Պէտք է ներգրաւուիլ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրապայքարին մէջ եւ յառաջ մղել հայկական հարցերը: Այս մասին, նշած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի հասարակութեան հետ կապերու բաժանմունքի ղեկավար Եղիսաբէթ Չուլճեան, կը հաղորդէ «Ամերիկայի ձայն»-ը:
«Նախագահ Օպամա ժամանակին նախագահական իր արշաւին ընթացքին մեծ խոստումներ տուաւ ամերիկահայ գաղութին, խոստումներ, որ իբրեւ նախագահ ինք պիտի ճանչնար Հայոց ցեղասպանութիւնը, խոստումներ, որ Ամերիկան օժանդակութիւն պիտի ցուցաբերէր Հայաստանին, որ պիտի պաշտպանէր Արցախի ազատ, անկախ իրավիճակը», ըսած է Եղիսաբէթ Չուլճեանը: Ան յոյս յայտնած է, որ Օպամա իր նախագահութեան շրջանին առիթ մը եւս ունի Հայոց ցեղասպանութեան առումով իր խոստումը կատարելու հարցին մէջ:
«Հիմա ժամանակն է իրենց հարցադրումներ տալու, իրենց պատասխանները լսելու` հայկական հարցերու գծով: Երկրորդ աշխատանքը այն է, որ պէտք է մասնակից դառնալ Միացեալ Նահանգներու ընտրական ընդհանուր պայքարին», ըսած է Չուլճեան: