Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 13 փետրուարին ընդունած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը:
Հանդիպումին ընթացքին, որուն մասնակցած է ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը, քննարկուած են ղարաբաղեան-ազրպէյճանական տագնապի խաղաղ լուծման եւ ներհայկական հոլովոյթներու վերաբերող շարք մը հարցեր: