Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Սահմանադրութեան Փոփոխութիւններու Կենսագործման Վերաբերեալ Ելոյթ Ունեցած Է

February 13, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

President-Sargsian_021216

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ երեկոյեան նախագահական նստավայրին մէջ հիւրընկալած է օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւններու, տարածքային կառավարման եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ղեկավար կազմի ներկայացուցիչները: Հանրապետութեան նախագահը հանդէս եկած ելոյթով` սահմանադրութեան փոփոխութիւններու կենսագործման վերաբերեալ:

Հանրապետութեան նախագահը անդրադառնալով երկրի ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներուն նշած է, որ երկրին մէջ ամբողջ թափով սկսած է նոր քաղաքական համակարգի ձեւաւորման, նոր քաղաքական մշակոյթի արմատաւորման գործընթացը: «Մէկ հայեացքն անգամ մեր երէկուան  պատմութեան ու մեր լայն դրացնութեամբ տեղի ունեցող գործընթացներուն բաւարար է արձանագրելու այն գինը, որ ունի քաղաքական կայունութիւնը մեր երկրին մէջ, ունի մեր պետականութեան անվտանգ ընթացքին համար: Երբ կը խօսինք  քաղաքական կայունութեան մասին, նկատի չունինք այդ եզրի կարծրացած ընկալումներն ու մեկնաբանութիւնները, որ մինչեւ օրս երբեմն-երբեմն կ՛արծարծուին մեր մամուլին մէջ եւ իբրեւ մտահոգութիւն կը բարձրաձայնուին մեր կարգ մը քաղաքական ընդդիմախօսներուն  կողմէ: Սահմանադրութեան փոփոխութիւնները էականօրէն ամրացուած  են մեր երկրին մէջ քաղաքական կայունութեան երաշխիքներով, ամրագրուած են պետական իշխանութեան ձեւաւորման եւ անոր  գործադրման նոր փիլիսոփայութեան միջոցով, յստակացուցած են  քաղաքական իշխանութեան ու ընդդիմութեան նոր դերակատարութիւնը: Բայց այդ ամէնը միս ու արիւն պէտք է ստանայ իրականութեան մէջ` սնուելով մեր գործողութիւններէն եւ որոշումներէն: Քաղաքական կայունութեան ամէնէն նշանակալի երաշխիքը քաղաքական-կուսակցական համակարգի շարունակական կայացումն է, հասարակութեան վստահութեան ամրապնդումը հասարակական-քաղաքական հոսանքներու, կուսակցութիւններու, քաղաքացիական հասարակութեան հաստատութիւններու նկատմամբ: Մեր ընտրած պետական կառավարման խորհրդարանական ձեւաչափը ատիկա  կը պարտադրէ: Վստահ եմ` ժամանակի ընթացքին, գուցէ մեզի համար ալ աննկատ, երկրին մէջ պիտի ձեւաւորուի քաղաքական նոր մշակոյթ, երբ քաղաքական կուսակցութիւններու վարքագիծը ըլլայ զուտ մրցակցային», նշած է նախագահը: Նախագահին խօսքով, ակնյայտ է, որ այս գաղափարները կենսագործելու համար անհրաժեշտ է ոչ միայն ունենալ լաւ ընտրական օրէնսգիրք, այլեւ իրագործել առաւելագոյնս ազատ, արդար ու վստահելի ընտրութիւններ: Ընտրական նոր համակարգը պէտք է պատրաստ ըլլայ տեղայնացնելու սահմանադրական ամրագրում ստացած այնպիսի նորարարութիւնները, ինչպիսիք են լրիւ համամասնական ընտրակարգը, կայուն խորհրդարանական մեծամասնութեան ձեւաւորումը, Ազգային ժողովին մէջ ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն տեղեր յատկացնելը եւ այլն: Հայաստանի մէջ քուէարկութեան ժամանակակից մեքանիզմներու ներդրման ուղղութեամբ մենք արդէն սերտօրէն կ՛աշխատինք ընտրական գործընթացներու մէջ մասնագիտացած հեղինակաւոր միջազգային կառոյցներու հետ», տեղեկացուցած է նախագահ Սերժ Սարգսեանը: «Կ՛ուզեմ շեշտել նաեւ, որ ապագայ խորհրդարանին մէջ որեւէ կուսակցութեան կամ անհատի տեղը այսօր երաշխաւորուած չէ: Թող ոչ մէկը յոյս ունենայ, որ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին դիւրին յաղթանակներ պիտի ըլլան: Մենք` իբրեւ իշխող քաղաքական ուժ, կը կրենք նաեւ լրացուցիչ պատասխանատուութիւն ընտրութիւններու կազմակերպման բարձր մակարդակի համար: Ընտրութիւնները պէտք է ըլլան օրինակելի: Ասիկա նախ եւ առաջ պէտք է մեր ժողովուրդին եւ պետութեան, բայց պէտք չէ մոռնալ, որ անոնցմով պայմանաւորուած է նաեւ մեր երկրի միջազգային վարկն ու հեղինակութիւնը: Հայաստանի ստանձնած միջազգային յանձնառութիւնները լիարժէքօրէն պէտք է կատարուին: Ուրեմն, եկէք ատիկա ապացուցենք գործով, իրական քայլերով: Ուրեմն եկէք կեանքի կոչենք մեր սահմանադրութիւնը», ըսած է նախագահը:

Նախորդը

Գէորգի Կուտոյեան Նշանակուած Է Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Տնօրէն

Յաջորդը

Արմէն Նազարեան. «Պուլկարացի Ըմբիշները Հայաստանի Հաւաքականին Մարզիկներէն Սորվելիք Ունին»

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Հայկական

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.