
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեան 57-ամեակին առիթով 16 փետրուարին Ստեփանակերտի յուշահամալիրին մէջ անոր շիրիմը այցելած եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեան, պատգամաւորներ, բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական միութեան անդամներ, ՀՕՄ-ականներ, Արթուր Մկրտչեանի ընտանիքը եւ հարազատները:
Արթուր Մկրտչեան տակաւին 32 տարեկան էր, երբ ընտրուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ, եւ 33 տարեկան, երբ իր աւարտին հասաւ անոր կարճ, բայց պայծառ ու նուիրական կեանքի ուղին: Ուղի մը, որ իր անջնջելի դրոշմը դրած է Արցախի պատմութեան մէջ: Անոր դէմ արձակուած կրակոցին պատճառը կարելի չեղաւ ճշդել, իսկ զայն սպաննած գնդակը չգտնուեցաւ:
Արթուր Մկրտչեան ղեկավարած է ընդամէնը 97 օր, բայց անոր անձը, կեանքի ուղին եւ ճակատագիրը այնքան միահիւսուած եղած են հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան հետ, որ այդ 97 օրերուն ընդմէջէն անոր անունը յաւերժօրէն արձանագրուած է ժողովուրդին յիշողութեան մէջ: Անոր գործունէութեան շրջանը` 12 փետրուար 1988-ի Հատրութի հանրահաւաքէն մինչեւ նախագահ ընտրուիլը, եղած է սրընթաց եւ զարմանք յարուցող:
Ոչ ոքի համար գաղտնիք է, որ Արթուր Մկրտչեան չէ ընդունուած Հայաստանի այն ժամանակներու իշխանութիւններուն կողմէ, իսկ ասոր անհերքելի փաստը այն է, որ Մկրտչեանի ընտրուելէն քանի մը օր ետք Հայաստան Ղարաբաղը զրկած է ամէն տեսակ օգնութենէ:
Բոլոր այն անձերը, որոնք բախտը ունեցած են գէթ անգամ մը կապ հաստատելու Արթուր Մկրտչեանին հետ, ակնածանքով կը խօսին անոր մասին: Ա. Մկրտչեանի մասին յուզումով կը խօսի անոր ժամանակակիցը` Գագիկ Աւանեսեան: Անոնք ծանօթացած են, երբ դեռ նոր սկսած էր Արցախեան շարժումը, երկար ուղի անցած են միասին` հայկական պատկերասփիւռի կայան ունենալու համար ստորագրահաւաքէն մինչեւ փետրուարեան ցոյցեր եւ պատերազմ:
Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի փոխնախագահ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահրամ Բալայեան Արթուր Մկրտչեանի գաղափարական եւ կուսակցական ընկերը ըլլալէ բացի, եղած է անոր մտերիմը, անոնք միեւնոյն մասնագիտութեան հետեւած էին: Վահրամ Բալայեան համոզուած է, որ եթէ չըլլար ազգային-ազատագրական շարժումը, անոնք կը համագործակցէին գիտութեան ասպարէզին մէջ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ այսօր արդեօք իրականացա՞ծ են Արթուր Մկրտչեանի իղձերը` Վ. Բալայեան ըսած է. «Ըստ էութեան, մեր ժողովուրդը նիւթականացուց այն տեսլականը, որ ունէր Արթուր Մկրտչեան: Ունինք ազատ, անկախ հայրենիք, սակայն տակաւին ճամբայ ունինք անցնելիք, երկիրը տնտեսապէս զարգացնելու, քաղաքական համակարգը կատարելագործելու: Կը կարծեմ` հիմա ճիշդ ուղիին վրայ ենք: Ան նոր մշակոյթ մտցուց քաղաքական դաշտին մէջ` ազնուութիւն, մարդասիրութիւն, նուիրուածութիւն, այդ բոլորը, ինչ որ մեզի համար ուղենիշ պէտք է ըլլայ մեր երկիրը զարգացնելու, հզօրացնելու համար»:


