Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Նախագահները  Պիտի Տեսակցին Զուիցերիոյ Մէջ

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Նախագահները Պիտի Տեսակցին Զուիցերիոյ Մէջ

Հայաստանի նախագահութեան մամլոյ գրասենեակին համաձայն, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ուրբաթ, 18 դեկտեմբերին պիտի մեկնի Զուիցերիա, ուր յաջորդ օրը հանդիպում պիտի ունենայ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Ըստ նախագահ Սարգսեանի մամլոյ ծառայութեան, հանդիպումը Պեռնի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի մէջ Ապահովութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Մինսքի խմբակի Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի համանախագահներուն միջնորդութեամբ: Աւելի քան մէկ տարի առաջ տեղի ունեցած...

Հալէպի Մէջ Փառաշուք Տօնակատարութեամբ  Նշուեցաւ ՀՅԴ 125-Ամեակը

Հալէպի Մէջ Փառաշուք Տօնակատարութեամբ Նշուեցաւ ՀՅԴ 125-Ամեակը

  «Սուրիահայութիւնը Կը Շարունակէ Մնալ Միջին Արեւելքի Մեր Հայահոծ Կարեւորագոյն Կռուաններէն Մէկը` Մեր Համազգային Ծրագիրներուն Եւ Անժամանցելի  Դատին Վերջնական Լուծման Համար» Ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Յակոբ Խաչերեան Երէկ` հինգշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 5:00ին Հալէպի «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ հոծ բազմութեան ներկայութեան փառաշուք հանդիսութեամբ նշուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 125-ամեակը: Տօնակատարութեան ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեան, հալէպահայ երեք...

«Արցախ Ֆոնտ»-ին Կազմակերպութեամբ.  Արցախեան Տօնավաճառի Բացման Հանդիսաւոր Արարողութիւն

«Արցախ Ֆոնտ»-ին Կազմակերպութեամբ. Արցախեան Տօնավաճառի Բացման Հանդիսաւոր Արարողութիւն

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ «Արցախ Ֆոնտ»-ին, երէկ` հինգշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Արցախեան տօնավաճառ» ցուցահանդէս-վաճառքին: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մարալ Մահսէրէճեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին, ապա ըսաւ, որ հերոսներու թափած արիւնով նուիրականացած հայրենի գողտրիկ Արցախը աշխարհագրական հեռաւորութիւնը երբեք զգացնել չի տար սփիւռքի ափերուն հասակ նետած հայորդիին:...

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ.  «Նոր Տարի, Նոր Յոյս» Հաւաքական Ցուցահանդէսի Բացում

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. «Նոր Տարի, Նոր Յոյս» Հաւաքական Ցուցահանդէսի Բացում

Հովանաւորութեամբ տէր եւ տիկին Նազարէթ եւ Սիլվա Սապունճեաններուն, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, հինգշաբթի, 17 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Նոր տարի, նոր յոյս» հաւաքական ցուցահանդէսը, որուն կը մասնակցին ինը գեղանկարիչներ, որոնց շարքին` Շարպել Սամուէլ Աուն, Տորին Խանամիրեան, Ժաքլին Օհանեան, Ժանեթ Յակոբեան եւ ուրիշներ: Սիւզի Տէրտէրեան Ժաքլին Օհանեան   Բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի «Լիւսի...

Ակնարկ.  Ժողովրդավարացումով  Տագնապողները

Ակնարկ. Ժողովրդավարացումով Տագնապողները

Սահմանադրական հանրաքուէին առիթով արձանագրուած խախտումներուն վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան յայտարարութիւնը տեղի տուած է թէ՛ պետական եւ թէ՛ քաղաքական-հասարակական շրջանակներու լայն արձագանգի: Ընտրութիւններու եղանակին մասին դէտերու թէ ընդհանրապէս տարբեր պետութիւններու գնահատականները  բնականաբար միայն իրաւական սահմաններու մէջ չեն ըլլար` օրէնքը կիրարկած ըլլալու, քաղաքացիին ազատ կամքին վրայ չազդելու, ժողովրդավարական օրինաչափութիւնները յարգած ըլլալու եւ ընդհանրապէս տեսականօրէն ընտրակարգի բիւրեղացումը առաջադրող սկզբունքները գործադրելու առումներով: Քաղաքական ուղղուածութիւնը...

Հայաստանն Ու Յունաստանը Կը Դատապարտեն ՏԱՀԵՇ-ին Աջակցելու Թուրքիոյ Քայլերը

Հայաստանն Ու Յունաստանը Կը Դատապարտեն ՏԱՀԵՇ-ին Աջակցելու Թուրքիոյ Քայլերը

Հայաստանն ու Յունաստանը կը դատապարտեն Թուրքիոյ կողմէ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումին աջակցութիւնն ու ռուսական օդանաւը վար առնելու քայլը: Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան եւ Յունաստանի Հանրապետութեան ազգային պաշտպանութեան նախարար Փանայոթիս Քամմենոս Երեւանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին անդրադարձաւ շրջանային անվտանգութեան հարցին: «Մենք ունինք դրացիներ, որոնք կ՛աջակցին ՏԱՀԵՇ-ին: Մենք կը դատապարտենք մեր ռազմավարական գործընկերոջ դէմ ուղղուած Թուրքիոյ գործողութիւնները: Մենք կը...

Ամերիկացի Ծերակուտականը Դատապարտած Է  Ազրպէյճանի Նախայարձակումը Հայ Ժողովուրդին Դէմ

Ամերիկացի Ծերակուտականը Դատապարտած Է Ազրպէյճանի Նախայարձակումը Հայ Ժողովուրդին Դէմ

Միացեալ Նահանգներու Իլինոյս նահանգի հանրապետական ծերակուտական Մարք Քըրք ջերմօրէն ողջունած է ամերիկահայերը Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին մէջ տարեկան տօնակատարութեան, ուր յաճախ ընդգծուած է խաղաղութեան ու ազատութեան ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի յանձնառութիւնը: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուց Ամերիկայի Հայ դատի  յանձնախումբը: «Ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան հարցով Լեռնային Ղարաբաղի ունեցած յանձնառութիւնը նշելու աւելի լաւ վայր չկայ, քան Ծերակոյտը, ինչպէս Ստեփանակերտը` անկախութեան եւ  ինքնորոշման խորհրդանիշ», իր ուղերձին...

Թուրք Ոստիկանները Կոտրած Են Մերտինի  Հայկական Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Դռները  Եւ Վնասներ Պատճառած Անոր

Թուրք Ոստիկանները Կոտրած Են Մերտինի Հայկական Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Դռները Եւ Վնասներ Պատճառած Անոր

«Ակօս» կը հաղորդէ, որ թուրք ոստիկանները կոտրած են Մարտինի Տերիք շրջանին մէջ գտնուող պատմական Ս. Գէորգ հայկական եկեղեցւոյ դռները: Ըստ ականատեսներու վկայութիւններուն, ոստիկանութեան մասնայատուկ ուժերը Տերիքի մէջ շղթայազերծուած գործողութիւններու ծիրին մէջ կոտրած են եկեղեցւոյ դռները եւ վնասներ պատճառած անոր: 20 տարիէ ի վեր կամաւոր կերպով եկեղեցիին պահակութիւն ընող 75-ամեայ Հաթուն Ճասուր յայտնած է, որ երբ եկեղեցի վերադարձած է, տեսած է,...

Արցախեան Տօնավաճառ` Յօգուտ Արցախի  Բարգաւաճման Եւ Արցախցիին Գոյատեւման

Արցախեան Տօնավաճառ` Յօգուտ Արցախի Բարգաւաճման Եւ Արցախցիին Գոյատեւման

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի «Արցախ ֆոնտ»¬ին, հինգշաբթի 17, ուրբաթ 18 եւ շաբաթ 19 դեկտեմբերին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ արցախեան տօնավաճառ: Այս մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու համար «Ազդակ» հարցազրոյց մը կատարեց ֆոնտի անդամներէն Մարալ Մահսերեճեանի հետ: «ԱԶԴԱԿ».- 17-18-19 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ արցախեան տօնավաճառ: Ձեր կողմէ կատարուած առաջին նախաձեռնութիւնը չէ ասիկա, խնդրեմ`...

Արցախի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը  Կը Հերքէ Ազրպէյճանական Սուտերը

Արցախի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Կը Հերքէ Ազրպէյճանական Սուտերը

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը հերքած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան այն յայտարարութիւնը, որուն համաձայն, իբրեւ թէ ոչնչացուած է հայերու կրակակէտ մը, որուն պատճառով երեք հայ զինուոր զոհուած է: Նախարարութիւնը յայտարարած է, որ այդ յայտարարութիւնը չի համապատասխաներ իրականութեան` մէջբերելով նիւթին տակ ազրպէյճանցի օգտատիրոջ կատարած մեկնաբանութիւնը. «Այս սուտը որքա՞ն յոգնեցուցած է: Տեսանիւթին մէջ կ՛երեւի  ականահարուած թաքստոց: Ես հարցում ունիմ. երեք...

«Նոյն Փոսին Վրայ Անընդհատ  Սայթաքիլը Անիմաստ Է»  Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

«Նոյն Փոսին Վրայ Անընդհատ Սայթաքիլը Անիմաստ Է» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

Հանրաքուէի արդիւնքները Սահմանադրական դատարանին մէջ  վիճարկելու համար Հայ ազգային քոնկրես խմբակցութիւնը Ազգային ժողովի պատգամաւորներու  շրջանակին մօտ ստորագրահաւաք սկսած է: Պատասխանելով լրագրողներու հարցումին, թէ արդեօք ՀՅԴ-ն պիտի միանայ այդ ստորագրահաւաքին, ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան ըսաւ, թէ իրենց ոեւէ մէկը բողոքի բովանդակութիւնը չէ ուղարկած, եթէ ուղարկուի ապա կը քննարկեն: «Անձամբ իմ կարծիքս ըսեմ` ես շատ տրամադիր չեմ շարունակելու այն անպտուղ աշխատանքը,...

«Նիւ Եորք Թայմզ». Եւկենի Քիսին Ըսած Է,  Թէ Թուրքիոյ Մէջ Ելոյթ Պիտի Չունենայ

«Նիւ Եորք Թայմզ». Եւկենի Քիսին Ըսած Է, Թէ Թուրքիոյ Մէջ Ելոյթ Պիտի Չունենայ

«Նիւ Եորք Թայմզ» հրապարակած է հարցազրոյց մը աշխարհահռչակ դաշնակահար Եւկենի Քիսինի հետ, ուր ան անդրադարձած է Թուրքիոյ  կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին` նշելով, որ Թուրքիոյ մէջ ելոյթ պիտի չունենայ, քանի դեռ պաշտօնական Անգարան  ճանչցած չէ 1915-ի հայերու զանգուածային կոտորածները իբրեւ  ցեղասպանութիւն: «Իմ անձնական համոզումս է, որ եթէ երաժիշտներէն շատերը հրաժարին  Թուրքիոյ մէջ ելոյթ ունենալէ, այն ատեն կը հասկնան, որ ժողովուրդը ...

«Արմէն» Ճամբարի Ամբողջական Վերադարձը  Պահանջող Նամակ` Տաւութօղլուին

«Արմէն» Ճամբարի Ամբողջական Վերադարձը Պահանջող Նամակ` Տաւութօղլուին

27 հոկտեմբեր 2015-ին մասնակի արդարութիւն մը իրականացուեցաւ, երբ Պոլսոյ Թուզլա շրջանը գտնուող «Պոլսոյ պատանեկան տան»` «Արմէն» ճամբարի («Քեմփ Արմէն») կալուածին մէկ մասը վերադարձուեցաւ իր օրինական տիրոջ` Կետիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ: «Քեմփ Արմէն»-ը տունն էր 1500-է աւելի որբերու, որոնց «տունդարձ»-ը Անատոլուի խորերէն եւ հայեցի ու քրիստոնէական դաստիարակութիւնը կը պարտինք Հրանդ Կիւզէլեան անունով հայ աւետարանական հերոսին: Հոն էր, որ նահատակ լրագրող Հրանդ...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի  Ուղերձը` ՀՅԴ 125-Ամեակին Առիթով.  Գիր Օրհնութեան Ու Գնահատանքի

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ուղերձը` ՀՅԴ 125-Ամեակին Առիթով. Գիր Օրհնութեան Ու Գնահատանքի

Հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով ու ազգային վառ ապրումներով կ’ողջունենք ձեզ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքէն: Ներկայ տարին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադրութեան 125-ամեակն է: Արդարեւ, անցնող 125 տարիներուն ՀՅ Դաշնակցութիւնը մեր ժողովուրդի հաւաքական կեանքի մայր էջին վրայ դարձաւ մնայուն ներկայութիւն` մեր գերագոյն արժէքներուն կենսագործման ու ձգտումներուն իրագործման բերած իր ամբողջական ու յանձնառու մասնակցութեամբ: Սովորական քաղաքական կուսակցութիւն չեղաւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը, բառին...

Ռուստամեան. «Ընտրական Կեղծարարութիւնը  Պիտի Շարունակուի, Եթէ Այս Համակարգը Պահպանուի»

Ռուստամեան. «Ընտրական Կեղծարարութիւնը Պիտի Շարունակուի, Եթէ Այս Համակարգը Պահպանուի»

Ընտրական համակարգը պէտք է փոխուի այնպես, որ իշխանութեան գալը կեանքի ու մահու հարց չդառնայ. երէկ Ազգային ժողովին մէջ  լրագրողներուն ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան: «Մենք այդքան բացատրեցինք: Անոնք, որոնք չեն ուզեր հասկնալ, պարզապէս չհասկցան: Ընտրական կեղծարարութիւնը երբ կ՛ընես` ստանալու ամբողջ իշխանութիւնը, անոր համար ամբողջ մեքենայ մը կ՛օգտագործուի, իսկ երբ գիտես, որ ընես թէ...

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարար  Հրանուշ Յակոբեանի Ուղերձը` ՀՅԴ 125-Ամեակի Առիթով

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի Ուղերձը` ՀՅԴ 125-Ամեակի Առիթով

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանին Մեծայա՛րգ պարոն Մարգարեան, ՀՅԴ կուսակցութեան պատուարժան անդամներ, Ուղեկից կառոյցների յարգարժան ղեկավարներ, Լրացաւ ՀՅԴ կուսակցութեան հիմնադրման 125-ամեայ յոբելեանը, որը իւրաքանչիւրիս հնարաւորութիւն է ընձեռում մէկ անգամ եւս անդրադառնալու կուսակցութեան անցած ուղուն, հայրենանուէր գործունէութեանը եւ Հայ դատի արդարացի լուծմանն ուղղուած նրա ջանքերին: Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան եւ անձամբ իմ անունից շնորհաւորում եմ ՀՅԴ բոլոր անդամներին այս փառաւոր յոբելեանի...

Գիտաժողով ՀՅԴ 125-Ամեակի Առիթով

Գիտաժողով ՀՅԴ 125-Ամեակի Առիթով

ԱՐՏԱՇԷՍ ՇԱՀԲԱԶԵԱՆ ՀՅ Դաշնակցութեան յոբելեանական 125-ամեակը կուսակցութեան աշխարհասփիւռ կառոյցն ամէնուր տօնեց արժանի շուքով եւ տարողութեամբ: Աւանդական այս տօնակատարութիւնը սովորաբար փորձ է արւում չվերածել սոսկ փառաբանութեան, այլ օգտագործել առիթը քննական ու հաշուետուողական հայեացքով անդրադառնալու համար անցած ճանապարհին եւ կուսակցութեան առջեւ ծառացած օրախնդիր մարտահրաւէրներին: Յատկապէս այս յոբելեանական տարում Դաշնակցութեան տարբեր շրջանային կառոյցները տօնակատարութիւնները զուգորդեցին Հայ դատի, պատմական եւ քաղաքական խնդիրների նուիրուած սեմինարների,...

Թրքական Ուժերը Մասնակի  Կերպով Հեռացան Մուսուլէն

Թրքական Ուժերը Մասնակի Կերպով Հեռացան Մուսուլէն

Իրաքեան լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ թրքական ուժերը մասնակի կերպով հեռացած են Մուսուլի շրջանէն: Թրքական աղբիւրներ «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ»-ին յայտնեցին, որ Պաաշիքայի ճամբարին մէջ հաստատուած զօրքերուն մէկ մասը փոխադրուած է հիւսիսային Իրաքի մէջ Քրտական ինքնավար շրջանի կառավարութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջան: Ըստ աղբիւրներուն, զինուորները 14 դեկտեմբերին հեռացած են ճամբարէն, սակայն ներկայիս Թուրքիա պիտի չվերադառնան: «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը նշէ, որ այդ...

«Ազդակ»-ը` Նաեւ «Ինսթակրամ»-ի Վրայ

«Ազդակ»-ը` Նաեւ «Ինսթակրամ»-ի Վրայ

Ինչպէս նախապէս յայտնած էինք, «Ազդակ» այսուհետեւ կը ներկայանայ նաեւ «Ինսթակրամ»-ի վրայ: Նկատած էինք, որ «Ինսթակրամ»-ը առաւելաբար կ՛օգտագործուի երիտասարդներու կողմէ եւ շեշտուած ձեւով գրեթէ բացառապէս լուսանկարներով յագեցած է: Նիւթերու տարածման համար այսուհետեւ «Ազդակ»-ի լուսանկարները պիտի տեղադրուին Ինսթակրամի «Ազդակ»-ի էջին վրայ` լուսանկար եւ խորագիր ձեւաչափով: Մասնաւորաբար գաղութային ձեռնարկներ ներկայացնող «Ազդակ»-ի լուսանկարներն ու խորագիրները այսպիսով առիթ կու տան այս էջին հետեւողներուն տեղեկանալու գաղութային...

Հայաստանի Հանրապետութեան  Սահմանադրութեան Փոփոխութիւններու Նախագիծը` Ընդունուած

Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան Փոփոխութիւններու Նախագիծը` Ընդունուած

Երէկ` կիրակի, 13 դեկտեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութեան հանրաքուէի կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը կազմած է  արձանագրութիւն` 6  դեկտեմբեր 2015-ին Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէի քուէարկութեան արդիւնքներուն  վերաբերեալ` հիմք ընդունելով տեղամասերուն մէջ քուէարկութեան արդիւնքներուն վերաբերեալ արձանագրութիւնները, վերահաշուարկներու  արդիւնքները, քուէարկութեան արդիւնքներուն վերաբերեալ ընդունած որոշումները: Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի Հանրապետութեան կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի մամլոյ ծառայութենէն: «Հաշուի առնելով վերոյիշեալ արձանագրութիւնը, յանձնախումբերուն միջոցով ստացուած դիմումներու (բողոքներու) քննարկման...

Page 727 of 795 1 … 726 727 728 … 795

Արխիւներ