Համազգայինի «Քնար» Պարախումբը Մասնակցեցաւ «Իմ Հայաստան» Համահայկական Երրորդ Փառատօնի Բացման Հանդիսութեան Եւ Պարգեւատրուեցաւ Սփիւռքի Նախարարութեան Ոսկիէ Մետալով
Ուրբաթ, 22 յուլիսին Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ պարարուեստի օրերու սկիզբով տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած «Իմ Հայաստան» փառատօնի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որ կազմակերպուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին բարձր հովանաւորութեամբ: Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգի ունկնդրութենէն ետք Նաւասարդ արք. Կճոյեան Տէրունական աղօթքով օրհնեց փառատօնի մասնակիցներն ու հիւրերը: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ողջոյնի ուղերձը ներկայացուց սփիւռքի նախարար Հրանուշ...




















