
Երէկ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան չբացառեց, որ երեկոյեան ստորագրուի Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան հետ համագործակցութեան փաստաթուղթը: «Ես չեմ բացառեր, նաեւ չեմ հաստատեր», ըսաւ ան:
Պատգամաւորը աւելցուց, որ փաստաթուղթին ստորագրումը շատ պիտի չուշանայ: «Համաձայնագիրը, ըստ էութեան, հիմնուած է թէ՛ մեր մօտեցումներուն, թէ՛ նաեւ հանրապետութեան նախագահի, յատկապէս` վերջին ելոյթին մէջ քննարկման արդիւնքներով բարձրաձայնուած հարցերու ընդհանրութեան վրայ, որմէ ետք կը պաշտօնականացուին մնացած հոլովոյթները», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան: Ան այլ փակագիծեր բանալ չուզեց, յորդորեց «քիչ մըն ալ սպասել»:
Պատգամաւորը նշեց նաեւ, որ ակնյայտ է, որ համագործակցութիւնը աւելի երկարատեւ բնոյթ պէտք է կրէ, այն հարցերը, որոնք յառաջ կը մղուին, ճամբու քարտէզը` իր խորութեամբ, չեն ենթադրեր ընդամէնը մէկ տարուան գործունէութիւն: «Այս համագործակցութիւնը քաղաքական ուժերը 2017-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն հետ չեն կապեր, եւ կարեւոր չեն նկատեր այն` թէ խորհրդարանի մէջ կ՛ունենա՞ն իշխանութիւն, թէ՞ ոչ, որովհետեւ երկրին առջեւ ծառացած խնդիրներու լուծումները աւելի կարեւոր են», ըսաւ ան:
Հանրապետականն Ու Դաշնակցութիւնը
Երկարաժամկէտ Համագործակցութեան
Կը Պատրաստուին
Հանրապետականն ու Դաշնակցութիւնը շատ մօտ են համագործակցութեան համաձայնագիրը ստորագրելուն: Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Բաղդասարեան ըսաւ` Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան մէջ քննարկումները աւարտած են, հիմնական հարցերը` յստակացած, մնացած են միայն թեքնիք խնդիրները:
«Այսօր, վաղը … մի՛ աճապարէք: Կան թեքնիք խնդիրներ, որոնց շուրջ համաձայնութեան ընթացքի մէջ ենք, եւ դուք ամէն ինչի մասին տեղեակ պիտի պահուիք», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին ըսած է Բաղդասարեան:


