
Կազմակերպութեամբ «Վանայ ձայն»-ի, 2-րդ տարին ըլլալով շաբաթ, 13 փետրուար 2016-ին, «Վանայ ձայն»-ի յարկին տակ տեղի ունեցաւ 7-րդ դասարանի աշակերտներուն յատուկ հայոց պատմութեան մրցանքի աւարտական հանգրուանը, որուն ընթացքին առաջին հանդիսացաւ Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանը, իսկ երկրորդ` Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը:
21 նոյեմբերին ընթացք առած յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին տասը վարժարաններ` Վահան Թէքէեան, Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան, Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան, Հայ աւետարանական Թորոսեան, Ազգային Ս. Խանամիրեան, Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան:
Յայտագիրը, որ կը պատրաստէ եւ կը վարէ Հուրի Փափազեան-Էմմիեան, ընթացաւ երեք հանգրուանով: Առաջին հանգրուանին իրարու դէմ մրցեցան 10 վարժարաններ, երկրորդ հանգրուանին` 5 վարժարաններ, որոնցմէ վերջին հանգրուան մնացին երկու վարժարաններ:
Հայոց պատմութեան մրցանքի իբրեւ հիմք ծառայեց Զ. դասարանին համար Արմէն Մարաշլեանի «Հայոց պատմութիւն» դասագիրքը, որուն խմբագիրներն են Յովիկ Պերթիզլեան եւ Վիգէն Աւագեան:
«Վանայ ձայն»-ը` մնալով պահապանը ազգային մեր ինքնութեան եւ արժէքներուն, միշտ ալ փորձած է իր յայտագիրներուն ճամբով մրցակցութեան առողջ մթնոլորտի մէջ հայ աշակերտին մօտ արթնցնել սէր ու յարգանք իր պատմութեան եւ մայրենի լեզուին նկատմամբ: Յայտագիրի վերջին հանգրուանին խօսք առաւ նաեւ «Վանայ ձայն»-ի տնօրէն Աւետիս Կիտանեան, որ հաստատեց, որ հայոց պատմութեան մրցանք յայտագիրը եւս անցաւ «Վանայ ձայն»-ի աւանդական յայտագիրներու շարքին` աւելցնելով, որ այսպիսի մրցումներով է, որ կ՛ամրապնդուի կապը հայ պատանի-պարմանուհիներուն եւ «Վանայ ձայն»-ի միջեւ: Կիտանեան նաեւ շեշտեց, որ նման յայտագիրներով մենք մեր աշակերտները կը վերադարձնենք իրենց արմատներուն, որպէսզի անոնք ապագային դառնան պատասխանատու հայ երիտասարդներ:
«Երբ մենք մթնոլորտը կը ստեղծենք դպրոցներուն մէջ թէ անոնցմէ դուրս, ուր հայ աշակերտը պիտի մտածէ պատմական որոշ դէպքի մը կամ դէմքի մը մասին, արդէն ասիկա կը նշանակէ, որ մենք կը ստեղծենք հայկական մթնոլորտ, որ նաեւ դաստիարակիչ է եւ կարեւոր, այսպիսով նաեւ մենք ալ կը մնանք մեր առաքելութեան մէջ, որ պահել ու պահպանել է հայ մշակոյթն ու արժէքները», յայտնեց Կիտանեան:
«Վանայ ձայն»-ի տնօրէնը իր խօսքին ընթացքին շեշտեց նաեւ, որ այսօր արեւմտահայերէնի պահպանումը լուրջ խնդիր է եւ «Վանայ ձայն»-ի պարտականութիւնն է նաեւ այդ հարցով զբաղիլ եւ զգուշ ըլլալ` միշտ մնալով պաշտպանը մայրենի լեզուին: Այս իմաստով ան մաղթեց, որ «նման յայտագիրներ աւելի յաճախ ներկայացուին, որպէսզի մնանք մեր առաքելութեան բարձրութեան վրայ»:
Աւետիս Կիտանեան շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակից վարժարաններու տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն, որոնք ճիգ չխնայեցին եւ օժանդակեցին այս յայտագիրի յաջողութեան: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց «Օպեսար» հաստատութեան, որ տրամադրեց աշակերտներուն նիւթական պարգեւները:
Յայտագիրի աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: Մրցանակակիր խմբակի իւրաքանչիւր աշակերտ (3 հոգի) ստացաւ 150.000 լիբ. ոսկի, 2-րդ հանդիսացող աշակերտները` 100.000 լիբ. ոսկի:


