Ուրբաթ, 12 փետրուար 2016-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ Կիպրոսի դեսպան Քրիսթինա Ռաֆթին: Նկատի ունենալով, որ դեսպանին առաջին այցելութիւնն էր մայրավանք, վեհափառ հայրապետը լայն բացատրութիւն տուաւ կաթողիկոսարանին առաքելութեան եւ սփիւռքի մէջ տարած անոր գործունէութեան մասին: Հանդիպման նաեւ ներկայ էին Կիպրոսի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Բարսեղ Զարդարեան եւ դեսպանին խորհրդականը:
Տեսակցութեան ընթացքին վեհափառ հայրապետին ու դեսպանին խօսակցութիւնները կեդրոնացան հայ եւ կիպրացի ժողովուրդներու դարաւոր յարաբերութեան, Կիպրոսի հայ գաղութին եւ կիպրական ընկերութեան մէջ անոր ունեցած դրական ներդրումին վրայ: Անդրադարձ եղաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան, Սուրիոյ վիճակին եւ հայ-թրքական ու թուրք-կիպրական յարաբերութեանց:
Վերջապէս, վեհափառ հայրապետը յիշեցուց, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եկեղեցիներ ու մեծ վանք մը ունի Կիպրոսի գրաւեալ թրքական բաժինին մէջ եւ յոյս յայտնեց, որ Կիպրոսի պետութիւնը օգտակար կը հանդիսանայ սոյն եկեղեցական պատմական կոթողներու քանդումին կասեցման առնչութեամբ: