Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներկայացում Վահան Յովհաննիսեանի Երկու Գիրքերուն

February 18, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

0123mandillion

Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան, «Սարդարապատ» գրախանութին եւ «Ասպարէզ» օրաթերթին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Վահան Յովհաննիսեանի «Մանտիլիոն» ու «Մայրամուտ, որը պէտք է կասեցնել» գիրքերուն ներկայացումը` երեքշաբթի, 19 յունուար 2016-ին, Կլենտէյլի Երիտասարդական կեդրոնին մէջ, ներկայութեամբ գրասէրներու հոյլի մը:

«Ասպարէզ»-ի խմբագիր Աբօ Պօղիկեան ելոյթ ունեցաւ հակիրճ բացման խօսքով մը եւ անդրադարձաւ Վահան Յովհաննիսեանի կեանքին` նշելով, որ Վահանը երիտասարդական աւիւնով լի, անսպառ ներուժով օժտուած, միշտ կայտառ ու աշխոյժ, լայն մտահորիզոնով եւ գիտելիքներու հսկայ շտեմարանով անձ մըն էր: Խմբագիր Պօղիկեան պատիւը ունեցած էր Վահանին հետ մօտէն գործակցելու, յատկապէս 1989-1994 թուականներուն, Դաշնակցութեան գործունէութիւնը Հայաստանի ու Արցախի մէջ ծաւալելու ընթացքին` կիսելով անոր հետ պատմական նշանակալի պահեր:

Ծանօթ է, որ Վահան Յովհաննիսեան հալածուած ու բանտարկուած էր, ապա բանտի ճաղերէն դուրս` եղած էր Դաշնակցութեան գործիչ ու Գերագոյն մարմինի անդամ: Քաղաքական գործիչի իր հանգամանքով ան այցելած էր բազմաթիւ երկիրներ, եղած էր խորհրդարանի անդամ կամ նախագահի խորհրդատու, մինչեւ իսկ` Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան` շատ կարճ ժամանակով մը, որ ընդհատուեցաւ Վահանի վաղահաս մահուան պատճառով:

Դոկտ. Ռուբինա Փիրումեան հրաւիրուած էր ներկայացնելու «Մանտիլիոն»-ը, որ ռուսերէնով գրուած, սակայն հայերէնի ու անգլերէնի թարգմանուած է:

Դոկտ. Փիրումեան անդրադարձաւ գիրքի բովանդակութեան` ամբողջական պատկերացում մը տալով «Մանտիլիոն»-ին մասին, որ հինգ հարիւր էջ հաշուող լայնածաւալ վէպ մըն է:

Յաջորդ բանախօսն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, որ «Մայրամուտ, որը պէտք է կասեցնել» հատորին ընդմէջէն` դիպուկ ու անմիջական պատկերներով ներկայացուց Վահանը, ըլլալով անոր գաղափարի ընկերը, գաղափարական եւ քաղաքական դաշտին վրայ հալածուած ճակատագրակիցը` մնալով մի՛շտ պատնէշի վրայ:

Թէ ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս Վահան կրցած էր ժամանակ գտնել գրելու եւ ստեղծագործելու` առեղծուածային կը թուէր Արմէն Ռուստամեանի համար, որովհետեւ, անոր խօսքերով` Վահան իր ամբողջ էութեամբ կլանուած էր հայրենիքի ներքաղաքական իրադարձութիւններով եւ դաշնակցականի երդումին հաւատարիմ` կը գործէր իր դաւանած կուսակցութեան ի նպաստ, իր անձնական մասնագիտութենէն անջատ. սակայն շնորհիւ իր անյագ ընթերցասիրութեան` վերածուած էր «Շրջուն հանրագիտարանի» մը` նպաստելով իր քաղաքական աշխարհայեացքի ձեւաւորման: Յատկանշականն այն էր, որ Վահան օժտուած էր պայծառամտութեամբ, զոր ժառանգած էր իր հօրմէն` Էտիկ Յովհաննիսեանէն. երկուքն ալ` զոյգ բեւեռներ, որոնք զիրար կը գերակշռէին իրենց մտային բացառիկ կարողութիւններով: Նոյնիսկ հակառակորդներուն կողմէ սիրուած ու յարգուած էր Վահան, իր մտածողութեան ու  առարկայապաշտ մօտեցումներուն համար:

Այս բոլորին կողքին, դասախօսը անդրադարձաւ Վահանի անմիջականութեան եւ «հիւմոր»-ին, նոյնիսկ բանտի ճաղերու ետին իր սրամիտ արտայայտութիւններուն, իր ամբողջական ու լիարժէք մարդու յատկանիշներուն` ափսոսալով, որ «Աւա՜ղ, մենք չափից դուրս շուտ կորցրինք Վահանին»:

Այս տպաւորիչ ձեռնարկին իրենց բաժինը բերին Նայիրի Փանոսեան` ասմունքելով Ժ. Ս. Յակոբեանի «Մենք»-ը, եւ դաշնամուրի վրայ Նանօր Տէր Պետրոսեան` նուագելով Պախէն հատուած մը:

Աւարտին ներկաները առիթ ունեցան օրինակներ գնելու Յովհաննիսեանի զոյգ գիրքերէն` «Մանտիլիոն»-էն եւ «Մայրամուտ, որը պէտք Է կասեցնել»-էն:

Նախորդը

«Խելացի Հեռաձայնը»

Յաջորդը

Գաղութէ-Գաղութ

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.