Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Միջինարեւելեան Երկիրներու Խորհրդաժողով

Փետրուար 15, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Սիսի Հարցը Կտոր Մը
Հողամասի Հարց Չէ, Այլ` Քաղաքական Հարց Է»

Նախարար Յակոբեան. «100-Ամեակի Գործունէութիւնը
Մեկնակէտ Է Մանաւանդ Յառաջիկայ Մեր Ընելիքներուն»

10018_021416

Հովանաւորութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին, անցնող շաբաթավերջին Հայոց ցեղասպանութեան միջինարեւելեան երկիրներու ներկայացուցիչներու երկօրեայ խորհրդաժողով մը գումարուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ, ուր կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներու ու արձանագրուած իրագործումներու արժեւորումը եւ ներկայացուեցան համապատասխան առաջարկներ:

10015_021416

Երկօրեայ այս խորհրդաժողովին առաջին նիստը գումարուեցաւ շաբաթ, 13 փետրուար 2016-ի կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն սկսեալ` ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, Հայոց ցեղասպանութեան միջինարեւելեան երկիրներու մարմիններու ներկայացուցիչներու, հոգեւոր հայրերու, միութենական ներկայացուցիչներու եւ հիւր անձնաւորութիւններու: Նախքան նիստին գումարումը, ժողովականներէն խումբ մը այցելեց Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն»-ի «Արամ Պեզիկեան» թանգարան:

Հրանուշ Յակոբեան
Հրանուշ Յակոբեան
Սեդա Խտըշեան
Սեդա Խտըշեան

Բացման խօսքով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի փոխատենապետ Շահան Գանտահարեան ողջունեց ներկաները եւ սեղմ տողերով ներկայացուց խորհրդաժողովի առիթն ու նպատակը, ապա խօսքը փոխանցեց Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ  Սեպուհ արք. Սարգիսեանի, որպէսզի  նիստը վարէ: Տէրունական աղօթքէն ետք սրբազան հայրը իր կարգին ողջունեց ներկաները եւ խօսքը փոխանցեց սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին, որ հակիրճ ակնարկով վերյիշեցուց ներկաներուն Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի միջոցառումներու համակարգման պետական յանձնաժողովի ցարդ իրագործած քայլերն ու յառաջիկայի տեսլականները:

Նախարար Յակոբեան թուեց իրագործուած քայլերուն հիմնական բնորոշիչները, ինչպէս` Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն զոհերու սրբադասումը, Վատիկանի պատարագը, Հայաստանը Մարդկային իրաւանց քննարկման կեդրոն նկատելու ՄԱԿ-ի որոշումը, համահայկական միահամուռ կեցուածքն ու մասնակցութիւնը 100-ամեակի ձեռնարկներուն եւ այլն: Ան անհրաժեշտ նկատեց 100-ամեակի առիթով կազմուած մարմիններու եւ յանձնախումբերու գործունէութեան յարատեւումը` Համահայկական խորհուրդ վերանուանումով: Նախարար Յակոբեան 100-ամեակը մեկնակէտ նկատեց յառաջիկայ գործունէութեան:

Դադարէն ետք խօսք առաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի ատենապետ Սեդա Խտըշեան, որ իր կարգին սեղմ տողերու մէջ զեկուցեց Լիբանանի մէջ ցարդ իրագործուած ձեռնարկներուն մասին:

Խօսք առաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանահայ գաղութի ցուցաբերած համերաշխ գործակցութեան համար եւ ամփոփ ձեւով թուեց դեսպանատան մասնակցութիւնն ու ներդրումը որդեգրուած քայլերուն:

Ապա Լիբանանեան համալսարանի դասախօս դոկտ. Նորա Պայրագտարեան զեկուցեց Սիսի կաթողիկոսարանին գծով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին Թուրքիոյ դէմ յարուցած դատական հայցին եւ այս գծով առնուած յաջորդական քայլերուն մասին:

10019_021416

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան զեկուցեց այս առնչութեամբ կաթողիկոսարանի իրագործած քայլերուն մասին:

Ապա յաջորդաբար Յորդանանէն` Մարալ Ներսէսեան, Սուրիայէն` Շահան արք. Սարգիսեան, Կիպրոսէն` երեսփոխան Վարդգէս Մահտեսեան եւ Թեհրանէն Ռուբիկ Կարապետեան զեկուցեցին իրենց տարած գործունէութեան մասին:

Այս առիթով եւ նախկին երեսփոխան տոքթ. Եղիկ Ճերէճեանի առաջարկով յատուկ յայտարարութեամբ ներկաները խորհրդաժողովին անունով ողջոյնի խօսք փոխանցեցին սուրիահայ ազգակիցներուն` զօրակցութիւն ցուցաբերելով անոնց քաղաքական եւ ապահովական ներկայ դառն պայմաններուն մէջ (Յայտարարութիւնը կը հրատարակենք վաղուան թիւով):

Դադարին, ժողովականները ներկայ գտնուեցան Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցած Տեառնընդառաջի աւանդական խարոյկը վառելու արարողութեան:

Խորհրդաժողովը շարունակուեցաւ կիրակի, 14 փետրուարին, երբ ժողովականները ներկայ գտնուեցան Ս. պատարագի արարողութեան, որմէ ետք յատուկ ծաղկեպսակներ զետեղուեցան Նահատակաց մատրան առջեւ: Սարգիս Նաճարեան վարեց երկրորդ օրուան առաջին նիստը: Այս առիթով յաջորդաբար խօսք առին` Սպահանէն` Վրէժ Տէր Մարտիրոսեան, Թաւրիզէն` Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն` Մեսրոպ Ծ. վրդ. Սարգիսեան` զեկուցելով իրենց ներկայացուցած երկիրներուն մէջ տարուած եւ իրագործուած քայլերուն մասին:

Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ,  երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ ինը կէտերու մէջ շեշտեց իրագործուած քայլերն ու տեսլականները` ընդգծելով, որ պէտք է պայքարիլ այնպէս, որ հայութեան խօսքը վերածուի յաղթանակի:

Նաեւ խօսք առին` ՀԲԸՄ-էն` Սիլվա Լիպարիտեան, ՍԴՀԿ-էն` Յակոբ Կերկէրեան, ՌԱԿ-էն` Սեւակ Յակոբեան, վերապատուելի Րաֆֆի Մսըրլեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան եւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Եզրափակիչ խօսքերով ելոյթ ունեցան նաեւ Շահան Գանտահարեան եւ նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Աւարտին ժողովականները ուղղուեցան վեհարան, ուր Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը բարձր գնահատեց ժողովականներուն, նախարար Հրանուշ Յակոբեանի, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի ատենապետ Սեդա Խտըշեանի եւ ժողովականներուն գործունէութիւնը: Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ Սիսի կաթողիկոսարանի հայցը «կտոր մը հողամասի հարց չէ, այլ` քաղաքական հարց»:

Նշենք, որ այս առիթով նախարար Հրանուշ Յակոբեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի հրամանագիրով Հայաստանի քաղաքացիութիւն շնորհեց Սեդա Խտըշեանին, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ  Սարգսեանին, նախարար Յակոբեանին եւ բոլոր իր գործընկերներուն:

Նախորդը

Տեառնընդառաջի Նախատօնակը` Անթիլիասի Մէջ. Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Հայ Ընտանիքը Մեր Հոգեւոր, Բարոյական Ու Ազգային Արժէքներու Աղբիւրն Է Եւ Պէտք Է Հաւատարիմ Մնայ Իր Կոչումին»

Յաջորդը

Սուրիոյ Բանակը Ժապալ Ռուս Լեռնաշղթան Ամբողջութեամբ Առաւ Իր Վերահսկողութեան Տակ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?