Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խանլարեան. «Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Նկատմամբ Իրանի Դիրքորոշումը Հիմնուած Է Խաղաղութեան Հաստատման Անհրաժեշտութեան Վրայ»

Փետրուար 16, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Khanlarian_021516f

Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցութիւններուն մէջ Իրանը ներգրաւելը այս պահուն նպատակայարմար չէ: Այս մասին «Նիուզ»-ի թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Իրանի  խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարէն Խանլարեան:

Խանլարեանի խօսքով` Իրանը առաջին անգամ չէ որ նման առաջարկ կը կատարէ: «Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը վաղուց այդ մասին կը խօսի, եւ ընդհանուր առմամբ իրանական կողմը միշտ պատրաստ եղած է հանդէս գալու իբրեւ միջնորդ: Այդ դրական մօտեցումը ինքնին բարձր գնահատականի արժանի է: Իրանը երկու կողմերուն` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ պատմական եւ մշակութային կապեր կը պահպանէ: Բայց նկատի առնելով անցեալի փորձը` անհրաժեշտ է նշել, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի ձեւաչափի փոփոխութիւնը կրնայ մեծ դժուարութիւններ յառաջ բերել եւ յետաձգել վերջնական համաձայնագիրի ձեռքբերումը», ընդգծած է Կարէն Խանլարեան:

Ան նշած է նաեւ, որ միջնորդութեան առաջարկով հանդէս եկած է նաեւ Թուրքիան, բայց ի տարբերութիւն Իրանի` Թուրքիոյ մօտեցումները  անկողմնակալ չեն: «Թուրքիան առաջին օրէն Հայաստանի դէմ պատերազմ յայտարարած էր: Հետեւաբար Թուրքիոյ միջնորդութեան առաջարկները կարելի չէ անաչառ նկատել: Իրանի դիրքորոշումը, ընդհակառակն, հիմնուած է խաղաղութեան հաստատման անհրաժեշտութեան վրայ, եւ ես բարձր կը գնահատեմ այդ դիրքորոշումը», նշած է Խանլարեան:

Խանլարեանի կարծիքով, ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման  բանակցային հոլովոյթին մէջ Իրանը ներգրաւելը անկարելի է թեքնիք տեսակէտէ, քանի որ միջնորդութեան նոր ձեւաչափը կ՛ենթադրէ վերատեսութեան ենթարկել փաստաթուղթերը, ինչ որ բանակցութիւններուն ելքը շատ պիտի ձգձգէ: «Սակայն իբրեւ քաղաքական մօտեցում` ատիկա  բարի դրացիական յարաբերութիւններու լաւագոյն դրսեւորումն է», ըսած է Խանլարեան:

Նախորդը

Ժամանակն Է Ներգրաւուելու Միացեալ Նահանգներու Նախագահական Ընտրապայքարին Մէջ Եւ Յառաջ Մղելու Հայկական Հարցերը

Յաջորդը

Ակնարկ. Անգարան Փորձ Կը Կատարէ Խախտելու Կանոնները

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?