Քուէյթի Եւ Շրջակայից Հայոց Թեմը Սեփականատէրը Կը Դառնայ Եկեղեցւոյ Ու Ազգային Առաջնորդարանի Նոր Կալուածի
Արամ Ա. կաթողիկոս շաբաթ, 5 նոյեմբեր 2015-ի առաւօտուն ընդունեց Քուէյթի եւ Շրջակայից հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս Ծ. վրդ. Զօպուեանի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին թեմի Ազգային վարչութեան եւ Երեսփոխանական ժողովի ներկայացուցիչները: Պատուիրակութիւնը տեղեակ պահեց վեհափառ հայրապետը, որ շնորհիւ իրենց յարատեւ աշխատանքին, թեմը գնած է լայն կարելիութիւններ ունեցող շէնք մը, ուր պիտի հաստատուին եկեղեցին եւ Ազգային առաջնորդարանը: Յայտնենք, որ...




















