«Վանայ Ձայն»-ի արաբերէն բաժինի հաղորդավար Հալա Հատտատ երէկ վաստակաշատ դերասան եւ բեմադրիչ Պերճ Ֆազլեանի մահէն ետք իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը.
«Աշխատանքները ընթացքի մէջ էին մեծատաղանդ Պերճ Ֆազլեանին նուիրուած «Վանայ Ձայն»-ի «Մեր մեծերով կը վեհանանք» յայտագիրի ներկայացման համար ուրբաթ, 19 փետրուար 2016-ին, եւ այս առիթով «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն Աւետիս Կիտանեան ու արաբերէն բաժինի հաղորդավար Հալա Հատտատ երկու շաբաթ առաջ այցելեցին Ֆազլեանի բնակարանը, եւ Աւետիս Կիտանեան զայն պարգեւատրեց յատուկ յուշանուէրով` առ ի գնահատանք ու մեծարանք անոր երկարամեայ վաստակին, թատրոնի մարզին մէջ:
«Այս գծով Ֆազլեանի մասին յատուկ վկայութիւններ արձանագրուեցան բեմադրիչ Ժալալ Խուրիի, դերասան Ռիֆաաթ Թարապէյի եւ Ալեքսանտր Նաժժարի հետ: Նաեւ կը նախատեսուէր, որ այս առիթով «Վանայ Ձայն» ներկայանային Ֆազլեանի կինն ու զաւակը` իբրեւ հիւր, սակայն մահուան գոյժը կանխեց մեզ…
«Առ այդ, «Մեր մեծերով կը վեհանանք» յատուկ յայտագիրի ձայնասփռումը կը յետաձգենք նոր թուականի, որուն մասին կը տեղեկացնենք հետագային:
«Վանայ Ձայն»-ի ընտանիքը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ լիբանանեան թատրոնի ջահակիրներուն եւ թատրոնի սիրահարներուն` մաղթելով, որ յաւերժ մնայ անոր յիշատակը իբրեւ արուեստագէտ ու ազնիւ մարդ…»: