփոխութիւններուն Իր Զօրակցութիւնը Յայտնեց

Երէկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ողջունեց Հայաստանի մէջ սահմանադրութեան փոփոխութիւնները եւ յոյս յայտնեց, որ «այս կարեւոր քայլը աւելի պիտի ամրապնդէ ժողովրդավարութիւնը, առիթ պիտի ստեղծէ ժողովուրդը ներկայացնող քաղաքական կուսակցութիւններու աւելի լայն ու գործօն մասնակցութեան, ինչպէս նաեւ հայրենիքը յուզող հիմնահարցերը հաւաքական ճիգով դիմագրաւելու կարելիութիւնը պիտի ընձեռէ եւ պարտաւորութիւնը պիտի շեշտէ»:...

Page 728 of 795 1 … 727 728 729 … 795

Արխիւներ