
Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Սարգսեան 16 փետրուարին հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի հետ:
Ռուսիոյ կառավարութեան պաշտօնական կայքին համաձայն, վարչապետը յիշեցուցած է, որ Սարգսեանի հետ վերջին անգամ հանդիպում ունեցած է Հայաստանի մէջ, երբ Սարգսեան տակաւին վարչապետ էր: Անոր համաձայն, ներկայիս Տիգրան Սարգսեան կը ղեկավարէ վերազգային կառոյց մը, որ կը վերահսկէ այլ կառավարութիւններու գործունէութեան, մասնաւորաբար` Եւրասիական խորհուրդին: Մետվետեւ այս առնչութեամբ յաջողութիւն մաղթած է Սարգսեանին` անոր գործը որակելով բարդ, բայց հետաքրքրական, որ կը միտի համարկման ու մեծ արդիւնքներու ձեռքբերման` ի նպաստ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ բոլոր երկիրներուն:
Մետվետեւ նշած է, որ շատ կարեւոր է լիարժէք աշխատանք հաստատել խորհուրդի նոր կազմին հետ` արդի խնդիրները լուծելու համար: «Ներկայիս ես խորհրդակցութիւններ կը կատարեմ, նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան մեր գործընկերներուն հետ: Դուք գիտէք, որ հիմա խնդիր ունինք Ուքրանիոյ հետ` մեր բեռներու տարանցման, զանոնք Ուքրանիոյ տարածքով տեղափոխելու առնչուած: Մենք ստիպուած ենք պատասխան քայլերու ձեռնարկելու», յայտնած է Ռուսիոյ վարչապետը` նշելով, որ այս հարցը պէտք է համադրել եւ լուծել նաեւ Եւրասիական միութեան ձեւաչափով:
Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է ցուցաբերուած վստահութեան համար: «Ես այսօր կը գիտակցիմ իմ կրած ամբողջ պատասխանատուութիւնս եւ այն լուրջ սպասելիքները, որ ունին անդամ երկիրները. անոնք դրական արդիւնքներ կ՛ակնկալեն համարկումի հոլովոյթէն: Ձեր օգնութիւնը, վստահաբար, մեզի կ՛օգնէ աւելի արդիւնաւէտ կերպով շարժելու», ըսած է Սարգսեան:


