Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գէորգի Կուտոյեան Նշանակուած Է Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Տնօրէն

Փետրուար 13, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

goudoyan_021216

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 12 փետրուարին Հայաստանի կառավարութեան առընթեր Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավար կազմին ներկայացուցած է Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նոր նշանակուած տնօրէն Գէորգի Կուտոյեանը:

Նախագահը տեղեկացուցած է նաեւ, որ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նախկին տնօրէն Գորիկ Յակոբեան օրէնքով ազատ կացուցուած է պաշտօնէն` տարիքին պատճառով եւ հայրենիքին իր ծառայութիւնը պիտի շարունակէ Հայաստանի նախագահի խորհրդականի պաշտօնը ստանձնելով:

Նախագահ Սարգսեան Գորիկ Յակոբեանը պարգեւատրած է Սուրբ Վարդան Մամիկոնեանի շքանշանով եւ շնորհակալութիւն յայտնած անոր: Խօսելով Գէորգի Կուտոյեանի նշանակման մասին` նախագահ Սարգսեան ըսած է, թէ ան պետական աշխատանքի բարձր արհեստավարժութեամբ կը գործէ, նոյնիսկ առօրեայ խնդիրներ լուծելու ատեն կը հիմնուի քաղաքականութեան վրայ: Ան ունակ է համակարգելու զուգահեռ ընթացող գործընթացները եւ գտնելու խնդիրի լուծման ամէնէն ճիշդ ուղին, սկզբունքային է, խստապահանջ` ինքնիր եւ ուրիշներուն նկատմամբ:

Իր խօսքին մէջ Հայաստանի նախագահը անդրադարձած է նաեւ սահմանադրական փոփոխութիւններուն` երկրին համար շրջադարձային իրադարձութիւն նկատելով զանոնք:

«Մինչեւ 2018 տեղի պիտի ունենայ իշխանութեան թեւերու լուրջ վերադասաւորում եւ պետական մարմիններու լիազօրութիւններու էական վերաբաշխում: Եւ այս անցումային հանգրուանին ազգային անվտանգութեան մարմինները իրենց գործառոյթներու շրջագիծին մէջ պէտք է ո՛չ միայն ապահովեն կառավարման համակարգի սահուն փոխակերպումը, այդ ընթացքին պետական իշխանութեան անընդհատութիւնը, այլեւ պետական մարմիններու կարգին կարենան ամրագրել իրենց արժանի տեղն ու կարգավիճակը: Այս ընթացքին ձեր հիմնական խնդիրներէն մէկը պիտի ըլլայ պետութեան ներքին անվտանգութեան ապահովումը, մասնաւորապէս` մէկ կողմէ կաշառակերութեան երեւոյթներուն դէմ աւելի սուր պայքարը, միւս կողմէ` կանխարգիլումը: Դուք պէտք է պատրաստ ըլլաք ստանձնելու այդ պատասխանատուութիւնը: Այդ քայքայիչ, ստորացուցիչ դրսեւորումներուն դէմ պայքարը յատկապէս կարեւոր է երկրին մէջ իրականացուող սահմանադրական բարեփոխումներու լոյսին տակ», ըսած է նախագահը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան դիտել տուած է, որ ասիկա չի նշանակեր, որ մինչեւ հիմա ազգային անվտանգութեան մարմինները չէին պայքարեր փտածութեան դէմ, սակայն այդ պայքարը պէտք է սաստկացնել: «Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը պէտք է յուսալի եւ կայուն կառոյց ըլլայ յատկապէս երկրին համար այս կարեւոր անցումային հանգրուանին: Մենք չունինք երկրորդ այդպիսի կամ նոյնիսկ նման կառոյց, հետեւաբար` այս մարզին մէջ չենք կրնար մեզի փորձարկումներու շքեղութիւն թոյլ տալ», յայտնած է նախագահ Սարգսեան:

Գէորգի Կուտոյեան շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահին` անոր ցուցաբերած վստահութեան համար: «Հաշուի առնելով այն կարեւորագոյն գործառոյթները, որոնք օրէնսդրութեամբ վերապահուած են ազգային անվտանգութեան մարմիններուն, պետական այս կառոյցին մէջ ծառայութիւնը ինծի համար մեծ պատասխանատուութիւն է եւ նոյնքան մեծ պատիւ», ըսած է ան:

Գէորգի Կուտոյեան ծնած է 30 սեպտեմբեր 1981-ին, Երեւան: 2002-ին աւարտած է Ռուսիոյ Ռոստով քաղաքի պետական համալսարանի իրաւագիտութեան բաժանմունքը: 2005-ին աւարտած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի փիլիսոփայութեան եւ իրաւունքի հիմնարկը, պաշտպանած է թեկնածուական ատենախօսութիւն «1950-ին Մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու մասին համաձայնագիրը Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային իրաւական համակարգին մէջ  (սահմանադրաիրաւական հետազօտութիւն)» նիւթով եւ ստացած իրաւաբանական գիտութիւններու թեկնածուի գիտական աստիճան: 2007-ին աւարտած է Միացեալ Նահանգներու Ֆլեթչըրի իրաւունքի եւ դիւանագիտութեան դպրոցը (Թաֆթս համալսարան):

2002-2010-ին դասաւանդած է Հայ-ռուսական (Սլաւոնական) համալսարանին, Հայաստանի պետական կառավարման ակադեմային եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմային մէջ: 2005-2006-ին աշխատած է գլխաւոր դատախազութեան մէջ, նախ` իբրեւ գիտաուսումնական կեդրոնի գիտական աշխատող, ապա` իրաւական եւ կառուցուածքային բարեփոխումներու բաժինի դատախազ:   2006-2007-ին աշխատած է մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմին մէջ` իբրեւ պաշտպանի աւագ խորհրդական, իսկ 2008-2010-ին` իբրեւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմի գլխաւոր իրաւախորհրդատու:

2008-ին ստացած է փաստաբանական գործունէութեան արտօնագիր, 2010-2011-ին զբաղած է փաստաբանական գործունէութեամբ: 2011-2016-ին եղած է Հայաստանի նախագահի օգնական: 2011-2014-ին Փտածութեան դէմ պայքարի խորհուրդին առընթեր հակափտածութեան ռազմավարութեան իրականացման դիտորդ յանձնախումբի նախագահ:

 

 

 

Նախորդը

ԵԱՀԿ-ի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչը Լեռնային Ղարաբաղի Հարցին Մէջ Սթաթիւս Քոն Կը Նկատէ Անընդունելի

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Սահմանադրութեան Փոփոխութիւններու Կենսագործման Վերաբերեալ Ելոյթ Ունեցած Է

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?