
Հայաստանի Ազգային ժողովի պետաիրաւական հարցերու մնայուն յանձնախումբը երէկ ընտրեց մարդու իրաւունքներու պաշտպանի թեկնածուն:
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի թեկնածութեան համար կը պայքարէին ընդդիմադիր Ժառանգութիւն կուսակցութեան պատգամաւոր Զարուհի Փոստանջեանը, արդարադատութեան փոխնախարար Արման Թաթոյեանը եւ Ալիանս կուսակցութեան վարչութեան նախկին անդամ Նարեկ Ալոյեանը:
Պետաիրաւական հարցերու մնայուն յանձնախումբը միաձայնութեամբ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի թեկնածու ընտրեց արդարադատութեան փոխնախարար Արման Թաթոյեանը` տալով 7 կողմ քուէ:


